Յօդուածներ եւ ելոյթներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹԵՐԶԵԱՆԻ ԽՆԴԻՐԸ ՏԵՂՒՈՅՍ ՄԷՋ

Եւդոկիայի հայ կաթողիկէ հասարակութեան մէջ երկար ժամանակէ ի վեր սկսած էր ընդդիմադիր հոսանք մը Թերզեանի եւ իր արբանեակ կղերներուն հանդէպ։ Լուրջ միտք մը շուտով պիտի ըմբռնէր, թէ լսուած բողոքները չե՛ն մասնակի կարծուածին չափ, այլ երթալով ծաւալ կը գտնեն եւ կը սպասեն պատեհ առիթին՝ արտայայտուելու համար իրենց արդարադատութեան ամբողջ թափովը։ Անհեռատես կաթոլիկ կղերը այդ առիթը, զոր միշտ պատրաստելու վրայ էր, վերջապէս ստեղծեց։ Քեչեճեան Լեւոն Գերապայծառը՝ մին Թերզեանի ամենէն հաւատարիմ ծառաներէն, որ մեկնած էր իր թեմէն ժողովուրդին ճակատագիրն որոշելու՝ առանց նախապէս ժողովուրդին կարծիքն ալ առնելու, որ Հռովմի մէջ ստորագրած էր հասարակութեան ճակտին դրուած բոլոր հովուական անբաստանաթուղթերը՝ այժմ կը վերադառնար քաղաքս յանցաւորի մը լռութեամբ եւ գրեթէ ծածուկ՝ նման անոնց, որոնք անուղիղ ձեռնարկներու կը հետամտին։ Ժողովուրդին հլու հպատակութեան մասին չափազանց լաւատես եւ գօտեպնդուած իր նախկին ձեռնարկութիւններուն անպատիժ մնալէն՝ Աւագ Շաբաթ երեկոյ կը խօսի քարոզ մը, որ մէկ կողմէն ապառնալիք էր, միւս կողմէն բառին ժողովրդական իմաստով ճիզուիթական կեղծ ներողամտութիւն, որուն մեր պէտք ունենալը ինքնին արդէն միամտութիւն պիտի ըլլար։ Ի մէջ այլոց Գերապայծառը չի՛ քաշուիր յայտարարելու, թէ ո՛վ որ առանց Հռովմի Գահին ցուցումներուն եւ հրահանգներուն Տեղապահ կ՚ընտրէ եւ ո՛վ որ կ՚ընտրուի՝ երկու կողմերուն ալ բանադրանք կսպառնայ։ Ահա յայտարարութիւն մը, որ իր ամբողջ մերկութեամբ ցոյց կու տայ, թէ սա մարդիկը դեռ վազ չեն անցած իրենց բռնապետական միտումներէն։ Ուրիշ կերպ խօսելով՝ ահա կրօնական մենաշնորհ մը, որ կը յիշեցնէ Թոռգուեմատայի հաւատաքննական դարը եւ զոր չենք գիտեր ուրկէ, Աւետարանի որ ոգիէն ստացած են. կը կապեն եւ կ՚արձակեն, ուզածնուն պէս, նոյնիսկ այնպիսի խնդիրներու համար, որոնք քրիստոնէական հաւատքի սկզբունքներուն հետ առնչութիւն իսկ չունին։ Ժողովուրդը կը գրգռուի այս խօսքերէն, ելած այնպիսի մէկու մը բերնէն, [որ] մինչ ցայսօր իր հօտին ոչխար մը իսկ աւելցուցած չէ, եւ այսօր ամբողջ հօտը ցրուելու կ՚աշխատի՝ գիտակցութիւնը փառամոլութեամբ մը վարակուած։ Բայց բաժակը լեցուած է ժողովուրդը ա՛լ պիտի չը կրնար հանդուրժել անգամ մը եւս լսելու այդ յոխորտ խօսքերուն մաղձը, որ կը թափի դեռ ի նպաստ այնպիսի պատրիարքի մը, որուն գործը