Բ
դաս
Ընթերցումը
Հարց.
—
Լաւ
գրելու
համար
պէ՞տք
է
կարդալ։
Պատ.
—
Լաւ
գրելու
համար
անհրաժեշտ
է
կարդալ։
Բոլոր
մեծ
ու
փոքր
տաղանդները
նոյնն
ըրած
են։
Բագրատունին
կատաղի
ընթերցող
մը
եղած
է
Աստուածաշունչին
եւ
Հոմերոսին։
Թովմ.
Թերզեան,
Գրիգոր
Օտեան,
Ռ.
Պերպերեան
Վ.
Հիւկոյի
անխոնջ
ընթերցողները
ճանչցուած
են։
Եղիշէ
եպիսկ.
Դուրեան
եւ
Արփիար
Արփիարեան
իրենց
ոճը
մեծ
մասամբ
Ռընանի
ընթերցումին
կը
պարտին։
Ս.
Շահազիզ,
Ռ.
Որբերեան
Պայրընի
կաղապարին
մէջ
կազմաւորած
են
իրենց
գրելու
եւ
նոյնիսկ
խորհելու
եղանակը։
Աւ.
Իսահակեան
եւ
Յովհ.
Թումանեան
կարդացեր
են
գրեթէ
բոլոր
աշուղներն
ու
ժողովրդական
երգերը։
Ատոմ
Եարճանեան
կը
խոստովանի,
թէ
իր
թելադրիչ
հեղինակներն
են
Նարեկացին
եւ
Էմիլ
Վերհառն։
Հարց.
—
Որո՞նք
են
ընթերցումին
առաւելութիւնները։
Պատ.
—
Նախ
կ՚օգնէ
մեր
զարգացման
եւ
կ՚արծարծէ
մեր
ներշնչումը։
2.
Ընթերցումէ
մը
վերջ
շատ
անգամ
մարդ
կը
զգայ
իր
գրական
կոչումը,
վասնզի
իր
միտքը
կը
բացուի
եւ
կը
տեսնէ
շատ
մը
աղբիւրներ,
որոնցմէ
կրնայ
խմել։
3.
Ընթերցումը
կը
ցրէ
ամլութիւնը,
կը
գրգռէ
իմացականութիւնը
եւ
ասպարէզ
կը
բանայ
երեւակայութեան։
4.
Ընթերցումը
միջոց
մըն
է
ներշնչումը
գտնելու։
Գրագէտներ
կան,
որ
մեծ
հեղինակէ
մը
առանց
բան
մը
կարդալու
չեն
սկսիր
աշխատիլ։
Հարց.
—
Ի՞նչ
հեղինակներ
նախ
պէտք
է
կարդալ,
գրել
ուսանելու
համար։
Պատ.
—
Որչափ
կարելի
է
ամենէն
լաւ
հեղինակներն
կարդալու
է։
Մասնաւորապէս
այն
հեղինակները,
որոնք
ամենէն
աւելի՛
մօտ
են
մեր
հակումներուն
եւ
զոր
կրնանք
իւրացնել,
վասնզի
կան
հեղինակներ,
զոր
դիւրաւ
կը
իւրացնենք,
եւ
ուրիշներ,
որ
չեն
իւրանար։
Ձեր
առաջին
քայլերուն
պէտք
չէք
կարդալ
ոչ
Նարեկացին,
ոչ
Տիրան
Չրաքեան
եւ
Եղիա
Տեմիրճիպաշեան,
ոչ
Միսաք
Մեծարենց
եւ
Սիամանթօ,
ոչ
Թլկատինցին
եւ
Լեւոն
Սեղբոսեան։
Թլկատինցիին
եւ
Մեծարենցին
ոճը
աննմանելի
են,
միւսներունը
լեզուի
եւ
արուեստի
տեսակէտով
այնքան
անձնական,
ոչ
դասական
եւ
յանդուգն
են,
որ
կարդալով
կրնաք
անբնականին
եւ
խրթինին
մէջ
իյնալ։
Դարձեալ
ձեզի
չեմ
յանձնարարեր,
որ
կարդաք
ազգ.
երգերը,
որոնք
ձեզ
տափակութեան
ու
հռետորութեան
մէջ
կը
ձգեն։
Այս
բոլորին
ընթերցումը
կրնաք
վերջը
թողուլ։
Նախ
պէտք
է
սկսիք
կարդալ
ինչ
որ
պարզ
է,
դասական,
անկեղծ
եւ
ճշդութեան
ու
պայծառութեան
օրինակ։
Կարդացէք
յաճախակի
Հոմերոս
եւ
Վերգիլիոս
՝
նախընտրելով
Հ.
Ա.
Ղազիկեանի
թարգմանութիւնները։
Այդ
հանճարներու
մէջ
կը
գտնէք
բոլոր
գրական
դպրոցներուն
եւ
ներշնչումներուն
խտացումները,
որոնց
մէկուն
ինքնաբերաբար
պիտի
հետեւիք։
Կարդացէք
նոյն
թարգմանչին
Օսիանը
՝
մաքուր
արձակի
թելադրիչ
ու
գունագեղ
ոճի
իբրեւ
նմուշ։
Կարդացէք
Ռ.
Զարդարեանի
«Ցայգալոյսը»՝
վարժելու
համար
դիտող
նկարչագեղ
ոճի
նրբութիւններուն։
Կարդացէք
Ա.
Չօպանեանի,
Ա.
Ահարոնեանի,
Եղիշէ
եպիսկ.
