Յօդուածներ եւ ելոյթներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ՓԱՅԼԱԿ»ՆԱՑԱՅՏ ՀԱՑԿԵՐՈՅԹ ՄԸ
Երգիծաբանութեան իրաւունքով

[Անիկոյի] մէջ, մեր նախընթաց մեծ պտոյտին, ճաշի սեղանին շուրջն էինք. կերակուրը գալու ուշացաւ։ Եղբայր Ալեքսիսի հետ կը խօսակցէի. կ՚ենթադրուի եղբօր հետ խօսակցութիւն մը միայն ինչ բանի վրայ կրնայ ըլլար՝ բանաստեղծութեան։

Մեր զգացման սրտերը իրարու կը բանայինք, այն աստիճան, որ մեզ տեսնողը պիտի կարծէր, թէ սիրաբանութեան մէջ ենք։ Ան մերթ յանպատրաստիցս ոտանաւորներ կ՚ըսէր ինծի.

Կերակուրը կ՚ուշանայ։

Խօսակցութիւնը բանաստեղծութենէն անօթութեան անցաւ, անզգալի քայլով, արդէն մեր մէջ բանաստեղծութեան եւ անօթութեան հոմանիշին (ականջը խօսի Գարեգինին եւ… եւ… Դանիէլին, բայց այս վերջին այնչափ [1 անընթ. ] է բանաստեղծութեան, որ ոչ ապագային վախը եւ ոչ անուղղակի քննադատութիւնները կը յուսահատեցնեն կոր զինքը, այդ երկաթին ամէն խարտոց չի բաներ)

Շեղեցանք խնդրէն…

Խօսակցութիւնը բանաստեղծութենէն անօթութեան անցաւ, երբ լսեցի եղբօր մէկ աղեխարշ ոտանաւորը, որ կ՚ըսէր.

Ճըմուռը կը ճըռճըռայ,

Փորիկըս կը կըռկռայ,

Խամպեկոֆ աղա

Պար բըռնէ, խաղա…

Չեմ գիտէր, թէ Խամպեկոֆը պարը բռնեց, թէ չբռնեց, երբ սեղանին սարսափելի գոչիւններ լսեցի՝ Փայլակ, Փայլա՜կ… Վերցուցի գլուխս. երկինքը պայծառ էր։ Ամպը մեր տղոց դէմքերուն եւ փայլակը անոնց շրթունքներուն վերայ կը պտտէր, հասկցայ, բայց երբ տղայոց դէմքերը եւ մանաւանդ մեր տղայոց ՝ ամպոտ եւ փայլակնոտ են, մի՛ դողացէք, վախէք անոր համար, որ իրենց ամպը… առանց անձրեւի կ՚անցնի, եւ փայլակը… առանց կայծակի։

«Փայլակ»ը, այո՛, կը դատափետէին զայն, թէ այսինչ գոյնով փայլեցաւ, թէ այնինչ կողմը յառած էր իր աչքը, թէ իր կայծակը այսինչ հորիզոնին ուղղուած էր։

Օրհնած «Փայլակ», իրաւցնէ մազէդ մինչեւ ոտքդ երանելի ես, յարուցած շանթդ բաւական փորձանք բերաւ գլխուդ։

Վախցածի պէս շրթունքներդ մի կախեր խօսքերս քեզի ուղղելուս, ինչպէս Ազոլոյի մանուկները, մի վախեր, ես ալ զքեզ պիտի չդատափետեմ վասնզի ոչ քու արձակած շանթդ հրապարակի Ապողոնի մը շանթին կը նմանի եւ ոչ իմ շանթարգելս ազոլոցիի մը գլխարկին (սիրուն ուսերնիդ մի թօթուեր)։

