[ԱԼԻՇԱՆ
ԵՒ
ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ]
Յարգելի
ընկերներ,
Միութիւններ,
միաբանութիւններ,
կուսակցութիւններ
եւ
նոյնիսկ
ազգեր
ունին
իրենց
ուրոյն
կեանքը,
աւանդութիւնները
եւ
սկզբունքները,
որոնց
համեմատ
կը
ճշտուի
իրենց
ուղղութիւնը
եւ
ծնունդ
կ՚առնէ
իրենց
գործը,
բո՛ւն
նպատակը։
Այս
իրենց
կենսունակութիւնն
է։
Բայց
որպէսզի
անոնց
միութիւնը
տեւական
դառնայ
եւ
շօշափական
ամբողջութիւն
մը
ստանայ
անոնց
կեանքը՝
պէտք
ունին
Հոգիի
մը,
Տաղանդի
մը,
որ
իրենց
պատկանած
խմբակցութեան
ամբողջ
իտէալները
իր
անձին
մէջ
խտացնէ
եւ
մարմնացումն
ըլլայ
այդ
բոլորին։
Անգամ
մը
որ
խմբակցութիւն
մը
կրցաւ
ծնանիլ
այդ
Մարդը՝
այլեւս
փրկուած
կրնայ
համարիլ
իր
գոյութիւնը
եւ
տեւականութիւնը։
Տարիներ
ու
դարեր
այդ
Մարդուն
շուրջ
կը
հաւաքուին
բոլոր
հետեւորդ
ուժերը,
բոլոր
հոգիները
ու
անոր
յիշատակէն
կը
քաղեն
իրենց
առաքինութիւնը։
Այդպէս
Մարդեր
եղան
Ալիշան՝
Վենետիկի
Մխիթարեաններուն
համար
եւ
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեան՝
Մուրատ-Ռափայէլեան
սաներուն
համար։
Ալիշանի
ոգիին
մէջ
ամբողջ
Մխիթարեան
առաքելութիւնը
կը
տեսնեմ։
Նոյնիսկ
ինչ
որ
Մխիթարի՝
իրենց
հանճարային
հիմնադրին
մէջ
դեռ
տարտամ
ու
անկատար,
դեռ
ներշնչումի
եւ
ձկտումի
վիճակին
մէջ
էր,
եկած
խտացած
ու
ի
գործ
փոխուած
է
Ալիշանի
մէջ.
ու
ան
եղած
է
հնոցը,
ուր
երկդարեան
միաբանութեան
մը
բոլոր
ներշնչումներն
ու
բաղձանքները,
բոլոր
իտէալներն
ու
ներզօրութիւնը՝
լեցուած
ու
աստուածային
շունչի
մը
տակ
եփած
ու
եռեփուած
է,
ի
յայտ
բերելով
ոսկեղէն
կենսունակութիւն
մը,
Մխիթարեան
Առաքելութեան
թանկագին
յուշարձանը։
Ալիշանի
Ոգիին
մէջ
է
այն
ներուժ
Կեանքը,
որ
սքեմը
գլխուն
քաշած,
աղօթքի
մրմունջը
շրթունքներուն՝
թափառեցաւ
տարիներով
Աւարայրի
դաշտէն՝
մինչեւ
Արարատի
քղանցքները,
Սիսուանէն
Շիրակ,
անընդհատ
խառնելով
նախնեաց
աճիւնները,
անոնց
մտքին
մոխրաթաղ
կայծերը։
Ժողվեց,
սրտի՛ն
վրայ
հաւաքեց
մագաղաթներն,
յիշատակարաններն
ու
արձանագրութիւնները։
Աչքերուն
բոլոր
լոյսն
ու
երիտասարդ
կեանքին
ծաղիկները
թափթփեց
անոնց
վրայ՝
մինչեւ
որ
մէջտեղ
բերաւ
հին
փառայեղ
կեանքի
մը,
ազգի
մը
անցեալ
փառքը։
Ու
ամէն
մէկ
յիշատակարանի,
ամէն
մէկ
աւանդութեան
հաւատաց
ան
սուրբի
մը
հաւատքով,
փոխանակ
գիտունի
մը
սկեպտականութեամբ.