լրացած է ալ եւ զոր Աստուած շատ բարձրացուց՝ շատ բարձրէն վար ձգելու համար։ Զատկի կիրակին պատարագէն առաջ կ՚ազդարարուի իրեն, Քեչեճեանի, այլեւս չյիշել պաշտօնանկ Թերզեանը ս. պատարագի միջոցին՝ ինչպէս յիշուեցաւ նախընթաց իրիկունը։ Այդ առթիւ իրեն կը բացատրուի ժողովուրդին գերագրգռութիւնը, զոր առաջ բերած են թէ իր շաբաթ օրուան տուած քարոզը եւ թէ առհասարակ իրենց, կրօնական խմբակին, այս խնդրոյն մէջ ցոյց տուած յամառութիւնը։ Գերապայծառը քանի մը հակասական խօսքերէ վերջ՝ անդրդուելի կը մնայ, եւ պատարագի մէջ չի՛ արգիլուիլ պաշտօնանկ պատրիարքին անբարեյիշատակ անուան յիշատակութիւնը։ Եւ ահա կը պաթի ժողովուրդին դարաւոր համբերութիւնը. հօտը կը բողոքէ անարժան հովիւին դէմ, հարիւրաւոր բերաններ կ՚որոտան աւանդական «չի՛ յիշուին»։ Պատարագը կը խառնակի, եւ ո՞վ կ՚ըլլայ սկզբնապատճառը, դարձեալ այդ կղերը, որ խաղաղութիւն կը քարոզէ խօսքով, իսկ գործով խռովութիւն եւ զայրոյթ կը ցանէ։ Մի քանի անձերէ, չենք գիտեր ի՛նչ համոզումով եւ ի՛նչ տեսակ ազգասիրութեամբ, հակառակ ձայն կ՚ուզեն բարձրացնել, բայց գորտերուն կրկռոցը հեղեղին շառաչիւնէն կը խեղդուի։ Ատոնց մէջէն զուարճալի է յիշել այն մայրապետը, որ եկեղեցուոյ մէջ ի նպաստ պիտի յիշուի. կ՚աղաղակէ վերնատունէն՝ անշուշտ իր վերնատունը դատարկ ըլլալուն։ Կղերական բանակը երկսեռ է, եւ մեր տղամարդ կարգաւորները (ո՛չ միշտ բարքաւոր) այլեւս կը սկսին կնիկներուն վրայ կռթնիլ՝ իրենց դատը պաշտպանելու համար. այս մասին մենք շատ օրինակներ կրնանք տալ ի պահանջել հարկին։ Յամենայն դէպս՝ ես պիտի առաջարկէի Թերզեանի տեղ այդ մայրապետը յիշել՝ ի յարգանս իգական սեռի դիւցազնութեա՜ն… Խոնարհինք կիներուն առջեւ՜… Յիշատակելի է նաեւ մի վարդապետի տաք գլուխ ժեստը, որ տեղի ունեցաւ պատարագէն վերջ, առաջնորդարանին սենեակը։ Վարդապետը՝ հակառակ իր պետին շատ ճարպիկ մասնակի զղջումներուն, կը յայտարարէ, թէ իր արեան մինչեւ վերջին կաթիլը պիտի պայքարի եւ պիտի յիշէ՛ Թերզեանը։ Ահա յայտարարութիւն մը գլխովին տօնքիշոտական։ Մինչդեռ իրականութիւնը սա է, թէ մինչ ցարդ, եթէ երբեք արիւն մը թափուած է Թերզեանի խնդրով եւ անո՛ր պատճառաւ՝ ան ալ ժողովուրդի մէկ զաւկին՝ Զամարեանի արիւնն եղած է Սագըզ Աղաճի պատրիարքարանի սալայատակներուն վրայ, զոր մեր այսօրուան Արհիապատիւները անոր ամբողջ տաքութիւնը կոխկռտած եկած են հոս, գաւառները՝ դեռ երես ունենալով մեզ խօսելու մերթընդմերթ իրենց «սիրելիներս» դեղահատերը կլլեցնել ուզելով։ Վերջապէս