ԵԱՐՃԱՆԵԱՆԻ
ՔԵՐԹՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Եօթը
տարի
առաջ
էր
երբ
Ժնեւ
կ՚երթայի…
Առաջին
անգամ
ուզեցի
Եարճանեանը
տեսնել.
Գտայ
զինքը
Լեմանի
գեղածիծաղ
ափերուն
վրայ։
Եարճանեան
ազատ
ու
անկախ
երիտասարդի
մը
տպաւորութիւն
ըրաւ
վրաս,
բայց
բաւական
հոգելքուած
ու
վհատ
կը
գտնէի
զինքը.
անյոյս
էր
իր
գրական
ապագայի
մասին.
ես
իր
փառքը
իրմէ
աւելի
մեծ
ու
լուսաւոր
կը
տեսնէի.
նոր
էր
հրատարակած
«Հայորդիներուն»
երրորդ
հատորը։
Այգիներով
եզերուած
ուղի
մը
մեզ
դէպի
հանդիպակած
բլուրը
կ՚առաջնորդէր։
Քամին
կը
տանջէր
ծառերուն
ծոցը։
Նոյն
պահուն
եղբայրակիցս
տրտմօրէն
ըսաւ
ինծի.
«Ահա
դեղին
թերթ
մը.
ապացոյց
նշանը
քերթողիս
ապագային»։
Դեղին
տերեւ
մը
ինկած
էր
ուսին
վրայ։
Իր
կարգ
մը
ընկերները
արհամարհանքով
վերաբերուած
էին
իր
բանաստեղծական
արուեստի
մասին,
իր
երազները
անցած
շրջանի
քերթողութեան
մը
տժգոյն
եւ
ապաժաման
փթթումը
նկատած
էին։
Այս
էր
իր
յոռետեսութեան
մեծ,
բայց
կարճատեւ
պատճառը։
Ու
որքան
ուրախ
ենք
այսօր,
երբ
դալուկ
տերեւը
մրրկավար՝
չքացած
է
առյաւէտ,
ու
փոխան
անոր
իր
ճակտին
կ՚արտախուրենք
դափնիի
ոստ
մը
մշտադալար։
Արիանայի
հոյակապ
թանգարանին
բարձունքն
էինք։
Հոն,
հորիզոնին
վրայ
վեր
կը
կարկառուէր
Սպիտակ
լեռը։
Քովս
էր
Եարճանեան
նոյն
գեղակարկառ
հասակով։
Որչա՜փ
այդ
քերթողը
նման
էր
այդ
լերան,
երկուքն
ալ
սպիտակ,
աստեղահուպ,
երկուքն
ալ
խորունկ
ու
մրրկոտ
սիրտերով։
Ուրկէ՞
կու
գար
Եարճանեան,
այդ
«սպիտակ
տղան»
ի՛ր
բառերով,
Արաբական
փրփրերախ
նժոյգ
մը
եւ
կարապ
մըն
էր
միանգամայն։
Ու
կարապը
կազմուած
էր
Ակնի
մէջ,
գուցէ
հնդիկ
Ակնիւսի,
գարնան
ու
կրակի
աստուածին
հիւրընկալ
քաղաքը՝
ըստ
Ա.
Արփիարեանի։
Անոր
այգիներուն
մէջ,
իբրեւ
նոր
Դեմետր,
մեծցած
էր
ողկոյզներուն
տակ
երազուն՝
«վարէն
ահեղավազ
Եփրատին
ունկնդրելով»։
Յետոյ
Փարիզն
էր,
որ
կը
խմորէր
իր
հոգին.
կը
կազմուէր
իր
մէջ
արաբական
նուրբ
նժոյգը
փրփրերախ։
Առհաւական
Ոստանը
իր
մեծազդող
յուզումներով
կ՚ազդէր
քերթողին
վրայ՝
ազդելու
համար
յետոյ
իր
խուճապօրէն
գեղեցիկ
արուեստին
վրայ։
Եւ
չէ՞
մի
որ,
յետոյ,
Սիամանթօն
կարծես
Էյֆելին
կատարը
բարձրացած
լայներախ
շեփորով
մեռելները
կը
կանգնէ
շիրիմներէն
եւ
մրրկօրէն
կը
մտրակէ
ողջերը։
Աւելի
ետք.
Զուիցերիան,
իր
բարձրաբերձ
լեռներով
ու
այդ
լեռներուն
քաղցր
սոսկումով
կ՚առնէ
քերթողն
իր
ծոցին
մէջ,
կը
ձուլէ
կարապն
ու
նժոյգը.
