Յօդուածներ եւ ելոյթներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

[ՀԱՐԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐԸ]

Հայրենակիցնե՛ր,

Երեսփոխանական ժողովը, եթէ լիովին ըմբռնած է իր պարտականութիւնը, զոր ժողովուրդը իր վրայ կը դնէ, այսօր երկու անհրաժեշտութիւն կը ներկայանայ իր առջեւ, որոնց ձեռնարկելու համար պէտք է անվերապահ ազատամտութիւն եւ հայրենիքի սէր։

Առաջին պահանջն է քարուքանդ ընել բոլոր հին րեժիմի մնացորդները, բոլոր աւատական այն դրութիւնը, որուն արմատները դեռ մինչեւ այսօր չեն դադրած ժողովուրդին սրտին արեան մէջ իրենց սնունդը ծծելէ։

Երկրորդ գործն է այդ աւերակներուն տեղ սկսիլ կանգնել արդարութեան եւ ընկերական բարօրութեան սկզբունքներուն հոյակապ շէնքը։ Առաջինը՝ որքան զգուշութիւն եւ ճապուկ եւ միանգամայն աննուաճ կամք մը կը պահանջէ, երկրորդը պէտք ունի ազատամտութեան եւ ձեռներէցութեան։

Վերաշինութեան շրջանի մը մէջ ենք։ Մինչեւ ցարդ բռնակալ կառավարութիւն մը կար, որ մերը չէր, մեզի հետ չէր, այլ մենք իրեն համար էինք. քանի մը միլիոնաւոր ժողովուրդը քանի մը հազար պորտաբոյծ պաշտօնեաներու համար էր միայն։ Մէկ մարդ լոկ ազատ էր, կամ քանի մը մարդիկներ։ Հայրենիքը պետութեան կը ծառայէր, եւ պետութիւնը՝ իր գրպանին։ Սակայն ինչ որ երէկ բռնակալ կառավարութիւն մըն էր՝ այսօր տէրութիւն մըն է, որուն մէջ անհատը իր ազատութիւնը ձեռք կը բերէ, ուրկէ կը բխին բոլոր միւս ազատութիւնները, թէ՛ քաղաքայնական եւ թէ՛ ընկերական։ Տէրութիւն մը առաւել, կամ նուազ ժողովուրդին ձայներուն ներդաշնակութիւնն է։ Իր կարգադիր պաշտօնին մէջ իրմէ կը պահանջուի գործադրել առանց կամայականութեան բոլոր օրէնքները, զոր ժողովուրդ ինքը տուած է՝ քաղելով իր իսկ սովորութիւններէն, հոգեբանութենէն եւ պահանջներէն։ Միայն այս շաւղով տէրութիւն մը կը մտնէ իր իսկական իմաստին մէջ, կ՚ըլլայ մարդկային, ընկերական բնազդներէն ծնունդ առած եւ անոր յառաջդիմութեան ձկտումներուն ծառայող կազմակերպութիւն մը. դեռ աւելին կը պահանջուի իրմէ. չի բաւեր ընկերութեան մէջ գոյութիւն ունեցած իրաւունքներն եւ արդարութիւնը ոտնձգութիւններու դէմ պաշտպանել, այլ նոյնիսկ ջանալ արդարութիւնը մտցնել ընկերութեան խաւերուն եւ անիրաւուած դասակարգերուն մէջ։ Տէրութիւնն ալ իր յեղաշրջումները ունի համեմատ այն քաղաքացիներուն զարգացման, որոնցմէ իր գոյութիւնն ստացաւ։ Մշտապէս պահպանողական տէրութիւն մը ուրիշ բռնակալութիւն մը պիտի ըլլար, զոր յեղափոխութիւն մը անկարելի է, որ չգայ տապալիլ։ Յարատեւ վերածնող տէրութիւն մը լոկ կրնայ իր քաղաքացիներու հետ քալել, որուն հետ միասին անհատը կրնայ առանց վնասուելու յարաբերութեան մէջ մտնել եւ յանձնել անոր ձեռքը իր անձին եւ իրաւունքներուն պահպանութիւնը։

Հարկատւութիւնը մէկն է եւ ամենակարեւորն է այն պարագաներէն, վիճակներէն, որով անհատը տէրութեան հետ յարաբերութեան մէջ կը մտնէ։ Տէրութեան օրինաւոր գոյութիւնը միայն հարկատուութեան օրինաւորութիւնը կարդարացնէ։ Անհատը իր աշխատութեան արդունքին մէկ մասը կառավարութեան տալով՝ պէտք է հաստատ երաշխիքը ունենայ, թէ ինք կու գայ հասարակաց բարիքին օժանդակելու, կու գայ ծառայելու հայրենիքին պաշտպանութեան, անդորրութեան եւ յառաջդիմութեան համար, որոնցմէ կամ իր նիւթական շահը կախում ունի եւ կամ իր հայրենասէրի, ընկերասէրի զգացումները կը սնանին եւ յագուրդ կ՚առնին։ Սխալ է կարծել, թէ ուղղակի մեր տուրքին փոխարէն, իր անձնական շահուն համար է, որ տուրք [կու տայ] անհատը։ Այսպէս խորհիլը հարկատուութիւնը կը վերածէ բոլորովին ենթակայական [դրութեան]։ Տէրութիւնը ընկերութեան ամբողջութեանը միայն պարտական է. անհատը այդ ամբողջութեան մէկ մասնիկը ըլլալով՝ անոր հետ է, որ կ՚օգտուի կամ անոր հետ կը վնասուի եւ մերթ կրնայ ըլլայ, որ իր շահը ընկերութեան շահերին ներդաշնակուի այսինչ կէտին մէջ եւ մէկ ուրիշ կէտին մէջ անկէ հեռանայ եւ չէզոքանայ։ Օրինակով մը բացատրինք մտքերնիս։ Ամուրի անձ մը ի՞նչ անձնական շահ կրնայ ունենալ կրթական հաստատութիւններէն, որոնց տէրութեան տուրքերէն մաս մը կը յատկացնէ եւ կամ յատուկ այդ նպատակով տուրք կը դնէ։ Իհարկէ ոչ մէկ շահ, քանի որ սոյն ամուրին զաւակ չունի, որպէսզի օգտուի այդ հաստատութիւններէն։ Բայց այս բնաւ պատճառ մը չկրնար ըլլար ամուրիները սոյն տեսակ հարկերէն զերծ ընելու։ Ընկերութեան ընդհանուր շահը բաւական է, որպէսզի ամէն անհատ իրեն կարողութեան համեմատ ենթարկուի հարկային օրէնքին։ Տուրքը տէրութեան եկամուտներուն ամենագլխաւոր աղբիւրը կարելի է նկատել, այն միջասիւնը, որուն վրայ իր գոյութիւնը կանգուն կը մնայ։ Իր միւս հարստութիւնները ասոր միջով կ՚արդիւնաբերեն։ Իւրաքանչիւր անհատի քով պահցու դրուած դրամագլուխ մըն է տուրքը, որ այնքան կը բազմապատկուի, որքան անհատը կը հարստանայ։ Տէրութիւնը զայն որոշ ժամանակներու մէջ կը հաւաքէ եւ անոր մէկ մասը կը դարձնէ միջոց մը արդիւնաբերել կարենալու համար իր միւս քնացող հարստութիւնները՝ ինչպէս օրինակի համար հանքերը, անտառները, իր շէն կալուածները կամ երկաթուղիները եւ այլն։