ժողովուրդը կը զայրանայ վարդապետին այդ զապատայական խօսքերուն վրայ եւ քիչ կը մնայ, որ զայն դուրս շպրտէ։ Թերզեանի համար պատրաստ են եղեր արիւն թափել. ո՞ւր էիք, գերապատիւ՛ հերոսներ, այն բռնակալական շրջանին, երբ ամբողջ ազգը կը հարստահարուէր, երբ եկեղեցիները կը բռնաբարուէին, այն ատեն (թողունք ձեր արիւնը. որ այն արդէն խառնակուած է լատինականութեամբ) գոնէ ձեր գլուխը ցուցուցի՞ք այդ ազգին դրական կերպով ծառայելու համար։ Քարոզեցի՛ք միայն առաքինութիւն մը, որուն դուք իսկ ձեր կեանքը չմօտեցուցիք։ Բայց դուք ձրի արիւն ունիք եղեր թափելու, թափեցէք որչա՛փ որ կ՚ուզէք, ազատ էք, եւ թող Թերզեանն ու Գոյունեանը միշտ ցնծան անոր հոտէն։

Ամենէն յատկանշականը սա է սակայն։ Երբ իրենց կ՚արգիլուի Թերզեանի յիշատակութիւնը, անոնք անմիջապէս ձայնաւոր պատարագը կը դադարեցնեն եւ կը վերածեն թիւի։ Մտայնութիւն մը, որ անգամ մը եւս կ՚ապացուցանէ անոնց թեթեւ վերաբերումը հանդէպ ժողովուրդին բարեպաշտութեան եւ հանդէպ ձայնաւոր պատարագի գեղեցիկ վեհութեան։ Ազգադաւի մը անունը աւելի նուիրական է եղեր, քան թէ կրօնական նուիրաշուք արարողութիւնները։

Մենք ժողովուրդին խորհուրդ կու տանք, որ ուղղակի պահանջէ ձայնաւոր պատարագը առանց Թերզեանի յիշատակութեան, այդ իր իրաւունքն է. իսկ եթէ չենք կրնար ընել, կ՚ըսեն՝ պէտք է հեռանան այս տեղէն իբրեւ անպէտ կարասի եւ աւելի ազատամիտ եւ աւելի ժողովրդասէր կղեներ բերուին։

«Ազգս ազգիս համար, կրօնքս կրօնքիս համար», ահա այն բնաբանը՝ զոր մենք սորվեցանք քառասուն Թերզեան արժող Մխիթար Աբբայի սերունդէն։ Ատոր պայքարն է, որ մղուած է եւ կը մղուի մինչ այսօր. ասիկա ազգային եւ ժողովրդական իրաւանց համար եղած պայքարն է։ Մի՛ հաւատաք բնաւ, թէ կաթոլիկութիւնը հաստատուած է եկեղեցուոյ կալուածները կղերին ձեռքով մատակարարուելու եւ այլն սկզբունքներու վրայ՝ ինչպէս իրենք կ՚ըսեն, եւ թէ այս բանս չընդունողը՝ կաթոլիկ չէ՝ ինչպէս դարձեալ իրենք կ՚ըսեն, ո՛չ երբեք. կրօնք մը շահադիտական հիմունքներու վրայ չի կրնար հաստատուիլ. հակառակ պարագային կաթոլիկութիւնը շատ անարժէք կրօնք մը պիտի ըլլար։ Մեր պայքարը ուղղուած է կղերին՝ իր սահմանէն դուրս ունեցած բռնակալութեան դէմ, որ պիտի տապալի՝ նոյնիսկ ի փառս Քրիստոսի կրօնքին։ Գործը պէտք է շարունակենք մենք՝ մինչեւ որ Ճշմարտութիւնը եւ Արդարութիւնը տիրապետէ։ Եթէ մենք վատաբար թուլնանք, վստահ եղէք, որ մեր զաւակները անպատճառ մեր սխալը պիտի սրբագրեն եւ անոնք պիտի ըսեն. Այ՛ս է դարուս վճիռը։