կը
համադրէ
երազը
աղաղակին
հետ
եւ
կը
վերստեղծէ
Ա.
Եարճանեանը՝
«Հայրենի
Հրաւէրներուն»
Երգիչը։
Ու
կը
մտնէ
ան
հայ
բանաստեղծութեան
ասպարէզը՝
այն
օրերուն
մէջ,
ուր
հայ
տառապանքը
իր
գագաթնակէտին
հասեր
էր։
Վիշտն
ու
պայքարը
միասին
ու
զուգահեռ
կ՚ակօսէին
հայրենի
հողը,
հայ
կեանքը
ու
Ժնեւը,
ուր
կ՚ապրէր
Եարճանեան,
կեդրոնը
կ՚ըլլար
վայրկեան
մը
վշտահարներուն
եւ
ըմբոստներուն։
Նոյն
ահեղ
օրերուն
հայ
բանաստեղծական
գրականութիւնը
նախանձելի
ոչինչ
ուներ։
Հիները
գացեր
կամ
քաշուեր
էին։
Պ.
Դուրեանի,
Պէշիկթաշլեանի
եւ
Թերզեանի
քնարներուն
վերջին
շեշտերը
հազիւ
կը
լեցնէին
մեր
հոգիները.
Ալիշանէն
ծիրանեփայլ
մեծ
ստուեր
մը
մնացեր
էր
միայն,
որուն
տակ
կրնային
քիչ
մը
երազել
մեր
հոգիները՝
գալիք
լաւագոյն
քերթողներու
յոյսին
կառչած։
Կային
նորերը,
ո՛չ
միշտ
անտաղանդ,
բայց
կքած
բռնակալութեան
թաթին
տակ,
կ՚երգէին
միայն
կինը,
բայց
ոչ
այն
կինը,
որ
իմաստն
է
կեանքին
քանդող
ու
ստեղծող
ուժերուն,
կինը
բաւղային
հոգիով,
սրտերու
դաւադիր,
ճակատներու
նուաճող,
կամ
այն
կինը,
որ
մայր
է
միանգամայն,
ռիւպենսեան
ներուժ
կազմով,
արիւնով
կենսաւէտ,
որուն
լայնալիճ
կողերուն
մէջ
կ՚արգասաւորին
նոր
կեանքեր
նոր
ապագաներով։
Էակի
պահպանման
արուեստը
պիտի
ըլլար
այս,
լաւագոյն
արուեստը
գուցէ
յանուն
կեանքին։
Բայց
այդ
նորերուն
երգած
կինը
պուպրիկ
մըն
էր,
որուն
այտերը
որդան
կարմիր
քսեցին
քիչ
մը
ու
գգուեցին
զայն,
օրօրեցին
երկա՜ր,
երկա՜ր,
քնարի
օրօրներով։
Ահա
թէ
բանաստեղծական
ինչ
օրերու
մէջ
հրապարակ
կը
մտնէր
Եարճանեան։
Իր
ձայնը
լռեցուց
բոլոր
կակազումները։
Իր
մուտքը
եղաւ
մրրկային
իր
արուեստին
պէս
ու
հետեւաբար՝
բարի
ու
վճռական։
Քերթողը
նախ
կու
տար
մեզի
«Դիւցազնօրէնը»։
Ասոր
մէջ
հայրենիքի
տառապանքէն
աւելի
յեղափոխութիւնը
կ՚երգէ։
Նկարագրութիւնն
է
ան
նուիրումի
մը,
ճակատամարտի
մը
եւ
յաղթանակի
մը.
