ՄԵՐ
ՀԱՆԳԱՆԱԿԸ
Խռովայոյզ
շրջապատկերներէ
բոլորուած,
զորս
անգթօրէն
անստոյգ
Ճակատագիրը
կռած
է
վշտի
լայն
հարուածներով,
դէպի
ո՞ր
քօղարկուած
նպատակը
կ՚ընթանայ
հայ
արուեստագէտը՝
դանդաչելով,
որպիսի՛
ոլորտ
մը
կը
տեսնեն
իր
մոլորուն
աչքերը.
որպիսի՜
արձանի
մը
ձեւը
կ՚առնէ
իր
մարմինը
եւ
ինչպիսի՜
պար
մը
կը
դառնան
իր
մտքերը՝
կապարեայ
ծանրութեամբ
բեռնաւոր.
եւ
իր
լեզուն
ինչպիսի՜
մոգութիւն
մը
կը
բարբառի։
Ատե՛նն
էր
այլեւս,
խորհեցանք,
որպէսզի
այս
կենսական
հարցերը
ներուժօրէն
եւ
խորապէս
թրթռան
հոգիներուն
խորը
անո՛նց,
որ
իրենց
մէջ
կը
զգան
զօրութիւնը
ստեղծելու,
կերտելու
եւ
կանգնելու։
Եւ
ցանկալով
որ,
վերջապէ՛ս,
Արուեստի
Մեհեանին
ճակատը
փողփողէ
ցեղին
կուրծքին
վրայ,
մենք՝
միացած
մեր
կամքերուն
մէջ
եւ
բռնուած
ստեղծագործ
խենդութեանց
տենդովը
գիտակից
այն
ոյժերուն,
որ
կը
յանգչին
տակաւին
այս
ազգին
հոգւոյն
խորը,
կու
գանք
աղաղակել։
ա)
Պաշտամունք
եւ
արտայայտութիւն
հայ
հոգւոյն.
բ)
Ինքնուրոյնութիւն
եւ
անձնականութիւն
ձեւի
մէջ.
գ)
Մշակում՝
կենսանորոգ
պատուաստումով
մը՝
հայ
լեզուին.
դ)
Զուտ
գրականութիւնը
հեռու
պահել
քաղաքականութենէ
եւ
լրագրութենէ։
Կը
յայտարարենք
պաշտամունք
եւ
արտայայտութիւն
Հայ
Հոգւոյն.
որովհետեւ
Հայ
Հոգին
գո՛յ
է,
բայց
դո՛ւն
ուրեք
կը
յայտնուի։
Պէ՛տք
է
բեկանել
դատակնիքը,
որ
զԱյն
լռութեան
դատապարտուած
է։
Կ՚ըսենք.
Առանց
Հայ
Հոգւոյն,
չկայ
հայ
գրականութիւն
եւ
հայ
արուեստ։
Ամէն
ճշմարիտ
արուեստագէտ՝
իր
ցեղին
հոգին
միայն
կարտայայտէ։
Հայ
Հոգին՝
դարբնուած
մթին
ու
մեծաշուք
պատկերներով
լի
անցեալէ
մը.
լուսաւորուած
տխրօրէն
սեւ
արեւէ
մը,
թրծուած
կեանքի
մը
մէջ,
զոր
Գողգոթայի
ճամբարներ
կ՚ակօսեն,
մեր
օրերուն
կը
թուի
ըլլալ
հրաշք
մը,
որուն
խորհուրդները
պէտք
է
արտաբերել։
Հայ
Հոգին
իմացական
տիեզերքին
մէջ
տարր
մըն
է,
որուն
յայտնութիւնը
պիտի
զարմացնէ
խորհող
մարդկութիւնը։
Պարզել
այդ
հոգին՝
էական
պարտաւորութիւնն
է
ամէն
հայ
արուեստագէտի։
Կ՚ըսենք.
