Յօդուածներ եւ ելոյթներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՈՒՍԿ ԲԱՆՔ

Ազնի՛ւ հանդիսականներ.

Ամառ է եւ հունձքի եղանակ. դուք կ՚ուզէք գաղափար մը կազմել մեր մշակած արտերուն վրայ։ Այդ ձեր իրաւունքն է։ Մենք երկու տեսակ արտ ունինք՝ այն, որ հասունցած է եւ այս տարի կը հնձենք, եւ ա՛յն, որ դեռ կանանչ է եւ ի լինելոյ ։ Այս վերջինը կը կազմեն մեր բոլոր սա աշակերտները, զուարթ եւ աշխոյժ պատանեակները, զոր դուք կարմիր ու ոսկետառ մատեաններով վարձատրեցիք՝ իւրաքանչիւրը իր արժանիքին համեմատ։ Այժմ կարմիր-կարմիր մրցանակներով երփնուած են այդ մատաղ աշակերտները։ Դուք այդ կանանչ արտը բոսոր կակաչներով պճնեցիք՝ տալով անոնց հրավառ արշալոյսի մը երեւոյթը՝ լի Յոյսով եւ ապագայի Խոստումով։

Ընդունեցէք մեր շնորհակալութիւնը։

Միւս հնձուած արտը սա հինգ երիտասարդներն են, մեր այս տարուան շրջանաւարտները։ Այդ հասկաթուռ երախայրիքը կ՚ընծայենք Կեանքին ու Ազգին։ Բայց սնոտի պարծանքը չունինք ըսելու, թէ բոլորովին մեր արդիւնքը կը կազմեն անոնք. երբե՛ք։

Մեր միամեայ պաշտօնավարութիւնը՝ եօթը տարուան գործ չէր կրնար տեսնել։ Մենք նմանեցանք այն ժամագործին, որուն արուեստին ու խնամքին կը յանձնեն արդէն իր անիւներովը, սլաքներովը ու զսպանակներովը բոլորովին շինուած ժամացոյց մը՝ ժամացոյց մը որ հակառակ այս բոլորին՝ կը կաղայ իր ճշտապահութեանը մէջ, տասը վայրկեան, քառորդ մը, կէս ժամ ետ կը մնայ, կը խաբէ գործածողը։ Մենք առինք այդ գործիքը, ուսումնասիրեցինք, աշխատեցանք անոր վրայ, ու բաղդատմամբ աւելի խոշոր այդ մեքենաներուն աւելցուցինք փոքրիկ անուակ մը, փոքրի՛կ, բայց կարեւո՜ր, ժամացոյցը ճշտապահ եւ գործածելի ընելու համար։ Ու յետոյ աւելցուցինք ոսկի ջնարակը, գեղեցիկ ըրած ըլլալու համար մեր տուած արդիւնքը։

Եւ ահաւասիկ արդիւնքը, ահա հինգ շրջանաւարտ պատանիները, զոր կ՚ընծայենք… Կեանքին ու Ազգին ։

(Այստեղ պ. Վարուժան շրջանաւարտներուն վկայականները բաշխելէ վերջ՝ խօսքը անոնց ուղղելով` ըսաւ).

Սիրելի՛ աշակերտներ, բարեկամնե՛ր։ Այսուհետեւ, Ուսումնարանը պիտի թողուք այսօր, եւ ես ուրիշ ի՛նչ կրնամ ձեզի ըսել, բայց եթէ կրկնել սպարտացի ծնողքին այն բառերը, երբ պատերազմի համար պատրաստելէ վերջ իր զաւակը, տուաւ անոր նիզակին հետ լայնակումբ ասպարը եւ ըսաւ. «Կամ վահանովդ դարձիր, կամ վահանիդ վրայ»։ Պաշտպանման ու յարձակման ծառայող ձեր վահանը՝ անխոցելի Ուսումն ու Գիտութիւնն է եւ զանոնք խորհրդանշող՝ Վկայականը։ Ատոնք տուինք ձեզի եւ ահա ձեզ ճանապարհ կը դնենք։ Կամ անոնցմով կը դառնանք, կամ անոնց զոհը կ՚ըլլաք։ Երբեք չենք ներեր ձեզի, որ դրժէք ամբարած ձեր Ուսման դէմ, կամ զայն թողուք կեանքի ռազմադաշտին վրայ ու փախուստ տաք։ Այդ պարագային դուք կ՚ըլլաք թշուառական դասալիքներ՝ կարեկցութիւն մուրալու միայն արժանի։