ըմբոստացումներու
համադրական
մէկ
նկարն
էր՝
զոր
յետոյ
ընդլայնեց,
կանգ
առնելով
հերոսներուն
եւ
դրուագներուն
վրայ
առանձինն՝
իր
«Հայորդիներու»
հոյակապ
շարքին
մէջ։
Քերթողը
նման
էր
այն
մարտիկին,
որ
բոցավառ
թափով
մը
կ՚սկսի
կռուիլ
եւ
նախ
խառնուրդին
մէջ
չի
զգար
այրուցքն
իր
ստացած
հարուածին՝
մինչեւ
որ
ան
պաղի
վիրաւորին
խանդին
հետ՝
զգացնելով
սուր
ցաւը
եւ
կոտտումը։
«Հոգեվարքի
եւ
Յոյսի
Ջահերը»
յետոյ
միայն
երեւան
եկող
այդ
ցաւն
էր,
խառնուած
զարհուրանքով։
Զարհուրանքի
եւ
միեւնոյն
ատեն
տառապանքին
քերթողը
կ՚ըլլար
ան,
ըլլալու
համար
անշուշտ
զօրաւոր
քերթողը
յեղափոխութեան։
Հայորդիները
դիւցազնօրէն
կռուեր
էին,
տարեր
էին
յաղթանակներ՝
մաքրելով
հայ
հոգին
ստրկութեան
թոյնէն
եւ
Ցեղին
ճակատը
վատութեան
խարանէն,
բայց
կեղեքումը
կը
մնար
կեղեքում,
տառապանքը՝
տառապանք,
կ՚արիւնէին
հոգեվարքի
ջահերը,
հակառակ
որ,
հո՛ն,
հորիզոնին
վրայ
կը
յամառէին
նշողիլ
ջահերը
դարաւոր
յոյսին,
այս
այն
պահն
էր,
որ
ուրիշ
մէկ
ցեղային
մատեանի
մը
տիտղոսը
պիտի
կազմէր.
«Ցայգալոյսը»։
Ճակատագրին
Մթնշաղն
էր
ան.
Յուլիս
ամսուայ
այն
ցայգը,
ուր
վայրկեան
մը
հորիզոնին
վրայ
լուսեղ
Արշալոյսը
արիւնոտ
Վերջալոյսին
կը
խառնուի։
Վայրկեան
մը
կարծեցինք
թէ
հոգեվարքի
ջահերը
մարեցան
այլեւս.
Սահմանադրական
օրեր
էին։
Սխալ:
Եարճանեան
եկաւ
մեզի
գուժելու,
թէ
ընդհակառակը՝
այժմ
հոգեվարքի
խարոյկնե՜րը
կը
վառեն.
ստացեր
էր
աւա՜ղ,
Կարմիր
Լուրե՛ր
Բարեկամէն
։
Այդ
լուրերը
հոյակապ
եւ
եղերական
կերպով
կ՚երգէր
մեզի։
Իր
քերթողական
մէկ
ուրիշ
հատորն
էր։
Նոր
ձեւափոխում
կրած
էր
իր
տաղանդը,
պատկերները
աւելի
որոշ
էին
դարձած,
եւ
վիպողի
շունչ
մը
կար
իր
մէջ,
կը
պատմէր
ոճիրը
զայն
նկարելով։
Կնոջ
մարմիններու
եւ
զարդերու
նկարագրութիւնը
նորութիւն
մըն
էր
իր
այդ
գիրքին
մէջ,
յաջող
նորութիւն
մը,
ամենէն
տարամերժ
գոյները
կը
շաղուէին
ու
կը
համադրուէին
իր
գրչին
տակ,
իր
պաստառին
վրայ,
տաղանդաւո՜ր
ոճրագրութիւն։
«Կարմիր
Լուրեր
Բարեկամէս»ին
յաջորդեց
«Հայրենի
Հրաւէրներ»
հատորը։
Եարճանեան
կ՚երգէր
Ամերիկայէն։
Հոն
հայ
պանդուխտներուն
մէջ
ճանչցած
էր
հայուն
ամենէն
խորունկ
վիշտը,
—
Կարօտախտը
։
Քերթողը
կարծես
երկու
աշխարհներուն,
Հայաստանի
ու
Ամերիկայի,
միջեւ
կանգնած
կը
տարածէ
թեւերը,
իրարու
քով
կը
բերէ,
մէկ
համբոյրի
եւ
ցաւի
մէջ
կը
միացնէ
հարսերը
տնասէր
ու
փեսաները
տարաշխարհիկ,
մայրերը
հայրենապահ
եւ
զաւակները
նժդեհական։
Այս
հատորը
քերթողին
գլուխգործոցն
ըլլալ
կը
թուի
ինծի.