Արտաքին
գործօններ-ստացական
սովորութիւններ,
օտարոտի
ազեցութիւններ,
զգացմանց
խոտորում
եւ
ձեւազեղծում,
տիրած
են
անոր,
բայց
չեն
կրցած
ձուլել
զԱյն։
Մենք
կ՚ընդնշմարենք
զԱյն,
Հայ
Հոգին,
անոր
ճաճանչներուն
կայծկլտալը
գողթնեան
եւ
միջնադարեան
փանդիռներու
լարերուն
վրայ,
եւ
իմաստին
խորը
մեր
ժողովրդական
աւանդավէպերուն՝
փայլուն
զանակներ
մեր
ցեղային
հանճարին։
Կը
զգանք,
թէ
մենէ
իւրաքանչիւրին
մէջ
թաքչած
է
Ան,
եւ
առհաւութեան
շունչին
թելադրումներէն
միշտ
կենդանի,
պիտի
բարբառի
անմիջապէ՛ս,
որ
գտնէ
իր
ազատագրութիւնը։
Ազատագրե՛նք
զայն,
Հայ
Հոգին,
պայքարելով
նոյնիսկ
ինքզինքնուս
դէմ,
բոլոր
կապանքներէն
ու
բռնութիւններէն
այլազգի
ազդեցութիւններու։
Կը
հաւատանք.
Հայ
Հոգին՝
Լոյսն
է,
Ոյժն
է,
Կեանքն
է,
մարմնաւորուած
անդրիական
շքեղութեանը
մէջ
Արիական
ցեղին,
որուն
կը
պատկանինք։
Կը
յայտարարենք
ինքնուրոյնութիւն
եւ
անձնականութիւն
ձեւի
մէջ.
որովհետեւ
հա՞րկ
է
կրկնել
այս
տարրական
ճշմարտութիւնը,
ամէն
արուեստագէտ
պարտի
ըլլալ
ինքնուրոյն
եւ
անձնական
ձեւին
ու
խորքին
մէջ
իր
գրուածքներուն։
Որովհետեւ
հա՞րկ
է
ըսել
տակաւին,
արուեստը՝
յայտնատեսական
ստեղծագործութեան
եղանակով,
իրականացումն
իսկ
է
ներքին
եսին,
որով
եւ
ո՛չ
մէկ
նախանշանակեալ
ազդեցութիւն
կրնայ
թոյլատրելի
ըլլալ։
Կ՚ըսենք.
Մեր
հոգին,
որ
Հայ
Հոգին
իսկ
պիտի
ըլլայ,
պիտի
ընդանցնի
այն
բոլոր
ձեւերուն
մէջէն,
զորս
մենէ
իւրաքանչիւրին
զգայականութիւնն
ու
ներքին
կշռոյթը
կը
թելադրեն։
Կը
ժխտենք
ի
յառաջագունէ
տրուած
կաղապարեալ
ձեւերու
հարկադիր
հպատակութիւն։
Կը
նախընտրենք
արտայայտութեան
գործիները՝
հարազատ
բոլոր
ձեւերը,
որ
կրած
են
Հայ
Հոգին
մեր
տոհմային
արուեստի
ու
գրականութեան
մինչայժմեան
երեւոյթներուն
մէջ,
բայց
կը
յայտարարենք,
բայց
կը
պահանջե՛նք
անկախութիւն
արտայայտութեան
ամէն
ձեւերու,
որովհետեւ
կը
հաւատանք,
թէ
մինչեւ
որ
չըլլայ
ինքնուրոյնութիւն
եւ
անձնականութիւն
ձեւերու
մէջ՝
չենք
ունենար
ինքնատպութիւն,
չենք
ունենար
ստեղծագործական
նորանոր
հարստութիւններ։
Կը
յայտարարենք
մշակում
կենսանորոգ
պատուաստումով
մը՝
հայ
լեզուին,
որովհետեւ
կը
հաւատանք,
թէ
մեր
լեզուին
կատարելագործման
իտէալը՝
անբաւական
կը
համարի
այն
տարրերը,
զորս
կ՚օգտագործէ
հայ
լեզուն
ներկայիս։
Ո՛չ
մէկ
գաւառաբարբառ
առանձինն՝
գոհացում
կու
տայ
անոր,