Գալով տէրութեան պաշտօնին՝ անոր կիրարկումը անհրաժեշտ կը դարձնէ հարկահաւաքումը, եթէ այդ պաշտօնը ոչ ոքի կը վնասէ, ո՛չ մէկ մասնաւոր ազգութեան կամ դասակարգի շահերուն կը ծառայէ կամ անհատներուն անձնական ազատութիւնը կը բռնաբարէ, այլ այդ պաշտօնը կը կայանայ լոկ կարգաւորելու քաղաքացիներուն արարքները, ներդաշնակելու իրարու հանդէպ ունեցած պարտականութիւնները եւ իրաւունքները։ Տէրութիւն մը կրնայ նոյնիսկ բարեգործական հաստատութիւններ կանգնել, դպրոցներ բանալ կամ գիտական, գեղարուեստական աշխատանքներ քաջալերել. այս բոլորին համար մէն մի անհատի աջակցութիւնը անհրաժեշտ է իրեն։ Բայց այն օրէն, որ տէրութիւնը կը սկսի այս կամ այն կարծիքներուն պաշտպան կանգնիլ, այս կամ [այն] հաւատալիքներուն նեցուկ ըլլալ, այս կամ այն ազգին կամ դասակարգին շահերը գերադասել՝ այն օրէն կը դադարի իր պաշտօնին օրինաւոր գործածումէն ու կը բռնաբարէ, թէպէտեւ անուղղակի կերպով, անհատական ազատութիւնները։ Իհարկէ, անհատը պատասխանատու չէ իր տուած տուրքին ի վնաս կիրարկման։ Բայց ըմբոստեցուցիչ է տեսնել, որ իր ըրած օժանդակութիւնը զէնք կ՚ըլլայ նոյն իր կարծիքներուն եւ դաւանանքներուն դէմ, կամ կը քաջալերուին այնպիսի վարդապետութիւններ, որ անհատի քարոզածներուն հակառակ է։ Մէկ խօսքով, տէրութիւնը այս ոճով կու գայ բռնաբարիլ անհատական ազատութիւնը, թէպէտեւ անուղղակի կերպով. վասնզի իր պաշտօնն ըլլալով լոկ վարել կեանքին արտաքին գործառութիւնները, ան իրաւունք չունի մտնել այնպիսի շաւղի մը մէջ, որ բացարձակապէս բարոյական է եւ շիտակ, կը ձգուի մտածման եւ խղճի ազատութեան անձեռնամխելի խորանը։

Այսպէս, ընդհանուր տեսակէտով համառօտակի խօսելէ վերջ հարկատուութեան վրայ, անցնինք անոր տրուելիք սիստեմին։

Կարելի չէ որոշ կերպով ըսել, թէ մինչեւ ցարդ Թուրքիոյ մէջ հարկային ի՛նչ սիստեմ կը գործածուէր։ Ինչպէս ամբողջ հին րեժիմի կառավարութիւնը՝ տուրքերուն հաւաքումն եւս հոն կամայական էր։ Տէրութեան գանձը արքունի գանձուն հետ մէկ ըլլալով, հարկային թէ՛ դրութիւնը եւ թէ՛ հաւաքման ժամանակը մէկ հատ օրէնք կը ճանչնայ՝ վեհապետին քմահաճոյքը։

