ՀԵՏԱՔՐՔԻՐ
ՈԳԻԻՆ
(Պատասխան)
Հոն,
վհերուն,
քարայրներուն
մէջէ
ձայն
մը
կը
լսեմ,
հեռուն,
շատ
հեռուն,
իմ
անունս
կու
տան,
շա՜տ
հեռուն,
հաւատարիմ
զեփիւռներս
ինծի
կը
բերեն
իր
մրմունջները։
Ո՞վ
է
ան,
որ
յափշտակութեանը
վայրկեաններս
կու
գայ
խանգարիլ.
քնարս՝
իր
երազկոտ
թրթռումներուն
մէջէ
կը
«թափի
զինքը
փնտռող
հետաքրքիր
կանչերէ,
որոնք
հեռուէն,
լեռան
վրայ
կը
սահին՝
առանց
դառնալու
հոս,
վարը,
քաղքին
մէջ…
Իջի՛ր,
իջի՛ր,
ո՛վ
ոգի…
Ձգէ՛
վայրի
խուզարկութիւններդ,
թո՛ղ
լեռներու
եւ
ձորերու
ելեւէջները,
անոնք
պիտի
յոգնեցնեն
քեզ։
Ես
վհերու
մէջ
չեմ,
քարայրներու,
խաւարներու,
ստորերկեաններու
անծանօթներու
մէջ
չեմ,
այլ
վիհը,
քարայրը,
խաւարը,
անծանօթը՛
իմ
մէջս
է։
Ես
մարդերո՛ւն
մէջ
եմ,
եւ
բնութիւնը՝
մարդերուն
մէջ
է։
Իջի՛ր,
ես
վարն
եմ։
«Ոսկի
հասկը»,
«Վարժապետը»,
«Հայր,
օրհնէ՛»,
«Մոխիրները»,
հիւղակին
վարն
են։
Հոն,
ուր
նիհար
բազուկներ
դէպի
երկինք
«հա՜ց
կաղաղակեն,
հոն,
ուր
դժգունած
դէմքեր
գերեզման
կ՚իջնեն,
հոն,
ուր
կեանքի
պրկումները
կը
ճարճատին,
հոն,
ուր
մարդկային
սրտերու
տապկումը
մոխիրներու
մէջէ
իր
ճենճերով
երկինքը
կը
սնեցնէ։
Ես
վշտին
մէջ
եմ,
ուստի
մարդերուն
մէջ
եմ։
Արդ
երկնցուր
ինծի
ձեռքդ
եւ
իջիր։
Առանց
«Զիրտուշդի»
դիմակիս
դպչելու,
նոյնիսկ
սոխակը,
որուն
երգը
մերինին
պէս
թէժ
չէ,
տերեւներուն
տակ
ծածկուած
կ՚երգէ։