նոյնիսկ
ըլլայ
ան
ոստանիկ
բարբառ
մը,
ինչպէս
կը
կոչուի
պոլսահայ
բարբառը։
Հռչակելով
մաքրագործումը
հայ
լեզուին՝
բազմաթիւ
օտարահունչ
բառերէ,
կ՚որոշենք
դիմել
հայ
լեզուին
զանազան
աղբիւրներուն,
գրաբարին
եւ
բնաշխարհի
հայ
բարբառին
եւ
որդեգրել
հարազատ
ու
հայեցի
բառերը,
բացատրութիւններն
ու
ասութիւնները
եւ
պատուաստել
զանոնք
մեր
գրական
լեզուին,
առանց
մեղանչելու
անոր
ներդաշնակութեան
օրէնքներուն
դէմ։
Կ՚ուզենք
հիմնել
լեզուի
գեղեցկագիտութիւն
մը՝
նոր
գիծերու,
նոր
գոյներու,
նոր
շեշտերու
յաւելումով։
Կը
յայտարարենք
զուտ
գրականութիւնը
հեռու
պահել
քաղաքականութենէ
եւ
լրագրութենէ,
որովհետեւ
երկու
վտանգներ
են
անոնք,
լրագրութիւնը
եւ
քաղաքականութիւնը,
որ
մեր
օրերուն
դարանակալ
կը
սպասեն
հայ
արուեստին
շուրջ։
Մենք
դէմ
չենք
ո՛չ
մէկուն
եւ
ո՛չ
միւսին
—
ո՛չ
լրագրութեան
եւ
ոչ
քաղաքականութեան՝
ցորչափ
անոնք
իրենց
դերին
մէջ
կը
մնան։
Բայց
մենք
պիտի
ըմբոստանանք
ամէն
անգամ,
որ
անոնք
փորձեն
արուեստին
եւ
գրականութեան
անունով
ներկայանալ
եւ
կամ
զանոնք
զէնք
դարձնել
իրենց
նպատակին
ծառայելու
համար։
Մենք
կը
պահանջենք
արուեստին
կատարեալ
անկախութիւնը։
Արուեստը
խենդութիւն
մըն
է,
եւ
իբր
այս,
ան
կը
մնայ
վեր
յեղափոխութիւններէ
եւ
յետաշրջականութիւններէ։
Ինքն
իսկ
ըլլալով
կրօնական
մոլեռանդութիւն
մը,
վե՛ր
է
նաեւ
ամէն
կրօնքէ։
Ցեղ
մը,
որ
կ՚ուզէ
ապրիլ՝
պարտաւոր
է
ստեղծել։
Մեհեան
մը
պէտք
էր
կանգնել։
Մենք
կ՚ուզենք
ծառայել
անոր
կառուցման։
Մեր
հայկական
եւ
խորապէ՛ս
արիական
հոգին՝
մերթ
անսպասելի
եւ
տարօրինակ,
եւ
մերթ
ամբարձիկ
գիծեր
պիտի
գտնէ
անոր
սիւներուն
վրայ,
թերեւս
անախորժ,
թերեւս
ընդուըզեցնող,
բայց
միշտ
անկեղծ։
Մեհեան
մը
պէտք
էր,
որ
ստեղծուէր,
մենք
կ՚ուզենք
ստեղծել
զայն։
Ո՛վ
որ
կը
հաւատայ՝
թող
ներս
մտնէ,
դրան
առջեւ
թողլով
անցեալին
ու
ներկային
հանդէպ
կոյրզկուրայնութիւնն
ու
նախապաշարումները,
ներս
տանելով
երիտասարդութիւն,
խանդավառութիւն
եւ
մանաւանդ
ստեղծագործական
կորով։
Դրան
վերեւը՝
իր
աչքերուն
պիտի
բախի
քանդակուած
արձանագրութիւնը՝
Ստեղծե՛նք
։
Ստեղծե՛նք,
ապրելու
համար
տեւականութեան
մէջ,
ստեղծե՛նք,
հոն
այդ
տեւականութեան
մէջ,
մեր
ցեղին
նոր
շեշտերը
աւելցնելու
համար
տիեզերական
մեծ
համերգութեան
վրայ։
Դանիէլ
Վարուժան
Յակոբ
Քիւֆէճեան
Ահարոն
Կոստան
Զարեան
Գեղամ
Բարսեղեան