Տասանորդը, որ դեռ մեր երկրէ չի վերցաւ, Աստուածապետական դրութիւն մըն է։ Ամենէն առաջ սեմական ժողովուրդին մէջ է, որ ան կը գործածուի։ Մարդը իբրեւ երախտագիտութիւն զայն կը պարտի իր Աստուծւոյն, պէտք էր ան զոհ բերել իր աշխատութեան կամ երկրին պտուղէն կամ կենդանիներէն մաս մը Եհովային շատ անգամ ոչ թէ անոր յարգանք մը ընելու համար միայն, այլ անոր բարկութիւնը իջեցնելու։ Յետոյ կամաց֊կամաց տաճարին ծառայող քահանաներն են, որոնք իրենց իրաւունքը կը դարձնեն տուրքը։ Իսրայէլացին պարտաւոր կը դառնայ երկրին բերքերուն տասներորդ մասը յատկացնել ղեւտացիներուն, որոնք ծառայելով Աստուծոյ՝ ատով միայն կարող կ՚ըլլային ապրիլ։ Այս սովորութիւնը մովսէսականութենէն կ՚անցնի քրիստոնէութեան մէջ։ Եկեղեցականները անոր աստուածային ծագումը կը պնդին եւ զայն կը ջանան դարձնել իրենց մենաշնորհը, թէպէտեւ միջին դարու մէջ աշխարհական իշխանութիւնը եկեղեցականութենէ անկախ ինք իր կարգին կու գայ տասանորդ հաւաքել եւ տասանորդական դրութիւնը կ՚ըլլայ աւատական տնտեսական կեանքին մէկ յատկանիշը։ Արդէն այսչափը բաւական [է] ցոյց տալու, թէ մեր երկիրը ի՛նչ տեսակ հնադարեան եւ բռնապետական սովորութեան մը ներքեւ է, որ մինչեւ ցարդ կը հեծէ, տալով տասներորդ մասը ոչ թէ միայն իր կալուածական բերքերուն, այլ իր ամէն տեսակ անասուններուն, նախիրէն սկսեալ մինչեւ հաւեղէնները։ Մարդ, եթէ աչքի առջեւ բերէ մանաւանդ հա՛յ ընտանիքի մը հատուցած տուրքերուն ամբողջութիւնը, պիտի տեսնայ թէ մէկը այն մոխրասփիւռ ճամբաներէն, ուրկէ սովին ստուերը սովոր է ամէն տարի գալ իր այցելութիւնը ընելու։

Տուրք ամէն տեսակ եկամուտի, տուրք ընտանի անասուններու, տուրք երկրագործական գործիքներու, տուրք բանջարեղէններու, տուրք զինուորական կամ գլխահարկ, տուրք պատերազմի, տուրք սպառման իրերու, որոնց մէկ մասը կը կազմէ հանրային պարտքը։ Այս տուրքերուն հաւաքման եղանակը ամենէն կամայականն է եւ կեղեքիչը։ Բացի կառավարական հարկահաններէն իւրաքանչիւր պեյ, իւրաքանչիւր քիւրտերու ցեղապետ կու գայ իր կարգին հարկ վերցնելու։ Ո՛չ որոշ ժամանակ կայ եւ ո՛չ որոշ չափ։ Կեղեքիչին ախորժակը բաւ է չափը եւ ժամանակը ուզածին պէս որոշելու: Հարկահաններու ոհմակներ, պաշտօնական թէ անպաշտօն, կը մտնեն գիւղը՝ իրենց հետեւորդներովը եւ իրենց ձիերով։ Գիւղացին օրերով ստիպուած է կերակրել այդ մարդիկը իրենց գրաստներով, որոնք չեն քաշուիր երկարաձգել իրենց (séjour)-ը, ծծել ու կողոպտել ուզածնուն պէս եւ աւելցած պարէնը հետերնին տանել իբրեւ տուրք։ Այ՛ն տարին երաշտը փծացո՞ւց ցանքդ, հիւանդութիւնը սպաննեց քանի մը ոչխարներդ, տաշտդ պարա՞պ եւ ախոռդ ցո՞ւրտ է. ի՜նչ հոգ անոնց համար, պէտք ես վճարել կառավարութեան հարկը, իբրեւ փոխարէն երեւակայել պարտքիդ՝ կարասիներդ, խոհանոցին կահերը կը գրաւին կը տանին, հրաշալի՜ հարստութիւն արքունի գանձուն։

Մեր ժողովուրդին մէկ ուրիշ վէրք մ՚ալ չվարձատրուած աշխատութիւններու (corvée) ենթարկուիլն է, գոնէ մինչեւ այս օրս։ Աւատական ուրիշ դրութիւն մըն ալ այն է։

Գիւղացին պարտական է, մերթ ամբողջ ընտանիքովը երթալ աշխատիլ յօգուտ գիւղին պեյին կամ աղային։ Աւելի հրէշայինը կայ. երբեմն ամբողջ գիւղը ստիպուած է սայլերով, ձիերով եւ առաջնորդներովն աշխատելու առանց ոեւէ փոխարինութեան կառավարական եւ հանրային շինութեան մը համար։ Օրինակի համար Պաղտատի երկաթուղւոյն ճամբան, որ գրեթէ այս միջոցով կառուցուած է։ Կամ ձրիաբար եւ բռնի տեղափոխուող զինուորներու ջոկատներուն տրամադրութեան ներքեւ դնել գրաստներ եւ կառքեր փոխադրելու համար անոնց պայուսակները, զէնքերը եւ պարէնը։

Մենք հոս զանց կ՚առնինք թուիլ դեռ միւս բոլոր մանր մունր տուրքերը, որոնք սահմանուած են արդէն հիւծած ժողովուրդի մը երակին վերջին շիթը քամելու։

Այս ամէն կը փաթթենք հին րեժիմին վիզը եւ յոյսով ենք, որ անոր հետ անիծուած՝ պիտի կամենայ դեռ երկար ատեն ճիրանները մխած բռնիլ թշուառ ժողովուրդին լեարդին վրայ եւ պիտի իջնէ անցեալին վիհը, տեղի տալով աւելի արդար, խելացի եւ որոշ հարկային սիստեմի։ Մենք մինչ ցարդ տարբեր ազգերու մէջ կիրարկուած սիստեմներէն կը վերցնենք «աճուն տուրքը» «impôt progressif», զոր… եւս կը թուիլ ամենէն արդարը եւ խելացին։

Հարկին վրայ մեր ըրած այս ընդհանուր տեսութիւնը կը մասնաւորենք եւ կը սկսենք բացատրել «աճուն տուրքը» եկամուտի եւ ժառանգութեան։