Լաւ համոզուեցէք, որ դպրոցը ամէն բան ձեզի չտուաւ, եւ չէ՛ր ալ կրնար ամէն բան տալ։ Յաջողութիւնը դուք անձամբ այսուհետեւ պիտի գտնեք։ Մենք անոր ճամբան միայն սորվեցուցինք։ Ձեզի տուինք երեք ոսկեղէն բանալիներ՝ յաջողութեան երեք դուռեր բանալու համար։

Առաջին դուռը, պարոննե՛ր, Երազի ու Սրբութեան դուռն է, ուրկէ կը մտնէք ընտանեկան օճախը։ Ընտանիք մը պիտի պահպանէք եւ ընտանիք մը պիտի կազմէք։ Անոնց բաղկացուցիչ տարրը, հիմն ու շաղախը, ձեր մէջն իսկ պէտք է փնտռել, սրտին սէրը եւ մտքին լույսը։ Եթէ դուք գիտցաք սիրել հայր, մայր, քոյր ու եղբայր, եթէ անոնց յոյսերը պսակեցիք, քրտինքը սրբեցիք, անձնուիրաբար աշխատելով անտրտունջ եւ հեզահամբոյր կրցաք հանգչեցնել ձեր ծնողաց վաստակաբեկ ոսկորները եւ արժանաւոր յաջորդը, պահեստի ոյժը եղաք ձեր հօր, դուք այդ պարագային կրցած էք լիուլի սիրել եւ երջանիկ ըլլալ ու երջանիկ ընել ընտանեկան օճախը։ Եթէ դուք կրցաք ձեր հօր ըրածէն բան մը աւելի ընել, պարզ քարէ շէնքէն վերջ՝ մարմարէ շէնքը բարձրացնել, ձեր արենակիցները քիչ մը աւելի նիւթական ու բարոյական վիճակի մը մէջ փոխադրել, դուք այդ պարագային վստահ կրնաք ըլլալ, թէ այդ դուռէն յաջողապէս ներս մտած էք եւ թէ ձեր առած Ուսումը ընտանեկան յարկին մէջ ու լուսասփիւռ ձեղնաջահը եղած է արժանաւոր կերպով, եւ թէ վերջապէս յաջողութեամբ գործածած էք այն առաջին ոսկեղէն բանալին՝ զոր յանուն Երջանկութեան տրուեցաւ ձեզի։

Երկրորդ դուռը մռայլ ու ծխապատ, փոշիով ու սոսկումով ծեփուած պղնձէ դուռն է, որ կը բացուի կեանքին կրկէսին վրայ, ուր ձեր նմաններն օրն ի բուն կը գոտեմարտին, հացին յաւիտենական կռիւը կը մղեն։ Հոն դուք պիտի չգտնէք գորովը ձեր ծնողքին, ներողամիտ նայուածքները ձեր դաստիարակներուն, գութի քաղցր խօսքեր, սիրոյ մրմունջներ։ Հոն նենգն ու մռունչը գոյութիւն ունին, պիտի քարընդոնեն ու մղեն ձեզ դէպի կորուստի անդունդը, ձեր անկումին վրայ հաստատելու համար յետոյ իրենց յաղթութիւնն ու շահի ոսկեղէն հորթը։ Դուք քաջասիրտ ու ինքնավստահ պէտք է մտնէք այդ խառնուրդին մէջ։ Այդ պայքարէն յաղթական ելլելու համար մի փնտրէք ուրիշ զէնքեր, ուրիշ զրահներ, որոնք որքա՛ն անպատիւ՝ այնքան ալ անվստահելի են սովորաբար։ Ձեր զէնքը ձեր առած գիտութիւնն է, որուն վրայ կրնաք վստահիլ եւ յաջողապէս եւ պատուաւորապէս մղել ձեր պայքարը։ Այդ զէնքը պարտաւոր էք դեռ կատարելագործել կեանքին մէջ, օրուան պահանջներուն, միջավայրի պէտքերուն ու փորձառութեան դասերուն պատշաճեցնելով։ Վերջապէս կեանքի հրեղէն հնոցին մէջ ջրդեղել պէտք է ա՛յն, զոր Ուսումնարանը տուաւ ձեզի եւ որուն վրայ դուք կրնաք ապահով կռթնիլ եւ ուղղել մէկ կողմէն ձեր հարուածը չարին ու վնասակարին դէմ, եւ միւս կողմանէ՝ ձեր եղբայրական ձեռքը դէպի բարին ու շինարարը։ Այն ատեն, սիրելի պարոններ, դուք յաջողապէս գործածած պիտի ըլլաք նաեւ այն երկրորդ ոսկեղէն բանալին, զոր յանուն Յաջողութեան տրուեցաւ ձեզի։