հոն
մարդկային
այնպիսի
բան
մը
կայ,
որ
սահմանուած
է
մարդ
էակին
հետ
ապրելու։
Երգն
է
անպատիր
սէրին,
գոյակից
վիշտին,
ընտանիքէն
ծագում
առնող
եւ
հայրենիքը
ամրապնդող
այն
նուիրման
պատուանդանին,
որուն
վրայ
միայն
կրնայ
իրականանալ
նոյնիսկ
մարդկութեան
հեռաւոր
եղբայրութիւնը։
Անցնինք
Եարճանեանի
արուեստին
մասնաւոր
գիծերուն։
Ըսուեցաւ,
թէ
քերթողը
դիւցազներգական
արուեստը
կը
մշակէ։
Այստեղ
ճշդելի
կէտ
մը
կայ։
Դիւցազներգութիւնը
(épopée)
գրական-բանաստեղծական
սեռ
մըն
է,
որ
իր
յատուկ
կիրարկման
արուեստը
ունի։
Հին
ու
նոր
հսկայ
գործեր,
ինչպէս
«Ռամայանայ»,
«Իլիական»,
«Էնէական»,
«Օսիան»,
«Երուսաղէմ
ազատեալ»,
«Հայկ
Դիւցազն»
եւ
այլն,
գրեթէ
նուիրագործած
են
անոր
գրական
ձեւը,
դնելով
անոր
մէջ
դասական
արուեստ
ու
լեզու,
տիպարներու
միամտութիւն
եւ
բնականութիւն,
իրենց
շրջանին
բոլոր
հաւատալիքները,
սովորութիւնները
եւ
գիտելիքները։
Այս
իմաստով
դիւցազներգակ
մը
չէ
Եարճանեան,
դիւցազուններ
երգելով
հանդերձ։
Ան
յեղափոխութեան
ոգեկոչող
երգիչն
է.
ռազմերգու
մըն
է։
Իր
հերոսները
քաջութիւնը
քաջութեան
համար
չեն
պաքարիր՝
ինչպէս
հիները
կ՚ընէին
ընդհանրապէս։
Բառին
դասական
եւ
միեւնոյն
ատեն
արդի
իմաստով
առաքինի
մարդիկ
են
անոնք՝
հայրենիքի
տառապանքով
հերոսացած՝
սնած՝
տնտեսական
ու
քաղաքական
իմաստասիրական
սկզբունքներով,
որոնք
կը
վիճին,
կը
ճառեն
ու
իրենց
սկզբունքները
իրենց
քաջութեամբ
կը
ձկտին
կիրարկել
ու
ապրեցնել։
Եարճանեանի
տիպարներուն
մէջ
ոչ
մէկը
միամիտ
է,
նոյն
իսկ
մայրերը
ու
որբիկները
գիտեն,
թէ
ինչո՞ւ
համար
կը
տառապին։
Բոլորն
ալ
վերլուծած
են
իրենց
ցաւն
ու
պայքարը
եւ
գիտեն
թէ
ուրկէ՛
կը
բխի
իրենց
արցունքը
եւ
ո՛ւր
կը
դիմէ
իրենց
հարուածը։
Այս
դիւցազուներուն
համար
կռիւը
պարտականութիւն
մըն
է՝
բնութեան
իրաւակարգէն
եւ
հայրենիքէն
պարտադրուած։
Ով
որ
հայ
մարդ
է՝
պիտի
պայքարի
կամ
պիտի
դրժէ
իր
արիւնին
եւ
իր
պատկանած
ազգին
դէմ։
Մինչդեռ
հին
դիւցազներուն
համար
կռիւը
իրաւունք
մըն
էր,
գրեթէ
արհեստ
մը,
կը
կիրարկէին
զայն
իրենց
ուզած
ժամանակ։
Գեղեցիկ
Բրիսանուշի
համար
Աքիլլէս
քէն
կ՚ընէր
եւ
իր
ընկերներուն
հետ
պատերազմի
չէր
մտներ
Իլիոնի
դէմ,
եւ
այդ
իր
իրաւունքն
էր։
Զինքը
պէտք
էր
ողոքել
եւ
խնդրել
իրմէ,
որ
կապէ
զէն
ու
զարդը
եւ
կշռէ
լայնաստուեր
նիզակը։
Հին
դիւցազները
աշխարհակալներ
էին
կամ
ասպետներ,
նորերը՝
Եարճանեանի
հերոսները,
յեղափոխականներ
են
կամ
առաքեալներ։
Երեւակայութիւնը
Սիամանթոյի
տաղանդին
ամենէն
տիրական
գիծն
է։
Ան
իրերը
եւ
դէպքերը
բոլորովին
նոր
եւ
ինքնայատուկ
ձեւով
մը
կը
դասաւորէ
եւ
կը
գունագեղէ։
Կիկլոպ
մըն
է
քերթողը.