Նախ ըսենք, թէ այն սիստեմը, զոր «աճուն տուրքին» հակառակ կը հանին եւ որոնց մէջէն պէտք է ընել ընտրութիւնը՝ է համեմատական տուրքը (impôt proportionnel)։

Այս տուրքը քաղաքացիներուն եկամուտէն միշտ նոյն (quote-part*)-ը կը վերցնէ՝ համեմատաբար եկամուտին քանակին։ Բաժանողը միշտ նոյնը կը մնայ եւ կը փոխուի միայն բաժանելին. օրինակի համար՝ տուրքը նկատելով եկամուտին տասներորդը՝ այն որ 300 ֆրանք եկամուտ ունի, պէտք է վճարէ 30 ֆրանք, 500 ունեցողը՝ 50, 1000 ֆրանք ունեցողը՝ 100, 10000 ունեցողը՝ 1000 եւ այսպէս յաջորդաբար հաստատուն պահելով միշտ (quote-part)-ը, որ 10%-է։ Այս դրութիւնը առջի հայեացքով արդար կը թուի՝ թէպէտեւ ուշադրութեամբ խորհրդածելով կը տեսնինք, թէ անիկա հեռու է ընկերութեան մէջ հաւասարութիւնը եւ արդարութիւնը իրագործելէ։ Համեմատական տուրքը ուրիշ բան չըներ, բայց եթէ միեւնոյն զոհողութիւնը պահանջել աղքատէն եւ հարուստէն հաւասարապէս՝ մինչդեռ հարուստը պիտի կրնար եւ պարտական էր՝ դեռ աւելին օժանդակել ընկերութեան բարօրութեան համար, իսկ աղքատը միեւնոյն օժանդակութիւնն է, որ կ՚ընէ՝ համեմատութեամբ այնպիսի եկամուտի մը, որ արդէն առանց այդ զոհողութեան ալ իր տարրական պէտքերուն իսկ չի բաւեր։ 300 ֆրանք փոքրիկ եկամուտի մ՚ունեցողին համար 30 ֆրանք զոհողութիւն խիստ զգալի կը դառնայ, երբ այդ 300-ը լոկ կարելի է սահմանել անհրաժեշտ պէտքերու։ Մինչդեռ տուրքը հարկ է տալ մեր ունեցած աւելորդովը։ «Ողորմութիւն ըրէք ձեր աւելորդովը» կ՚ըսէ Քրիստոս։ Բայց աւելորդը շատ ենթակայական եւ կամայական նշանակութիւն ունի։ Պիտի առարկին մեզ։ Ճիշտ է այդ, բայց մասամբ. ո՞վ միթէ պիտի համարձակի աւելորդ չնկատել բոլոր այն փափաքներու գոհացումը, զոր սոսկ երեւակայութիւնը կը ծնանի բաղդատմամբ այն անհրաժեշտ պէտքերուն, զոր մեր կեանքի գոյութեան եւ պաշտպանման օրէնքը կը պահանջէ։ Ցուրտէ եւ մերկութենէ պատսպարուելու համար համեստ հագուստի մը եւ զարդարուն հագուստին միջեւ միշտ աւելորդ բան մը կայ, ո՜ւր մնաց, եթէ այդ հագուստը սէթեւեթեալ է, եւ սէթեւեթը այդ չի դադրիր այսօր մեր քաղաքակրթութեան սնափառութիւնը սնուցանելու։ Գեղարուեստ կայ ատոր մէջ՝ պիտի ըսէք ի՛նչ ծաղր, հելլէն կինը զորօրինակ իր պարզ պատմուճանին մէջ աւելի գեղարուեստակա՞ն էր, թէ մեր պճնուհիները իրենց պաճուճապատանքի մեհեւանդներուն մէջ, եւ ճշմարիտ գեղարուեստը մեր օրերուն մէջ պէտք է նկատել վերադարձ մը դէպի յոյնները եւ դէպի Բնութիւն։

Հեռուները չերթանք։

Համեմատական տուրքը աղքատ ընտանիքի մը համար աւելի անտանելի կ՚ըլլայ, երբ նկատի առնինք մանաւանդ սպառողական իրերու վրայ դրուած հարկերն եւս։ Այս հարկերը՝ հաստատուած ուտելիքներու կամ օրական կեանքի պէտքերուն վրայ, աղքատի կեանքը բոլորովին կը դժուարացնեն, մանաւանդ, երբ չքաւոր ընտանիք մը քանի մը զաւակներ ալ ունի. եւ ո՞ր չքաւոր ընտանիքն է, որ հարուստէն նուազ արգասաբեր է այդ տեսակէտով։ Սպառողական տուրքին մէկ մասը Թուրքիոյ մէջ յատկացուած ըլլալով հանրային պարտքին (dette publique) կը տեսնենք, որ կարօտ դասակարգն է, որ ամենէն առաջ իր հայրենիքին պարտքերը կը հատուցանէ։ Այս վսեմ է այո՛ բայց այս անարդար է բոլորովին։ Արդ, ինչպէս կը տեսնենք, ըլլա՛յ սպառողական իրերու վրայ դրուած հարկը, ըլլայ դեռ ուրիշ անուղղակի հարկերը (impôt indirect) հարուստէն աւելի աղքատին վրայ կը ծանրանան, ուստի փոխանակ «համեմատական տուրքին» հաստատելով՝ «աճուն տուրքը» եկամուտի եւ ժառանգութեան, ուրիշ բան ըրած չենք ըլլար, բայց եթէ սրբագրած անարդար օրէնք մը եւ վարձատրած չքաւոր եւ միջին դասակարգը։