Ողորմելի մարդ (կամ ըսեմ մարդկեղէն փայլակ)։ Առջի յօդուածդ չտպեցին, երկրորդին վրայ մրմռացին եւ դեռ կը փալփլիս, այդ գործովդ կատարեալ Տօնքիշոտ մը կը ներկայանայ ինծի «Եղի»ի դաշտին մէջ հասկերու հետ պատերազմելով. քեզի խոհեմութիւնը կը պակսի այդ հասկերը դեռ հասունցած չեն… այսինքն մեր տղոց ուղեղները (ազնւութեան մէջ)…

Ե՞ս, ես կ՚ընդունիմ, թէ ըսածներդ ճշմարիտ են եւ ուժով, կը հասկնաս, ուժո՛վ, եւ այդ ուժովը թեթեւ քօղի տակ փաթթուած։ Ահա թէ ի՛նչ է վիրաւորողը. զօրաւոր խօսքին զօրաւոր ոճ պէտք է հագցնել, այն ատեն ընթերցողին միտքը պիտի ճնշէ եւ ան զինաթափ պիտի ըլլայ ճշմարտութեան վրայ ըմբոստանալու։

Օրինակով բացատրեմ.

Երբ երկաթի պզտիկ զանգուած մը սիկարի թուղթի մէջ փաթած նետէք մէկին, կը վիրաւորէ եւ երբ շատ մը լաթերու մէջ պլլուի, ազդեցութիւնն անվնաս կ՚անցնի մէջտեղէն։

Ուրիշ օրինակ մը։

Մարմարեանը իր սովորական հաստկեկ զգեստներուն մէջ ասպետական է եւ զայն դիտելը ախորժելի, բայց ննջարանին մէջ՝ այնքան օրիորդաբան գիշերնոցը հագած, երբ կը քալէ, նազելի կը թուի՞ Ձեզի։

Վերջապէս, ո՛վ Փայլակ. արձակած շանթդ ուղղապէս նեխած վէրքերու դպեր է, վասնզի շատեր, սեղանին վրայ այնքա՜ն ցաւէն կսկծելիօրէն կը ճուային, որ փիլաւը բերաններնէն կը թափթփէր։ Եւ ձայնը, որ անոնցմէ կ՚ելլար, աւելի սրտի, քան թէ մտքի առնուածի մը կանչն էր, եւ երբ մէկը, բերանը արդէն ծակ աչքի պատառով մը խթուած կանչւռտէ… բարձր «tono»եով գիտէ՞ք հնչումին ալիքը ինչ կը դառնայ, ճիշտ Բեռնայեանի մը ձեւակերպած «pronto»ն։

Այս տեսարանը գեղեցիկ էր «Փայլակի» ցոլքովը դուսցաթկած… ես կը զուարճանամ եւ կը հրաւիրեմ (առանց կոտրտուքով), որ գան շատ մը սնամէջ թմբկահարներն ալ, թմպուկ, զոր Ստեփանին միշտ կը զարնէ, որ գան իրենք ալ ինծի հետ զուարճանան (այս տողերս ոչ նիւթականով, այլ ազնիւ գաղափարականով պատեցէք եւ պիտի հասկնաք կը քաջալերեմ «Փայլակը», բայց մի անգամ կ՚անդրադարձնեմ սկիզբն շեշտած կէտիս ուշադրութիւն իր ճշմարտութեան մէջ, գօտեպինդ թող կենայ, (զոր ուրիշ յօդուածով մանրամասն կրնամ ցցնել, եթէ ուզուի) եւ հոգը իսկ թող չըլլայ, թէ դատափետեալներէ կը դատափետուի, ան՝ թերթին ընթերցման մասին մղոն տուաւ «Եղին» ծափահարցնել տալով այդ «Փայլակ»նացայտ հացկերոյթին գինիներու մէջ։

Մենք շատ անգամ, շատ բաներուն մէջ ճշմարտութեան առջեւ կոյր ձեւացած ենք (ձեւակերպութեան մէջ ո՞վ կը հասնի մեզի) վասնզի կեղծիքը մեր Կամախին ամենօրեայ իւղոտ շապիկին պէս այնքան պինդ մեր կռնակին փակեր է։

Այս՝ այս է…

Այլեւս՝ լուրջ…