այն
սարսափելի
աչքը,
զոր
Աստուած
իր
լուսեղէն
մատով
բացած
է
ըղեղին
վրայ,
թէ
խոշորացոյց
մըն
է
եւ
թէ
գեղագիտակ
մը,
որ
ամէն
բան
կը
տեսնէ
հսկայական
համեմատութեամբ։
Երեւակայութեան
միացած
գաղափարականը՝
հռետորութիւնը
կը
ծնի.
երեւակայութեան
միացած
զգացումը
կը
ծնի
վսեմը։
Եարճանեանի
արուեստը
արդիւնք
է
այս
երկու
զուգաւորումներուն։
Հեղինակներ
կան,
որ
հզօր
յուզումէ
մը
կը
բարձրանան
տկար
երեւակայութեան,
խորունկ
բայց
տժգոյն
են
անոնք,
ասոնցմէ
կը
հաշւուին
Միւսէները
եւ
Լեւոփարտիները։
Հեղինակներ
կան,
որ
հզօր
երեւակայութենէ
մը
կը
բարձրանան
տկար
յուզումի
մը,
հոյակապ
բայց
արմատապէս
սխալ
հեղինակներն
են.
այս
վերջիններէն
են
վիպականներէն
մէկ
մասը,
ի
մասնաւորի
Վ.
Հիւկօն։
Եարճանեան
ոչ
մին
է
եւ
ոչ
միւսը.
ան
հզօր
երեւակայութեան
մը
կատարն
է՝
թեւաւորուած
փոքրիկ
յուզումով
մը,
այդ
թելադրիչ
յուզումը
կարօտախտն
է։
Օ՜,
Սիամանթոյի
կարօտախտը
։
Այդ
բառին
մէջ
է
ամբողջ
քերթողը.
հոն
է
նաեւ
հայ
ցեղին
ստեղծագործ
կարողութիւնը։
Հայ
բանաստեղծութեան
ոգին
կարօտախտ
է։
Մեր
երգը
երգն
է
կռունկին,
հառաչանք
մը՝
դէպի
թողլքուած
հայրենի
տունը
եւ
հեւիհեւ
թռիչք
մը
դէպի
այն
կորսուած
կենցաղը,
զոր
կը
կոչենք
հայ
ժողովուրդին
փրկութիւնը։
Երեւակայութիւնը
կը
կերտէ
պատկերներ,
որոնցմէ
դուրս
բանաստեղծութիւն
մը
բնազանցութիւն
պիտի
ըլլար։
Եարճանեան
կարծես
հրաշէկ
երկաթով
մարմարիոնի
վրայ
պատկերներ
կը
դրոշմէ՝
իր
մէն
մի
տողին,
մէն
մի
բարդ
բառին
մէջ,
զոր
ստէպ
ինքը
կը
յօրինէ։
Այս
պատկերաւոր
տողերը
յաճախ
իրարու
հետ
դասական
աղերս
չունին։
Իմաստը
զանոնք
չի
կապեր.
անոնք
պաստառին
վրայ
բուռերով
նետուած
գոյներ
են,
ծեփեր
են,
որոնք
cinema-ի
մը
շարժականութիւնն
ունին։
Անոնք
մտածումէ
աւելի
միեւնոյն
սեռին
պատկանող
տպաւորութիւններ
են,
որ
հետզհետէ,
տող
առ
տող,
կ՚երթան
ոտանաւորին
ամբողջութիւն
մը
տալու,
այդ
ամբողջութիւնը
տպաւորութեան
համադրութիւնն
է,
—
բանաստեղծին
ուժականութիւնը
(dynamisme)
մտածումներուն
մսաւորումը։
Այդ
կերպ
արուեստով
թելադրուած
տպաւորութիւն
մը
անշուշտ
մէկին
ու
որոշ
պիտի
չըլլար։
Մղձաւանջ
մըն
է
ան,
որ
քեզ
իրեն
կ՚ենթարկէ.