Արդ, ի՞նչ է այդ «աճուն տուրքը», պիտի հարցուի։

«Աճուն տուրքն» այն է, որ իւրաքանչիւր քաղաքացի իր եկամուտէն կը պահանջէ quote-part մը այնքան մեծ՝ որքան որ այդ եկամուտը մեծ է, հոս բաժանողը փոփոխական է եւ կաճի որչափ որ եկամուտը կաճի. օրինակի համար. Այն որ 100 ունի՝ կը վճարէ 1, այն որ 200 ունի՝ պէտք չէ վճարէ մէկ՝ այլ (համարինք թէ) մէկ ու կէս, այն որ 300 ունի՝ չի վճարեր 2, այլ օրինակի համար՝

Եթէ մենք այսօր 1000 ֆրանք փոքրիկ եկամուտէ մը վերցնենք 2% իբրեւ տուրք, 100000 եկամուտէ մը եւս վերցնենք 2% առջի նայուածքով կարծես թէ հաւասարութիւնն է, որ կ՚իրագործենք, բայց ապահովաբար ընկերութեան խաւերուն մէջ արդարութիւնը գործադրած չենք ըլլար, վասնզի 1000 ֆր. տարեկան եկամուտ ունեցողէ մը, եթէ 20-ը առնեմ գուցէ զինք կը զրկեմ իր մէկ անհրաժեշտ սնունդէն, իսկ երբ 100000 եկամուտ ունեցողէն 2000 առնիմ՝ զինքը շատ շատ զրկեմ աւելորդ զուարճութենէ մը։

Ուստի «աճուն տուրքը» կ՚ուզէ, որ նախ անբաւարար եկամուտ մ՚ունեցող բոլորովին ազատ ըլլայ տուրքէ, յետոյ կամաց֊կամաց դանդաղ աճողութեամբ բարձրանայ quote-part՝ որչափ որ եկամուտը բազմապատկուի մինչեւ աստիճան մը, եւ անկէ վեր եկամուտ ունեցող այլեւս վճարէ ըստ համեմատական տուրքի։ Այս ըսածնիս աւելի որոշ ցոյց տալու համար հոս կը զետեղենք ցուցակ մը, եւ հաստատուն ցուցակ մը (tarif) միշտ անհրաժեշտ է, որ կառավարութիւնը ունենայ ժառանգութեան եւ եկամուտի տեսակէտով ներկայ սիստեմը որոշ եւ կամայականութենէ զուրկ պահելու համար։

Եկամուտ տուրքէ ազատ

1                   էն      4500            %

4500    էն      5000            8%

5000    էն      10, 000         9%

10000  էն      15, 000         9 1 / 2 %

15000  էն      20, 000         10%

20000  էն      25000          10 1 / 2 %

25000  էն      30000          11%

30000  էն      35000          11 1 / 2 %

35000  էն      40000          12%

40000  էն      45000          13%

45000  էն      50000          14%

50000  էն      35000          15%

35000  էն      60000          16%

60000  էն      65000          17%

65000  էն      70000          18%

70000  էն      75000          19%

75000  էն      80000          20%

80000  էն      85000          21%

85000  էն      90000          22%

90000  էն      95000          23%

95000  էն      100000 (եւ ասկէ վեր) 24-25%

Ներկայ հարկային դրութեան դէմ եղած առարկութիւնները քննելէ եւ անոնց պատասխանելէ առաջ համառօտ կերպով ըսենք. թէ սոյն «աճուն տուրքի» սիստեմը նոր չէ։ Հին Յունաստանի հանրապետութիւնները զայն մեզմէ առաջ մտածած են եւ տէրութեան ձեռքը միջոց մը նկատած են` քաղաքացիներուն նիւթական վիճակը հաւասարցնելու համար: Այդ դրութեամբ հարուստը իր աւելորդով պիտի վճարէ աղքատին տեղը, վասնզի աղքատը իր անհրաժեշտովը անարդար պիտի ըլլայ հարուստին համեմատ վճարելը։ Յետոյ Սեն-Սիմոնականները այդ դրութիւնը որդեգրեցին, զայն դարձուցին աւելի որոշ, աւելի ըմբռնելի եւ ըրին իրենց նպատակին հասնելու միջոցներէն մէկը։ Բայց ընկերվարական դպրոցները զայն ընդունելուն համար ըսել չի նշանակեր, թէ անիկա չէզոք խորհողներու համակրութիւնը եւ պաշտպանութիւնը չէ գրաւած։

«Աճուն տուրքի» կողմնակիցներ են Մոնթեսքիէն եւ Սթուարտ Միլ։ Այս վերջինս մանաւանդ ժառանգութեան տեսակէտով կ՚ըսէ. («Արդար եւ անհրաժեշտ է «աճուն տուրք» դնել ժառանգութեանց եւ հրիտակներու իրաւունքներուն հաստատմանց վրայ»)։ Ժան Ժ. Ռուսօ, Գոնտոսէ Ժոզէֆ Կարնիէ, Ադամ Սմիդ, իմաստասէրներ ու տնտեսագէտներ չեն պակսիր սոյն գրութեան օրինաւորութիւնը հաստատելէ. «Անտրամաբան չի պիտի ըլլայ, կ՚ըսէ Ա. Սմիդ, եթէ տէրութեան ծախքերուն համար հարուստները ո՛չ թէ միայն իրենց հարստութեան համեմատութեամբ, այլ այդ համեմատութենէն ալ աւելի հատուցանեն»։ Ժան Պաթիստ-Սէ` մին ամենահմուտ տնտեսագէտներէն, դարձեալ այդ վարդապետութիւնն է, զոր կը պաշտպանէ` իր տրամաբանութեան ամբողջ տաքութեամբն եւ ուժովը. «Պարզ եւ համեմատական հարկատուութիւն մը, կ՚ըսէ ի մէջ այլոց, մի՞թէ հարուստէն աւելի աղքատին վրայ չէ, որ կը ծանրանայ։ Այն մարդը, որ իր ընտանիքը կերակրելու համար պէտք եղած հացէն աւելի քանակութեամբ չի արտադրեր, մի՞թէ պէտք է հարկ վճարէ ճիշտ այն համեմատութեամբ այն մարդուն, որ իր նշանակելի տաղանդին, ընդարձակ ստացուածքներուն եւ դրամագլուխներուն շնորհիւ ոչ թէ միայն կը վայելէ եւ իրեններու զուարճութեանն համար կը հայթայթէ շռայլութեան ամենաճոխը, այլ նաեւ կը բազմապատկէ ամէն տարի իր գանձը։ Դուք այս ձկտումին ոչի՞նչ կը գտնէք, որ վանէ արդարութիւնը»։