Երրորդ դուռը արիւնլուայ եւ լալաճռինչ դուռն է, զոր պիտի բանաք մտնելու համար Հայրենի երկիրը, փշաստա՜ն ու բուրաստա՜ն։ Դուք պիտի չճանչնաք միմիայն տունէն խանութ տանող ուղին։ Դուք իբրեւ դաստիարակուած երիտասարդներ, հաւատարիմ պիտի ըլլաք տոհմային կրթութեան ու հայ արիւնին, որ սերունդէ-սերունդ եկած՝ ձեր երակներուն մէջ կը հոսի։ Մենք զձեզ երբ կը հանենք Ուսումնարանէն իբրեւ շրջանաւարտներ, չենք ուզեր խառնել այն մարդերուն հետ, որոնց համար աշխարհը իրենց ստամոքսի մեծութիւնն ու արժէքը ունի միայն, որոնք իրենց շուքէն անդին չեն ուզեր խորհիլ եւ ոչ ալ գործել իրենց շահաստանէն անդին։ Մենք ձեզ զինուորագրուած տեսնել կ՚ուզենք այն փոքրաթիւ մտաւորականներու գունդին, որոնք ընտրեալներն են ազգին իբրեւ խորհող ու պայքարող ըղեղներ, որոնք ունին տիեզերական սիրտ մը, որ այս երկրին բոլոր տարրերուն համար ու ի մասնաւորի իրենց ազգակիցներուն ի շահ` իրենց ուսման եւ կարողութեան լաւագոյն մասը կը զոհաբերեն, որոնք գրական կամ գիտական, քաղաքական կամ տնտեսական ամուր սկզբունքներու տիրացած՝ այս աւեր ու աւերակ երկրին ճակատագիրը դարբնելու համար իրենց մտածումը մուրճ կ՚ընեն ու իրենց լուսաւոր ճակատը՝ սալ անխորտակելի, որոնք, վերջապէս իտէա՜լ ունին՝ առանց որոյ հայ զարգացած երիտասարդ մը կամ զզուելի եսապաշտ մըն է եւ կամ բուսական կեանքով ապրող ոչնչութիւն մը։ Իտէա՜լ ունեցէք, պարոննե՛ր, չարդարացնելու համար Կեօթէի ամբաստանութիւնը, թէ հայը ծալապատիկ նստած կը հաշուէ, կամ գոնէ ցոյց տուէք թէ հայուն հաշուածը չէ միայն տափակ մետաղը, այլ նաեւ յոյսի եւ լոյսի բոլոր այն շիթերը, որոնցմով օր մը պիտի պսակէ յաղթական կոթողը իր ցեղին քաղաքակրթութեան։ Եւ ի՛նչ կռուանի վրայ պիտի բարձրանայ այս կոթողը, անոր խարիսխը, պարոններ, պէտք է հաստատել լոյսին եւ քրտինքին վրայ, Գաղափարին ու Աշխատանքին վրայ։ Խորհի՜լ ու կիրարկե՜լ ահա փրկութիւնը անհատին ու մարդկութեան, որուն ի շահ ինկածները նահատակներ են եւ յաղթողները՝ անմահներ։

Նոյն կռուանին վրայ հաստատեցէք ձեր գոյութիւնը՝ ձեր ճիգերուն հետ. եւ պիտի տեսնէք, որ յաջողապէս գործածած պիտի ըլլաք նաեւ այն երրորդ ոսկեղէն բանալին, զոր յանուն Յաղթանակին տրուեցաւ ձեզի։

Ուսումնարանին այս երեք աւանդներովը կը մեկնիք ուրեմն։ Մի մոռնաք այս Հաստատութիւնը, որ սահմանուած է կատարելու մեծ ու փրկարար գործ մը՝ մասնաւորապէս այն Հասարակութեան մէջ, որ բաղդատմամբ միւսներուն՝ աւելի շատ պէտք ունի տոհմային դաստիարակութեան ու զոհաբերող նկարագրի։

Յոյսով ու հաւատքով լեցուն, գօտեպնդուած խրախոյսով՝ ահա ճամփայ կը դնենք զձեզ։ Յիշեցէ՛ք սպարտացի մօր պատուէրը։ Եւ երբ օր մը երկարամեայ կեանքի պայքարէն վերջ վերադառնաք ու այցելէք այս Ուսման Վառարանը, որուն շուրջ ձեր պատանեկան օրերն անցուցիք, ձեր ճակատներէն ցոլացող ճառագայթը անեղծ ու մաքուր մնացած ըլլայ՝ նման այն ճառագայթին, որ ցոլքն է այս Հաստատութեան ձեղունէն կախուած Լուսաւորչի աւանդական կանթեղին։