Յօդուածներ եւ ելոյթներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ԵՂԻԻ» ԲԱՑԱԾ ԳՐԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄԸ

Մրցման նիւթերը…

«Անոյշ ձայն» խորագրով գրութիւններին խմբագրութիւնը ուրիշ քանի մը անձինքներուն քննութեամբ առաջին դատեց Շշուկի գրուածը։

Այս ծածկանուն սիրով [1 անընթ. ] յայտնենք քննողներուն արգելուած էր գրողին իրական անունը գիտնալ. անաչառութիւնը գործին հոգին կազմեց:

Առաջին հանդիսացողը առաւ իբրեւ մրցանակ «Իլիական» մը, լաւ տպագրութեամբ։

Իր յօդուածը այս թուով «Եղին» կը հրատարակէ։ Խնդիրքին համեմատ ծածկածը ծածկանուն պահելով։

Գալով միւսներուն, կը փութամ վ[երապատիւ] խմբագրին յանձնարարութեամբ ըսել իրենց պակասութիւնները եւ սակաւաթիւ առաւելութիւնները։

Անմահ ծածկանունին. ոտանաւորիդ մէջ ընդհանրապէս ներդաշնակութիւնը լաւ է. քանի մը տեղ միայն իմաստի ամբողջացումը եւ կէտադրութիւնը անդամին շեշտը կ՚այլայլին։

Օր[ինակ] կ՚ըսես.

«Սակայն մէկ օ՛ր, մէ՛կ տարի, մէ՛կ դար… եւ յետո՛յ վերըստի՛ն հոս»։ «Մէկ դար»էն վերջ երեք կէտը աւելորդ է. ընթերցողը կը ստիպուի «դար»էն վերջը կենալ եւ անդամը միայն կազմել, մինչդեռ անդամը կը կազմուի «յետոյին» շեշտող. այդ երեք կէտը ուրիշ բան չ՚ըներ, բայց եթէ անդամին մէջտեղէն կտրել եւ խեղճ տողը կ՚աղցնել։

Նոյնպէս հոս.

«Անոյշ ձայներն» անհետացա՛ն բոլոր… մի՛ ձայն միայն էր։ Նոյն եւ հոս, բայց նախընթաց միջակէտէն նուազ. զգալի գերեզմանիս ալ մէջ կը յանգչի՛մ. հիմա կարդա՛ մի՛ առ մի՛։ Գալով ոտանաւորին զգացման եւ իմաստին՝ fiasco։ Յաջող վերջաւորութեան խօսք չկայ, բայց գրութիւնը սեփական զգացում չը կրեր, եւ ինչպէս կայ, որ կրէ, քանի որ իբրեւ ամուսին իր զաւկներու տէր հայր մը կը խօսիս. դեռ ժամանակ կայ, համբերութիւն։ Երկրորդ տունը այս իմաստը կը կրէ, «Գերեզմանիս այցելեցին… հայր եւ մայր եւ ամուսնոյս հետ թեւախառն որդուոյս պար եւ հիւրալի պարահանդէս չենք երթայ»։

Գիտեմ, թէ «պար» բառը հոս երկրորդ իմաստով «խումբ» կը նշանակէ. բայց պէտք չէիր գործածել, քանի որ աշխարհաբար կը գրես, քանի որ ժողովրդին մտքին մէջ այդ բառը տարբեր իմաստով ուրախալի պատկեր մը կը ներկայացնէ։

Նոր փորձ, յաջողութիւն կը մաղթեմ։

Եւոլին Տաւիղին. Գրութիւնդ վարդապետական է. ասոր հակառակ, ջանք մ՚ունիս զգայուն գրել. այս երկու ոճերու միացումէն գրական տիրացւութիւն առաջ կու գայ։ Ուղղագրութեան եւ կէտադրութեան ուշադիր։ Շարադրութեան կերպ ունիս. չուրացուիր։

Բայց ի՞նչ է վերնագիրդ՝ «Անոյշ ձա՞յն»։ Լաւ է «Անցեալս եւ ներկաս» ըլլար այն։ Դուն տրուած վերնագրին վրայ չես կեդրոնացուցած գաղափարներդ, վասնզի անոր վրայ ունեցած իմաստներդ աղքատ եղած են… եւ ցրցոնք[եր] ես մտածումներդ թուղթ լեցնելու համար, թէ երկու-երեք անգամ ալ այսպէս գրութիւն ընես, նոր գաղափար գտնելու համար, բերանդ օդին պիտի բանաս. գէթ ես այսպէս կը գուշակեմ։

Գանք մանրամասնութեանց։

Տեղ մը կը գրես. «Մանկութիւնը ծաղիկ մ՚է, աղօթքը նորա բուրումը»… Կը հարցնե՞մ. միայն աղօ՞թքը։ Եթէ միայն աղօթքն է այդ մանկութիւնը, որքա՜ն անհոտ ծաղիկ պիտի ըլլար, քանի որ ընդհանրապէս մանուկը աղօթելէն կը փախչի։

Ուրիշ տեղ մը. «…Զեփիւռէ բերուած տաւիղներու մրմունջքին»։ Տաւիղին ձայնը, որ աշխարհէն ալ գայ՝ մրմունջք չ՚ըլլայ։

Ուրիշ տեղ մը. «Մայրս արեւ մ՚էր երկնայի՜ն. նորա ճաճանչներն էին սիրոյ անոյշ ձայներն, որ կ՚արտասանէր», «Մայրս արեւ մ՚էր». նախ այս նմանութիւնը ուռուցիկ է։ Յետոյ ճաճանչը ո՜ւր, ձայնը ո՜ւր։ Դարձեալ այս նմանութիւնը սխալ է ընել. ի՞նչ պարտապանաց բան կ՚ըլլայ. երբ որ ըսեմ արեւուն կ՚երգէ եւ մանտոլինին կը ճառագայթէ։

Ուրիշ տեղ մը. «Ինչո՞ւ մեր սիրտերը կը հետեւին այն անուշ ձայներուն, որ կը գոլորշանան օդին մէջ»։ Կը գրես, պարոն, սակայն ձայնը չի գոլորշանար. կամ բառին հոգին չես հասկցած կամ բանաստեղծութիւնը անճշտութիւն կարծած ես։

Գրութիւնդ այսպիսի եւ ուրիշ տեսակ նմանութիւններով, սխալներով առատ է, այս առաւելութիւնն ունի, որ խանդով գրուած է, պիտի լաւնայ, եթէ ուշադրութեամբ գրուէր։ Վհատիլ չէ, յաջող [1 անընթ. ] կը մաղթեմ։

Անցնինք։

Սուլիչին. Ֆի՜ւտ, առաջին անգամ ես քեզ սուլեմ։ Խեղճութիւ՜ն։ Ին՜չ «Անոյշ ձայն», աստուած իմ, ճիշտ կեղծանունիդ ձայնին կը նմանէր…