Հոս թուիլ մի առ մի այդ մասին ամէն գրողները եւ իրենց գաղափարները` երկար պիտի ըլլայ… Երբ Թուրքիան եւ անոր հետ հայութիւնը բարեփոխելը այսօր ամենահրատապ եւ գլխաւոր հարցն է լաւագոյն չէ միանգամընդմիշտ երկրին մէջ գործադրել ամենաարդար սիստեմները` եթէ իհարկէ այդ սիստեմները պատճառ չունին հանդիպելու ժողովրդական արգելքներու, որոնց տապալումը քիչ մըն ալ ժամանակի կարօտ է: Ընդհակառակը ժողովուրդին հասունութեան պէտք չկայ «աճուն տուրքը» դնելու համար։ Այս մեր միտքը աւելի կը պարզուի եւ կը հաստատուի, եթէ քննենք անոր դէպ եղած առարկութիւնները եւ անոնց պատասխանենք։

1) Առաջին առարկութիւնը, զոր կ՚ընեն. Աճունութիւնը, կ՚ըսեն, արդիւնաբերութեան յառաջդիմութեան արգելք է։ Արդիւնաբերողը կը վհատի տեսնելով իր եկամուտին մեծաւ մասամբ զեղջուիլը։ Ասիկա դրական առարկութիւն մ՚ըլլալէ առաջ ինչպէս կը տեսնուի հոգեբանական է, բայց ո՞վ չի գիտեր, թէ շահու ծարաւը` որչափ որ այդ շահը նուազ քանակութեամբ ըլլայ` երբեք չի մարիր, բաւական է, որ այդ շահը ծախքերու մէջ բոլորովին չխեղդուի։ Եւ «աճուն տուրքը»` մեր ընդունած չափաւորութեամբը երբեք պատճառ չտար այդ վհատութեան։ Երկրի մը մէջ ուր անձնաբաժինը quote-part համեմատական սիստեմով 25% է, մի՞թէ աւելի վհատեցուցիչ չէ, քան թէ հոն, ուր անձնաբաժինը 20% է աճողական սիստեմով, եւ ատկէ աւելին չանցնիր ունենալով հաստատուն խարիսխը (զոր վերը բացատրեցինք)։

2) Ուրիշ առարկութիւն մը, որ ամենադասականը դարձեր է, այն է` թէ Աճողութիւնը բոլոր իրեն կը գրաւէ (կամ ուրիշ բացատրութեամբ) դրամագլխուն կը յարձակի, օրինակի համար, եթէ իւրաքանչիւր 1000 ֆրանքին անձնաբաժինը 50 աճի կու գայ կէտ մը, որ տուրքը ամբողջ եկամուտը ծծելէ վերջ կը յարձակի դրամագլխուն վրայ։ Ասիկա ճիշտ է։ Բայց այս դժուարութիւնը լուծելու համար է, որ մենք կ՚առաջարկենք (tarif-ի) մը անհրաժեշտութիւնը, որուն մէջ աճուն տուրքը հասնի մինչեւ կէտ մը ու հոն այլեւս կենայ, օրինակի համար տուրքը աճի համեմատութեամբ մինչեւ 25% 100000 եկամուտին վրայ եւ անկէ վեր ալ ։ Բայց առաջարկը կամայական է, անդատաստանական է կ՚ըսեն եւ չունի գիտական հիմ։ Սակայն մի՞թէ գիտական հիմ ունի, երբ համեմատական տուրքը կը հաստատին 2%, 10%, 20%. նոյնպէս այս 2, 10, 20-ը կամայական դրուած անձնաբաժիններ են։ Թող թէ մեր ընդունած հաստատուն խարիսխը դրամագլուխը անձեռնմխելի պահելու միակ միջոցը չէ. կայ ուրիշ մըն ալ, որ շատ խելացի է եւ հաստատուած է շատ չափաւոր աճունութեան մը վրայ։ Այս հանճարեղ միջոցը Ժան Պաթիստ֊Սեյինն է. «Շատ տեսակ աճողութիւն կայ, կ՚ըսէ ան, եւ կայ որ եկամուտին նուազագոյն մասը միմիայն կը գրաւէ, օրինակի համար, այն աճողականութիւնը, որ կ՚եղանակաւորուի ոչ թէ ամբողջ եկամուտին հանդէպ, այլ եկամուտի աճմանը հանդէպ»։ Ենթադրինք թէ 500 ֆր. եկամուտին տուրքը ըլլայ 1%. 1000 ֆրանք եկամուտինը պիտի ըլլայ նախ առաջին 500-ին համար 1% տուրք, իսկ մնացած 500-ին համար 2% տուրք. այդ ոճով ամբողջ 1000 ֆր. եկամուտին տուրքը պիտի ըլլայ 1 1 / 2 %, եւ այսպէս յաջորդաբար, գործադրելով աճողութիւնը միշտ ոչ թէ ամբողջ եկամուտին հանդէպ, այլ եկամուտին աճմանը հանդէպ։

«Աճուն տուրքը» կ՚ըսեն, խնայողութիւնը կը վհատեցնէ։ Ասիկա այն ատեն միայն կարելի է, երբ անձնաբաժինը շատ բարձր է։ Մինչդեռ կարելի է խիստ չափաւոր անձնաբաժին մը սահմանել։