բաւական
էր,
որ
բոլոր
այդ
բաները
ըլլային
գեղեցիկ
ու
բռնկցնէին
հրդեհը
հայրենասիրութեան։
Ան
բանաստեղծ
էր,
որ
գիտութիւն
կ՚ընէր,
ոչ
թէ
միայն
ճշմարտութիւն
մը
քօղազերծելու
միակ
մտահոգութեամբ,
այլ
նաեւ
ա՛զգ
մը
երեւան
բերելու
համար
լոյս
աշխարհքին։
Եւ
միթէ
այս
չէ՞ր
ամբողջ
Ս.
Ղազարի
միաբանութեան
նկարագիրն
ու
խառնուածքը՝
բոլորովին
տարբեր
իր
միւս
Քրոջմէն՝
Վիեննական
միաբանութենէն,
որ
իր
բոլոր
պրպտումներուն
եւ
քննութիւններուն
մէջ՝
ապաստանեցաւ
միմիայն
իր
գիտունի
ակնոցներուն,
առանց
առաջնորդուելու
հայրենասիրութեան
հրդեհէն
ու
դիմելու
ուղղակի
ժողովուրդին
սրտին
ու
հասկացողութեան։
Ալիշան
բանաստեղծ
էր,
որ
գիտութի՜ւն
կ՚ընէր։
Այս
կը
նշանակէ,
թէ
գիտութիւնը
կը
ժողովրդականացնէր։
Իր
թանգարանին,
իր
մագաղաթներու
մատենադարանին
եւ
առհասարակ
հայրենի
բոլոր
աւերակներուն
մէնութեան
վերեւ
կախուած
էր
իր
հսկայական
տաւիղը՝
եւ
ահա
Խորէնացիին
խօսքը
երգի
կը
փոխուէր,
Եղիշէի
աղաղակը՝
դիւցազներգութեան,
Եզնիկի
մտածումը
երեւակայութեան,
Շնորհալիի
աղօթքը՝
օրհներգութեան,
աւերակներու
տրտմութիւնը՝
արցունքի
եւ
անցեալ
նշոյլը՝
հրդեհի։
Այս
տեսակ
հրդեհով
լուսաւորուած
է
մեր
իննսունական
թուականներու
ողբերգութիւնը
ու
դիւցազնութիւնը։
Եւ
ահա
միւս
Ոգին՝
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեան,
Մուրատ-Ռափայէլեան
սաներու
ներշնչումին
ու
ձկտումներուն
միւս
մարմնացումն,
միւս
կատարելութիւնը,
Ալիշանէ՛ն
իսկ
առաջ
յայտնուած։
Ան
Երգիչն
է
Միութեան,
Սիրոյ
եւ
Հայրենիքի։
Ալիշան
աւերակներուն
վրայ
կախեց
իր
տաւիղը։
Պէշիկթաշլեան
կախեց
իրենը
ժողովուրդին
վրայ՝
իբրեւ
երկրորդ
աւերակը
նոյն
ժամանակուան
պառակտուած,
քինացունց
եւ
ստրկացած
հայութեան։
Ո՞չ
ապաքէն
այդ
ստրուկները
դիւցազներու
զաւակներ
էին,
չէ՞ր
կարելի
անոնցմով
ստեղծել
վերածնունդ
հին
ազնուական
արեան,
առաջ
բերել
նոր
ոյժ
եւ
նոր
իտէալներ։
Մուսաները
Այո՝
ըսին,
ու
ան
երգեց։
Տո՛ւր
ինձ
քու
ձեռքդ,
եղբայր
եմք
մեք։
Դեռ
զինքը
տեսնել
կը
կարծեմ,
նիհար
ու
հանճարի
համբոյրէն
տժգունած,
ճակատը
վեր
աստղերուն,
աչքերը
մարգարէի
մը
աչքերուն
պէս
անվերադարձ
տեսլացած,
կը
քալէ
տունէ
տուն,
թատրոնէ
թատրոն,
վարժարանէ
վարժարան,
քնարը
ձեռքին
մէջ
ու
մատները
անոր
լարերուն
վրայ.