կը
փլի
հոգիիդ
վրայ
եւ
կը
ճնշէ
զայն։
Դուն
ոչինչ
կը
տեսնես
Եարճանեանի
մէջ,
բայց
կ՚ընդնշմարես
ամէն
բան։
Մայրամուտի
արիւններուն
ետեւ
լուսագունդին
եղերական
վախճանը,
ովկիաններու
ընդերքէն
անցնող
մրրիկները,
հրդեհներու
ծուխին
միջեւ
փշրուող
ճրագները
կը
զգաս
առանց
ըմբռնելու
կամ
կ՚ըմբռնես
առանց
տեսնելու,
պաստառին
ներկերը
չեն
խօսիր
քեզի,
այլ
կը
ձգեն,
որ
իրենց
ետեւ
ծածկուած
խօսքը
դէպի
դուրս
մղուի
իրենցմով
երփնուած։
Ներաշխարհներու
ժպիտն
է
այս,
աղաղակի
փոխուած
Սիամանթոյի
նման
հզօր
գրչի
մը
տակ։
Ու
քերթողը
խորհրդապաշտ
է
ու
միստիք։
Իբրեւ
խորհրդապաշտ
կ՚ընթանայ
Անրի
տը
Ռենիէի,
Մորիս
Մեթերլինկի
եւ
Վերհառնի
ճամբով։
Այս
վերջինին
հետ
այն
սերտ
աղերսը
ունի,
որ
երկուքին
ալ
խորհրդապաշտութիւնը
(symbolisme)
ծագում
առած
է
վիպական
դպրոցէն՝
romantisme-էն։
Հիւկոյի
սանձակոտոր,
գունագեղ
եւ
ոգեկոչող
արուեստէն
շատ
բան
կայ
իրենց
մէջ։
Իբրեւ
միստիք,
Սիամանթօ
գրեց
Յեղափոխութեան
Նարեկը
եւ
Յովհաննու
Յայտնութիւնը։
Հոգեւորականները
բազմագոչ
ծովուն
եւ
լերան
փոթորիկներուն
մէջէն
ընդնշմարել
կարծեցին
Եհովային
լուսահեղ
դէմքը,
մեր
քերթողը
գրեթէ
նոյնը
ըրաւ։
Արեան
ծփանքներուն
եւ
հրդեհուող
ցորեաններուն
մէջէն
հետապնդեց
Յաղթանակին
լուսաւոր
իրանը։
Տարբերութիւնը
շրջանի
եւ
հաւատալիքի
տարբերութիւնն
է։
Արուեստը
եւ
հանգամանքները
նոյնն
են,
որ
է
ընդառաջ
երթալ
մեծ
ու
բաղձացուած
Կարելիին,
մերթ
արշաւելով
եւ
մերթ
ոգեկոչելով։
Իրապաշտ
արուեստը
աշխարհակալութիւնն
է
Ստոյգին,
իսկ
խորհրդապաշտը՝
հրաւէրքն
է
Կարելիին։
Եարճանեան
անխոնջ
հրաւիրեց
զայն
եւ
հրաւիրեց
ամպրոպային
շեփորով։
Եարճանեանի
լեզուն
գրաբարէն
սերած
Փոքր
Հայքի
լեզուն
է,
իսկական
աշխարհաբարը,
զոր
թրքահայ
գրագէտներուն
մեծամասնութիւնը
կը
կիրարկէ։
Վերջերս
եղան
մտաւորականներ,
որ
այդ
լեզուի
ճակտին
մէկ
քանի
մեղադրանք
փակցուցին՝
բոլորովին
յախուռն
ու
անարդար
կերպով։
Նախ
զայն
անուանեցին
Պոլսոյ
հայերէն,
սխա՛լ։
Պոլսոյ
հայերէնը,
ճիշտ
է,
կը
գործածեն
«Կիկօն»
եւ
«Կաւռոշը»
եւ
անոր
գրականացած
ու
զտուած
ձեւը
կը
գրէ
Թէոդիկ,
բայց
այն
աշխարհաբարը,
որ
կ՚արտահոսի
տիկ.
Զապէլ
Եսայեանի,
Ռուբէն
Զարդարեանի,
Արտ.