Իսկ այն առարկութիւնը, թէ դրամագլուխը երկրէն դուրս կը գաղթէ՝ բոլորովին ճապաղ դարձած է եւ սխալ առարկութիւն մ՚է։ Նախ դրամագլխուն տեղափոխութիւնը կարծուածին չափ դիւրին չէ եւ դրամատիրոջ համար շատ թանգի կը նստի։ Կը հարցնենք, թէ ինչո՞ւ համար դրամագլուխը գործադուլներուն կամ այլեւայլ խառնակութեանց ատեն սնանկութեան կը մատնուի՝ փոխանակ փախչելու, ինչո՞ւ համար, երբ տէրութիւն մը գործաւորներուն համար արդար եւ լիուլի օրավարձի յատկացումը կը ստիպէ՝ դրամագլուխը կը համբերէ եւ կը մնայ երկիր՝ փոխանակ գաղթելու, երբ գաղթելով պիտի փրկուէր։ Այսպէս Բրուսիոյ մէջ որքա՜ն տարաձայնութիւնը դրամագլխով փախուստին մասին։ Բայց դրամագլուխը հոն է միշտ։ Գործատուներու նոր օրէնսդրութեանց, պարտադրիչ ապահովագրութեանց պատճառաւ, ան միշտ տրամադիր կ՚երեւայ ձգել հեռանալու, բայց միշտ ալ աւելի կը հաստատուի եւ կը բազմապատկուի։

Քննելէ վերջ այս առարկութիւնները ըսինք, թէ «աճուն տուրքի» ձեւը մենք կ՚ուզենք, որ կիրարկուի «ուղղակի հարկերուն» նկատմամբ։ «Անուղղակի հարկերը» ունենալով բոլորովին անկայուն եւ անորոշ բնոյթ՝ ինչպէս այն իրերը, որոնց վրայ դրուած են, չեն կրնար ենթարկուիլ այս սիստեմին։ Բայց անհրաժեշտ է, որ ժառանգութիւնը իյնայ «աճուն տուրքի» դրութեան ներքեւ։ Տուրքը, ժառանգութեան վրայ, համարելով օրինաւոր, մենք տէրութիւնը կը նկատենք մեզ ժառանգակից։ Ժառանգութիւնը ըլլալով նաեւ պատահական եկամուտ մը, անհրաժեշտ է, որ անոր հարկը տանք տէրութեան ինչպէս մեր միւս եկամուտներուն ժառանգութեան վրայ հաստատուած տուրքը, անուղղակի տուրքերէն նորէն քիչ թէ շատ որոշն է, վասնզի ժառանգութիւն մը հաստատուն եկամուտի մը բնոյթն ստանալու շատ կը մօտենայ։ Այս պատճառով ոեւէ անտեղութիւն չկայ, երբ ան եւս ենթարկուի աճողական սիստեմին։

Մենք վերն ըսինք, թէ առնուազն 4500 ֆր. միայն եկամուտ ունեցողները հարկ է բոլորովին հարկէ ազատ կացուցանել. անշուշտ պիտի առարկեն, թէ այս ոճով տէրութեան գանձուն մէջ բաւականաչափ դրամ պիտի չմտնե։ Թողունք «աճուն տուրքի» սիստեմը, որ արդէն համեմատական սիստեմէն աւելի արդիւնաբերէ։ Տէրութեան համար, ըսինք նաեւ, թէ այդ պարագային արդար է, որ հարկ դրուի շռայլութեանց (luxes) վրայ, զբօսանքի ձիերուն, կառքերու եւ սպասաւորներու վրայ։ Այն անձը, որ այսպէս շռայլ կեանք կը վարէ տէրութեան օժանդակութենէն եւ ծառայութենէն աւելի մեծ մաս մը կը վերցնէ, քան թէ ան, որ չոր գլուխ մ՚ունի եւ քանի մը կարասի տանը անկիւնը. հետեւաբար այդպիսի անձ մը օրինաւոր է, որ ըստ այդ շքեղութեանց՝ աւելի հարկ հատուցանէ։ Բայց, կ՚ըսեն, այդ ոճով հարուստները պիտի չգործածեն ձի եւ կառքը, եւ դարձեալ խեղճ կաւաշէն արհեստաւորն է, որ պիտի վնասուի։ Այս մասին մենք դիտել կու տանք, որ եթէ իրաւցնէ հարուստը ձեռնթափ ըլլայ այդ շռայլութենէն (ինչ որ հաւանական չէ շատ), չէ որ միւս վարձու կառերը աւելի պիտի գործածուի[ն] ու անոնց թիւը բազմապատկուի եւ հետեւաբար արհեստաւորը միշտ իր գործը պիտի ունենայ աշխատելու։

Ահա ամբողջ տեսական մասը մեր ընդունած հարկային սիստեմին. անշուշտ հետաքրքիր է գիտնալ, թէ կարելի՞ է զայն կիրարկել գործնականապէս։ Շատ անգամ մտքին գեղեցիկ շէնք մը իրականութեան հողին վրայ կը փլչի ամբողջապէս, ստէպ ալ այդ շէնքը նոյն հողին վրայ կանգուն պահելու համար միմիայն կը կարօտի քանի մը վերափոխութիւններու, զեղջումներու, կամ յաւելումներու։ Այսպէս եղած է նաեւ մեր հարկային սիստեմը։ Երկրին պահանջներուն համեմատ մէկ երկու անկարեւոր փոփոխութեամբ գործադրուած է ան եւրոպական շատ մը տէրութեան մէջ։ Այսօր եթէ ամբողջ Եւրոպան «աճուն տուրքը» տակաւին չէ ընդունած, բայց ընդհանուր ձկտում մը կայ դէպի այն։ Մենք զայն ընդունող եւ գործադրող տէրութիւնները լոկ կը թուինք, առանց միւս տէրութեանց սիստեմին վրայ [խօսելու]։ Գրեթէ ամբողջ զուիցերական նահանգները իրենց վարչութեան մէջ [կը]ներմուծեն «աճուն տուրքը» ըլլայ եկամուտի հանդէպ, ըլլայ դրամագլխոյ։ Այս սիստեմը վերջի տարիներս մտցուեցաւ նաեւ Վոտ նահանգին մէջ, ժողովուրդին կամքին համեմատ եւ ժողովրդական ընդհանուր քուէարկութեամբ (vote plébiscitaire), եւ եթէ եղան մի քանի բողոքներ, անոնք սիստեմին համար չէին, այլ հաւաքման խիստ կերպին համար միայն։ Ցիւրիքի մէջ գործադրուած «աճուն տուրքը» մէկն է ամենաճարտար ձեւերէն, որուն կիրարկումը կ՚ապահովէ, այսպէս նաեւ Սօլէոի (Sauileuvre) եւ դեռ ուրիշ ժողովրդավարական (Démocratique) նահանգներու։