Տո՛ւր
ինձ
քու
ձեռքդ,
եղբայր
եմք
մեք։
Տեղ
մը
կ՚ուսուցանէ
հայկազեան
լեզուն,
իր
մոգական
մատներովը
անոր
գոհարատուփը
կը
բանայ
իր
սաներուն
առջեւ,
եւ
ահա
նախապէս
մեր
Լեզուն
իսկ
ծաղրող
Սրբուհի
Տիւսաբներ՝
իր
մագնիսականութեան
ազդեցութեամբ,
նոյն
այդ
լեզուով
գրականութիւն
կ՚ընեն,
մատեաններ
կ՚երկասիրեն։
Տեղ
մը
միութիւն
քարոզող
մարգարէն
է.
ազգին
մեծութիւնները
պատմող
եւ
անցեալի
դիւցազնութիւններով՝
ներկայի
սրտերը
տաքցնող,
իրար
մօտեցնող,
մէկ
զգացումի
լարով
շաղկապող
եւ
միակ
բոցով
մը
զանոնք
իրարու
հետ
մէկ
հնոցի
մէջ
հալող,
շաղուող
գերահզօր
Ոգին
է
Ան։
Ուրիշ
տեղ
մը
զայն
կը
տեսնենք
բեմին
վրայ,
իր
սեփական
ճիգերովն
ու
ձեռքերովը
կանգնուած
բեմի՛ն։
Առաւօտը
թատերգութիւններ
կը
գրէ
եւ
երեկոյին
ինք
անձամբ
կը
խաղայ
զանոնք՝
իր
հաւաքած
ու
ղեկավարած
խումբին
հետ։
Ին՜չ
փոյթ,
թէ
ձայնի
ամէն
մէկ
ելեւէջին,
յուզման
ամէն
մէկ
պոռթկումին
մէջ,
հոն,
վճարող
ու
ծափահարող
հասարակութեան
մը
առջեւ
բանաստեղծը
կաթիլ
կաթիլ
կը
ծիւրի,
հոգւոյն
կրակը
կը
շիջանի։
Ան
անտրտունջ
եւ
հեզահամբոյր
է
Երկինքէն
իրեն
պարտադրուած
ճակատագրին
առջեւ,
բաւական
է,
որ
բեմին
վրայ
կատարուող
յուզիչ
ու
կրթիչ
ողբերգութիւններուն
ի
տես՝
հասարակութիւնը
ազնուանայ,
կապուի
ազգային
Ամբողջականութեան
մը
մեծ
իտէալին
հետ.
հաւատքը
ունենայ
հայկական
հանճարներու
իրականութեան
վրայ,
ու
բոլոր
քինայոյզ
աչքերը,
ու
բոլոր
չարակամ
ձեռքերը
միահաղոյն
մէկ
տեսարանի
ուղղուին,
միահաղոյն
մէկ
Առաքինութեան
ծափահարեն.
Տո՛ւր
ինձ
քու
ձեռքդ,
եղբայր
եմք
մեք։
Մեծ
բանաստեղծը
չբաւականացաւ
իր
անջատ
անջատ
ճիգերով,
այժմ
պէտք
էր
համադրել
ցանած
սերմերը
եւ
տալ
անոնց
դրական
հողի
վրայ
կենդանի
ուռճացում
եւ
ահա
խելայեղօրէն
փարեցաւ
ան
Համազգեացի
հաստատութեան։
Համազգեա՜ցը,
սա
իր
տենչանքներուն
տենչանքն
էր,
իր
ամենէն
աւելի
գգուած
նպատակը։
Մէկ
Միութեան
մէջ
տեսնել
բոլոր
հատուածները
եղբայրացած,
ընդմիշտ
առաթուր
կոխկրտուած
շահագէտ
ձեռքերով
ցանուած
որոմը,
տեսնել
ամէնքը
մէկ
իտէալի
օճախին
շուրջ
հաւաքած,
անոր
բոցովը
տաքացած
ու
խանդավառուած,
ասիկա
ամբողջ
մարմնացած
Երազը
եղաւ
մեծ
բանաստեղծին.