Յարութիւնեանի,
Նոր
Մխիթարեաններուն
եւ
միւս
թրքահայ
գրագէտներուն
գրիչէն
հեռի
է
պոլսահայերէն
ըլլալէ,
ան
Եփրատէն
Ալիս
եւ
Ալիսէն
մինչեւ
Վոսփոր
տարածուող
հայութեան
մը
բարբառն
է
գրաբարի
արմատներէն
ընձիւղուած։
Երկրորդ
մեղադրանքը
կը
կայանար
այդ
լեզուն
իրենց
կողմէ
ոչ
ժողովրդական
յորջորջելուն
մէջ։
Սակայն
կրնայի՞ն
մեզի
ցոյց
տալ
լեզու
մը,
որ
ժողովրդական
ըլլար
ու
հասկցուէր
թէ՛
մշեցի
թէ՛
վանեցի,
թէ՛
կարնեցի,
թէ՛
սեբաստացի
եւ
թէ՛
կովկասահայ
ժողովրդական
զանգուածէն
առհասարակ։
Այդպիսի
ժողովրդական
միակ
լեզուի
մը
գոյութիւնը
գոնէ
մեզի
անծանօթ
է։
Ամէն
գաւառի
ժողովուրդ
իր
լեզուն
ունի
մերթ
իրարու
նման
եւ
մերթ
տարբեր,
եւ
ամէն
գաւառի
ժողովրդական
գրող
այնչա՜փ
չի
հասկցուիր
հեռաւոր
գաւառի
մը
ժողովուրդէն,
որչափ
կը
հասկցուի
ոչ
ժողովրդական
ըսուած
մեր
արդի
աշխարհաբարը։
Սունդուկեանի
լեզուն
Խարբերդի
մշակին
համար
չինարէն
է,
իսկ
Թլկատինցիինը՝
Թիֆլիզի
հայ
բանուորին
համար
հապեշերէն,
թէպէտեւ
երկուքն
ալ
ժողովրդական
գրողներ
ըլլան։
Իմ
գաւառը
Ռ.
Զարդարեանի
ծննդավայրին
հետ
միշտ
յարաբերութեան
մէջ
ըլլալով
հանդերձ
իր
«Ցայգալոյսին»
մէջ
բազմաթիւ
տեղական
բառեր
կան.
զոր
չեմ
հասկընար՝
բառարանին
մէջ
ալ
չկրնար
գտնելու
դժբախտութիւնը
եւս
ունենալով։
Արդ՝
պէտք
է
գտնել
այն
ժողովրդական
լեզուն,
որ
գեղեցիկ
ու
զարգացած
ըլլալով
հանդերձ
համեմատաբար
զայն
աւելի
մեծ
թուով
խօսողներ
հաշւուին։
Այդ
լեզուն
արդի
աշխարհաբարն
է
թրքահայերուն
համար,
իսկ
Ահարոնեանի
ռուսահայերէնը՝
կովկասահայերուն
համար։
Երրորդ
մեղադրանքը
մեր
աշխարհաբարին
համար
այն
եղաւ,
որ
իբր
թէ
մենք
չափազանց
գրաբարի
մը
մէջ
մխրճած
ենք
այդ
լեզուն։
Անտեղի
կը
գտնեմ
նաեւ
այս
դիտողութիւնը։
Այսօր
ոչ
մէկ
թրքահայ
լաւագոյն
գրագէտ
գրաբարի
ցանցին
մէջ
ինկած
է։
Մենք,
ճիշտ
է,
հին
լեզուէն
առած
ենք
բառեր
ու
արմատներ,
բայց
բոլորովին
լքած
ենք
անոր
քերականութիւնն
ու
ասացուածքին
ներկայիս
անհասկնալի
ձեւերը։
Հին
լեզուն
պղնձէ
հանք
մըն
է,
որմէ
ճաշակաւոր
գրագէտը
բառական
տեսակէտով
շատ
բան
կրնայ
դուրս
բերել,
զտել,
յղկել
ու
կիրարկել՝
վստահ
ըլլալով,
որ
իր
ըրածը
անհրաժեշտ
եւ
բարերար
է։
Դուք
կ՚ուզէք
անշուշտ,
որ
հայ
ցեղը
ստանայ
իր
նախնի
կորովը,
ռազմիկ
նկարագիրը,
ազնուական
ու
խրոխտ
այն
ապրելակերպը,
որ
անտարակոյս
գոյութիւն
ունեցած
էր
ժամանակին,
երբ
հայութիւնը
կը
հնչեցնէր
իր
բարբառը,
բանակին
մէջ,
ռազմի
դաշտին
վրայ
կամ
կ՚ոլորակէր
իր
լեզուին
հնչականութիւնը
արքունիքներու
մարմարեայ
սիւներուն
տակ,
կամ
սեպուհներու
դահլիճներուն
մէջ,
ուր
կը
տօնախմբէին
«Տիկնայք
փափկասունք
Հայոց
աշխարհին»։
Երբ
կ՚ուզէք