Անգլիոյ մէջ նաեւ «Income-tax»ը դրած է աճուն տուրքի» սկզբունքը։ Income-tax ուրիշ բան չէ, բայց եթէ աճողութեան սիստեմը՝ առաւել կամ նուազ չափաւոր։ Իւրաքանչիւր 3, 750էն 10, 000 ֆրանք եկամուտէն առաջին 3000 ֆրանքը ազատ կացուցուած է տուրքէ։ Այս ինչպէս կը տեսնուի մեր պաշտպանած դրութիւնը՝ թէպէտեւ տակաւին անկատար։

Բրուսիան մեզ ուրիշ օրինակ մը կու տայ։ Պիզմարքի պէս քաղաքական եւ վարչական գործերու մէջ խորաթափանց միտք մը շուտով նկատած է «աճուն տուրքին» առաւելութիւնը եւ յայտարարած է աղքատ եկամուտ ունեցողներուն վրայ ուղղակի տուրքին ծանրացման տաժանելիութիւնը եւ միայն հարուստներու վրայ ծանրանալու անհրաժեշտութիւնը։ Եւ այսօր Բրուսիոյ մէջ «աճուն տուրքը» կայ եւ կը մնայ։ 1894էն աւելի աւելի բարենորոգելով իր հարկային դրութիւնը (դնելով տուրք 12 % դրամագլխոյն վրայ եւս), ան հաստատեց հարկային tarif մը աճողական աստիճանաւորումով։

Գերմանական տէրութիւններէն ոմանք, մասնաւորապէս Սաքսը (Sex) արդէն շատոնց է ընդունած են նաեւ եկամուտի անձնական տուրքը Աճողական tarif-ով։

Աւստրիոյ մէջ (1892) կառավարութիւնը հարկային օրինագիծ մը կը ներկայացնէ Խորհրդարանին (Réichstag)՝ տուրքերուն սիստեմը բարեկարգելու եւ թեթեւցնելու քիչ եկամուտ ունեցող հարկատուներուն բեռը եւ ծանրանալու համար հարուստներուն վրայ։ Այս առաջարկն է՝ նախ տուրքէ զերծ ընել 1, 500էն նուազ եկամուտ ունեցողները։ Յետոյ՝ այդ թիւէն բարձրանալով հասնել.

1% տուրք 2, 500 ֆր. եկամուտի

2% 7, 500

3% 25, 000

Եւ հաւաքել հաւասարապէս 4% այն եկամուտներէն, որ 250, 000 ֆրանքէ վեր են։

Նոյնպէս Հոլանտայի մէջ հարկը աճողական է 1892էն ի վեր։ Այդ թուականին ելեւմուտքի նախարար Բիերսոն զայն առաջարկած է, եւ Խորհրդարանը քուէարկած ընդունած է։

Իր tarif-ը աճողական է։

Գալով պահպանողական Ռուսաստանին ՝ զայն ընդունած է 1893 մայիս 14-ի (ukase*)-ով մը։ Բայց դժբախտաբար մի միայն տուն վարձելու համար։

Իսկ Գաղղիոյ եւ Իտալիոյ մէջ շատոնց արդէն շարժում մը գոյութիւն ունի ի նպաստ աճուն տուրքի։

Մենք յուսով ենք, որ Թուրքիան անհաղորդ չի մնար այս շարժումին։ Անհրաժեշտ է, որ անիկա իր ձեռնարկած բարենորոգումները հիմնովին եւ գլխովին ընէ։ Ժողովուրդի մը բարեբաստիկ վիճակը միայն պիտի երաշխաւորէ սահմանադրական տէրութեան մը տեւականութիւնը։ Միջոց տանք աղքատ դասակարգին՝ զայն զերծ ընելով բոլորովին եկամուտի որոշ չափէ մը՝ ինքզինք ժողվելու, փոքրիկ դրամագլուխ մը կազմելու. այսպէսով միայն ան պիտի կրնայ ժամանակ գտնել զարգանալու եւ կրթելու իր որդիները, այսպիսով միայն զինք տնտեսական մահէն պիտի ազատենք, որ մահն է միանգամայն իր գոյութեան եւ իր քաղաքական իրաւունքներուն պաշտպանումին եւ վայելումին, այսպէսով միայն անիկա տէրութիւնը պիտի սիրէ եւ պիտի հաւատարմութեամբ ծառայէ անոր։

Այսպէսով վերջապէս տէրութիւնը (առանց անհատական ազատութեանց վտանգելու) ընկերութեան մէջ արդարութիւնը գործադրած պիտի ըլլայ եւ «աճուն տուրքը» ուրիշ բան չէ, բայց եթէ մէկը այն հանճարակերտ եւ պատուաւոր գործիքներէն, որ քաղաքացիներուն մէջ արդարութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքը կը մտցնէ։

31/08 դեկտ. Կանտ