ու
այլեւս
համազգեացի
Ոգին
էր
ան,
մագնիսաձոյլ
կոթողն
էր,
որ
իրեն
կը
ձգէր
բոլոր
անդամները
եւ
յետոյ
բոլոր
վարանողներն
ու
երկբայողները,
ու
ինչ
որ
ինք
իր
հմայքովը
կը
շահէր,
այդ
ապահովուած
շահն
էր
նոյն
ինքն
համազգեացին,
կամ
ուրիշ
բառով
Համազգային
Միութեան։
Եւ
յետոյ
իր
քնա՜րը,
—
ո՞վ
պիտի
կրնայ
պատմել
ա՛յն
անկեղծ
շունչը,
որ
տաքցուց
ու
էլեկտրացուց
անոր
լարերը։
Իր
ամէն
մէկ
քերթուածը
Սէր
բուրեց,
ամէն
մէկ
ոտանաւորը
տրտմաթախիծ
նոճիի
մը
սլացիկ
մէնութիւնը
ունեցաւ,
որուն
կատարը
ամենէն
առաջ
կը
բռնկի
արշալոյսին
առաջին
բոցերէն։
Ես
կը
լռեմ
ու
կը
խոնարհիմ
իր
քնարին
լոյսին
առջեւ։
Դարձեալ
այդ
տեսակ
լոյսով
ջահավառուած
է
մեր
90-ական
թուականներու
գործիչներուն
սիրտը։
Ալիշա՜ն,
Պէշիկթաշլեա՜ն,
երկու
մեծ
Համադրութիւններ
Մխիթարեան
Առաքելութեան,
մին
կղերական
Միաբանութեան
միւսը
աշխարհական
Միութեան
մէջ։
Զո՛յգ
խորհրդանիշեր՝
համազո՛յգ
ուղղութիւններու։
Մէկուն
Ոգին,
արծուի
թեւերով
Ս.
Ղազարէն,
միւսին
Ոգին
աղաւնիի
թռիչներով
Միջագիւղէն
ճամբայ
ելան
դէպի
մայրենի
Երկիրը,
հոն
մարտիրոսուած
ժողովուրդի
մը
ալեկոծ
ովկիանին
վրայ
զիրար
գտան,
ճանչցան
ու
համբուրուեցան։
Մերթ
թառած
հայրենի
կտուրի
մը
վրայ,
աւերակներու
լուռ
հպարտութիւնը
սորվեցուցին
մեզի,
կամ
թեւամփոփ
Մասիսի
կատարին,
հսկայական
լերան
միարմատ,
համաձոյլ,
սլացիկ
եւ
միաւոր
Ամբողջականութիւնը
երգեցին
մեզի։
Իրենց
այդ
ե՜րգն
էր
հայուն
փրկութիւնը։
Դեռ
այսօր
—
եւ
ընդմի՜շտ
—
ճառագայթ
մը
կայ,
որ
երկուքին
գերեզմանները,
մէկ
մէկէ
օրերով
հեռու,
իրարու
հետ
կը
զօդէ,
դեռ
շունչ
մը
կայ,
որ
միակ
թափահարումով
երկուքին
աճիւնները
կը
սրսփացնէ,
դեռ
աղաղակ
մը
կայ,
որ
անոնց
ոսկրոտիքէն
կը
բարձրանայ
եւ
կը
ծեծէ
մեր
քնաթաթախ
հոգիները։
Մենք
շատ
բան
ունինք
սորվելու
այդ
գերեզմաններէն,
մենք
Մուրատ-Ռափայէլեան
սաներ,
եւ
դուք՝
Ս.
Ղազարի
Միաբանութիւն։
Իրենց
Առաքելութիւնը
ուխտուածնե՜ր
կ՚ուզէ
մեզմէ…