անտարակոյս
հայ
ցեղին
վերադարձնել
նոյն
այս
նկարագիրը
իր
նախնիքներուն՝
ինչո՞ւ
համար
իր
գեղեցիկ
դպրութեան
պիտի
չվերադարձնենք
նոյն
այդ
նկարագիրը
լաւագոյն
կերպով
ցոլացնող
լեզուին
ամենէն
ուժեղ
եւ
արտայայտիչ
գանձերը։
Այս
երկրորդ
ուղին
է,
ուրկէ
կրնայ
քալել
մեր
աշխարհաբարը,
առաջին
ուղին
գաւառաբարբառներուն
մէջէն
կ՚երկարի,
ուր
կարելի
է
գտնել
եւ
օգտագործել
բնաշխարհի
անպաճոյճ
եւ
սիրուն
ծաղիկներ,
միամիտ
ու
սրտմօտիկ
գեղեցկութիւններ։
Ու
լեզուական
այս
ամբողջական
ձեւը,
որուն
լաւագոյն
է
որ
դիմէ
հայ
քերթողն
ու
գրագէտը,
յիմարութիւն
է
կարծել,
որ
պիտի
հաստատուի
քերականներու,
բանասէրներու
եւ
կարգ
մը
դրութենապաշտ
ըղեղներու
պարտադրութեամբ,
որ
ըստ
ինքեան
արդէն
ծիծաղելի
է։
Այդ
բանը
պիտի
ընեն
գեղագէտ-գրագէտները
իրենք,
եւ
յաջողութիւնը
ուղիղ
պիտի
համեմատի
իրենց
տաղանդին
ու
ճաշակին։
Եւ
այդ
գործը
գուցէ
կատարուի
ոչ
գիտակցօրէն,
բայց
աւելի
յստակաձեւ
իրենց
երազին
պէս
ու
հետեւաբար
աւելի
յաջողակ։
Մենք
այսպէս
կը
նախատեսենք
աշխարհաբարի
ապագան,
որ
արդէն
շատ
մօտ
կը
թուի
մեզի՝
բաւական
է,
որ
մեր
ցեղը
շարունակէ
իր
ծոցէն
դուրս
հանել
Եարճանեանի
նման
տաղանդներ։
Եարճանեանի
աշխարհաբարը
բաւական
նման
է
իր
անձին
խրոխտ,
ճկուն
եւ
վայելուչ։
Բարեկեցիկ
լեզու
մըն
է՝
չըսելու
համար
հարուստ։
Իր
դիւցազունները
ես
կարծեմ
աւելի
հզօր
պիտի
ըլլային,
եթէ
զանոնք
քիչ
մը
աւելի
հագուեցնէր
գրաբարին
պղնձէ
բովէն
հանուած
զէնուզարդով,
մարտագոռ
բառերով,
յստակ
ասացուածքներով։
Այն
ատեն
պիտի
տեսնէր,
որ
նոր
բառեր
կերտելու
ձանձրոյթին
ալ
տեղի
պիտի
չմնար
այլեւս։
Այսուհանդերձ
խոստովանինք,
որ
քերթողին
նուրբ
ու
խորհրդապաշտ
պատկերներու
վճիտ
ցոլացումը
իր
լեզուին
մէջէն՝
պատիւ
մը
եւ
ապացոյց
մըն
է
միանգամայն
մեր
աշխարհաբարին
ճոխութեանը
եւ
գեղեցկութեանը
համար։
Եարճանեանի
տաղաչափութիւնը
ազատաչափն
է
(vers
libre),
որ
բոլորովին
տարբեր
է
ֆրանսիական
vers
libre-են։
Իր
տողերը
ո՛չ
շեշտ
ունին,
ո՛չ
յանգ
եւ
ո՛չ
ալ
վանկերու
չափուած
թիւ։
Բայց
ունին
տեսակ
մը
ներդաշնակութիւն,
որ
կը
կայանայ՝
նախ
պատկերի
մը
մէկ
տողով
խտացուելուն
մէջ,
երկրորդ՝
շունչի
այն
ալիքին
մէջ,
զոր
կը
պահանջէ
այդ
տողը
եւ
որուն
երկարութեան
համեմատ
չափուած
է
իր
երկարութիւնը։
Եարճանեան
քնար
չունի։
Իր
երգը
կոփիւն
մըն
է,
զոր
մենք
նախնիքը
Նաւասարդի
տօներուն
կը
հնչեցնէին
իրենց
աշտէն
զարնելով
վահաններու
ոսկեցոլ
կումբին։
Իր
երգը
ռազմի
շեփորին
երախէն
արտահոսող
մարտահրաւէրն
է
որուն
ունկնդիր,
այսօր,
Վիրգիլիոսի
հետ
եւ
Տանդէի
գրիչով,
հիացմամբ
լի
կ՚ըսենք։
Onorate
l՚altissimo
poeta
Պատիւ
ըրէք
վսեմական
քերթողին։