ԳԱՂԱՓԱՐԻ
ԱՍՊԵՏԸ
Քիյար
մարդկութեան
Սրտին
մէկ
բաբախիւնն
է։
Ան
քաղաքականութեան
այն
յառաջամարտիկներէն
եղաւ,
որոնք
իրենց
ամբողջ
կեանքը
կու
տան՝
ոեւէ
ազգ
կամ
անհատ,
որ
ազդակ
կը
կրնայ
ըլլալ
մարդկային
յառաջադիմութեան,
կործանիչ
տարրերէն
ազատագրելու
համար։
Իր
կեանքը,
բնական
իրաւակարգով
մը
անշուշտ,
կապուեցաւ
մեր
տառապանքին
ու
մեր
պայքարին
հետ,
ու
այսօր
իր
մահուամբը՝
մենք
մեր
ապագայ
Պանթէոնի
մէջ
անմահութիւն
մը
եւս
վաստակեցաք։
Մեծերը
միայն
կը
սիրեն
մեծ
վիշտերը,
ու
Պայրըն
սիրեց
Ելլադան,
Քիյար
սիրեց
Հայաստանը,
միակ
վէրքը
գուցէ՝
երկրագունտիս
կուրծքին
վրայ
պեղուած։
Ան
սիրեց
հայ
Ցեղը
իր
դարաւոր
հաւատքին
համար,
հայ
ժողովուրդը՝
իր
զոհաբերումին
համար,
հայ
Միտքը՝
իր
ստեղծագործութեան
համար։
Ան,
մերինէն
աւելի
զօրաւոր
հաւատքով
մը
կարծես,
հաւատաց
մեր
Ապագային,
որ
պիտի
գար
օր
մը
իր
յաղթանակով
արշալուսելու
նահատակներուն
աճիւններէն
սկսեալ՝
մինչեւ
կատարները
քաջերու
Գողգոթային։
Քիյար
ծնած
էր
ֆրանսացի
եւ
ապրած
էր
Մարդկութեան
համար.
մանրանկարն
էր
այն
նոյն
ինքն
Ֆրանսային,
որ
իր
Մեծ
յեղափոխութիւնը,
միլիոնաւոր
զաւակներուն
արիւնովը
դիեցուցած,
նուիրեց
Աշխարհին.
նուիրեց
ինքզինքը
իր
լեզուով,
իր
գրականութեամբ
եւ
համամարդկային
երջանկութեան
իր
երկունքով։
Քիյար
ծառայեց
ազգի
մը,
զոր
ուրիշներ
զգետնեցին,
որուն
լեղի
ու
քացախ
մատռուակեցին։
Յիմա՜ր
պիտի
կոչէին
շատեր,
Վե՜հ
պիտի
կոչէին
ուրիշներ
անոր,
որ
սպասարկեց
Խաչելութեան
մը։
Եւ
ո՞չ
ապաքէն
նախ
այդ
Խաչելութեան
ճակտին
կը
ցաթէր
ֆրանսական
փարոսին
իւրաքանչիւր
ճառագայթ,
անդրադարձուելու
համար
յետոյ,
դժնդակ
զոհաբերումով,
օսմանեան
երկրին
խաւար
խորքերը՝
մինչեւ
ծայրը
դահիճներու
սուրին…
Խորհիլ,
գրել,
գործել,
պայքարիլ
լքուած
Ժողովուրդի
մը
համար.
ահա՛
քսաներորդ
դարու
ասպետականութիւնը՝
որ
կու
գար
խթանել
Եւրոպայի
խիղճը,
բանալ
Քաղաքակրթութեան
աչքերը,
արթնցնել
մարդկային
Միտքը,
զոր
կը
սպաննէին
հայ
ժողովուրդին
մէջ
իսկ,
եւ
այսպէսով
կը
կուրցնէին
համաշխարհային
ըղեղին
մէկ
զօրաւոր
բջիջը։
Այսօր
այդ
գաղափարի
Ասպետը
ոչ
եւս
է։
Իր
կեանքը
մեզի
տրուեցաւ,
եւ
իր
մահը՝
Ֆրանսային.
գերագոյն
նուէր.
եւ
որքա՜ն
պիտի
ուզէինք
դեռ
ունենալ
իր
լուսահորդ
աճիւնն
ալ
մեր
մեծ
զոհերուն
աճիւններուն
քովը,
արիւնով
արշալուսուած
մեր
մայրենի
հողին
մէջ։
Բուռ
մը
ծաղի՜կ
իր
շիրիմին
վրայ՝
մեր
քաջերուն
կողմէ,
որոնց
սուրերուն
ան
հաւատաց
եւ
որոնց
համար
հայութիւնը
անգամ
մը
եւս
ան
սիրեց։
Բուռ
մը
կնդրո՜ւկ
իր
ճակատին
վրայ
մեր
պարմաններուն
կողմէ,
որոնց
առջեւ
ան
երկար
տարիներ
իր
սրտին
ու
մտքին
ոսկետուփը
բացաւ։
Բուռ
մը
արցո՜ւնք
իր
սրտին
վրայ՝
մեր
մայրերուն
կողմէ,
որոնց
սուգին
ի
խնդիր՝
ան
իր
անկաշառ
գրիչը
մխրճեց
քնացած
խղճի՛ն
մէջ
Մարդկութեան։
Ու
երբ
վաղը,
յանուն
մեր
կրանիթէ
հաւատքին,
բարձրացնենք
մեր
յաղթանակին
լեռնակուտակ
մարմարները՝
Փիէր
Քիյարի
արձանին
վրայ
հայ
ազգը
ոսկի
մուրճով
պիտի
քանդակէ։
«Ահա
ֆրանսացի
մը,
որ
հայութեան
ծառայեց՝
քաղաքակրթութիւնը
փրկելու
համար»։