Դուրեանի
ներդաշնակ
եւ
հոսանուտ
արձակները,
ինչպէս
նաեւ
Սրբուհի
Տիւսաբի
«Մայտան»,
որ
իր
կտրուկ
նախադասութիւններով
ամենէն
շատ
իւրանալի
ոճն
է.
բայց
միշտ
զգո՛յշ
եղէք
իր
կարգ
մը
գրաբառախառն
ձեւերէն
եւ
ասացուածքներէն։
Կարդացէք
մեր
քերթողներէն
Մկ.
Պէշիկթաշլեան,
Թովմաս
Թերզեան,
Ռ.
Որբերեան
եւ
յետոյ
միայն՝
Պետրոս
Դուրեան,
եւ
Ալիշան։
Ամենէն
աւելի
իբր
ոճաբան
կը
յանձնարարեմ
ձեզի
արձակագիրներէն
Եղիշէ
եպիսկ.
Դուրեան,
Ռ.
Զարդարեան
եւ
Ա.
Չօպանեան
(այս
վերջինս
այն
առաւելութիւնը
ունի
մասնաւորապէս,
որ
ձեզի
անմիջապէս
կը
յայտնէ
իր
գրուածքին
յատակագիծը)։
Քերթողներէն
յանձնարարելի
են
(բացի
Եղիշէ
եպիսկ.
Դուրեանէն,
որ
իր
ոտանաւորներուն
հիւսուածքին
գաղտնիքը
իրեն
միայն
ծանօթ
է)
Մկ.
Պէշիկթաշլեան,
Ռ.
Որբերեան
եւ
մասնաւորապէս
Թովմաս
Թերզեան
իբրեւ
քաջ
ոճագէտ։
Հարց.
—
Ինչպէ՞ս
պէտք
է
կարդալ։
Պատ.
—
Ընթերցման
օգուտը
կախում
ունի
ընթեռնելու
եղանակէն։
Առանց
նօթագրութեան
կարդալը
կարդալ
չէ,
քանի
մը
ամիսէն
մարդ
չի
գիտնար,
թէ
ինչ
կը
պարունակէ
այս
կամ
այն
գիրքը։
Ճշմարիտ
յիշողութիւնը
կը
կայանայ
ո՛չ
թէ
մտաբերելուն
մէջ,
այլ
պէտք
եղածը
գտնելու
միջոցներուն
մէջ,
այս
ալ
նօթագրելով
կ՚ըլլայ
միայն,
ոչ
թէ
երկար
էջեր
ընդօրինակելով
ինչպէս
կ՚ընեն
կարգ
մը
միջակ
միտքեր։
Հարց.
—
Ինչպէ՞ս
պէտք
է
նօթագրել։
Պատ.
—
Թուղթի
երկար
կտորներուն
վրայ
նշանակեցէք
հեղինակներուն
անունները
այբբենական
կարգով,
որոնց
տակ
պիտի
աւելցնէք
ծանօթութիւնները։
Այս
թուղթի
կտորները
երեք
նիւթ
պիտի
պարունակեն.
Հմտական
նօթեր.
Ցայտուն
պարբերութիւններ.
Անձնական
դատողութիւններ։
Հմտական
նօթեր
կարեւոր
են,
որպէսզի
կարենանք
յիշել,
յետոյ
մեր
կարդացածին
պարունակութիւնը
եւ
առանցքը։
Կարեւոր
են
նաեւ
ցայտուն
պարբերութիւնները,
ինքնուրոյն
ըսուածքները,
աչքի
զարնող
տողերը՝
իբրեւ
արուեստական
մասը
ոճին։
Յետոյ
անհրաժեշտ
են
նաեւ
ձեր
անձնական
դատողութիւնները,
զոր
կ՚ունենաք
ընթերցման
ատեն
կամ
անկէ
անմիջապէս
վերջը։
Եթէ
զանոնք
նոյնհետայն
չգրէք,
անշուշտ
այլեւս
մեծ
մասամբ
կը
մոռնաք։
Մի
կարծէք
որ
երկ
մը
ճանչնալու
համար
կը
բաւէ
մատենագրութիւն
կամ
գրախօսական
կարդալ,
ոչ
մէկ
գրական
քննադատութիւն
ընթերցման
տեղը
կը
լրացնէ,
վասնզի
գրուածքի
մը
դարձուածքները,
ոճին
կառուցուածքն
ու
ձեւերն
են,
որ
ճիշդ
եւ
օգտակար
գաղափար
մը
կրնայ
տալ
ձեզի
անոր
մասին։
Քննադատը
չի
կրնար
ցոյց
տալ
զանոնք
պէտք
եղածին
պէս։
Հարց.
—
Նօթագրելէն
զատ
գրուածք
մը
լաւ
իւրացնելու
ուրիշ
միջոցներ
կա՞ն։
Պատ.
—
Օգտակար
է
նաեւ
նոյն
նիւթը
շօշափող
երկու
գրութիւններ
իրարու
հետ
բաղդատել
։
Ջանալ
լաւագոյն
գրուածքի
մը
նմանիլ.
վասնզի
նմանիլ
գիտնալը՝
այլեւս
չնմանիլ
կը
սորվեցնէ։
Օգտակար
է
նոյնպէս
փոխադարձութիւնը,
ոտանաւորը
արձակի
վերածելը
եւ
փոխադարձ։
Այս
աշխատութիւնը
ցոյց
պիտի
տայ,
թէ
ինչպէս
կարգ
մը
բանաստեղծներ
—
Ղազարոս
Աղայեան,
օրինակի
համար
—
շատ
պարզ,
սովորական
բառերով
սքանչելի
ոտանաւորներ
գրեր
են։