Յօդուածներ եւ ելոյթներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե դաս
Կարճաբանութիւն

Հարց. Ի՞նչ է կարճաբանութիւնը։

Պատ. Մտածումը կարելի եղածին չափ քիչ բառերով բացատրելու արուեստն է։

Ճապաղութիւնը (diffusion) չի թողուր, որ ոճը փայլուն եւ ուժեղ ըլլայ։

Պերճախօսութիւնը՝ ըսուած բաներուն առատութեան մէջ չէ, այլ անոնց խտութեանը մէջ։ Կարճաբանութիւնը ուրեմն ամէն բան հաւաքել, անոնց տարրերը խտացնել եւ գաղափարը զօրեղ կերպով ցայտեցնելն է։

Հարց. Ինչպէս ձեռք բերելու է կարճաբանութիւնը.

Պատ. Աշխատութեամբ ։ Պէտք է մաքրել ոճը, երնել, մաղել, ձարմաղէ անցընել, յարդը հանել, պայծառացնել, շաղուել թրծել` մինչեւ որ հոն ոեւէ շիւղ չմնայ, մետաղին ձոյլը մէջտեղ ելլէ, առանց խարամի, փալփլուն։

Հարց. Ինչո՞ւ ոմանք շատ բառեր կը գործածեն։

Պատ. Վասնզի կը դժուարանան իրենց գաղափարը յայտնելու եւ կը ստիպուին անոր շուրջը թափառիլ ։

Հարց. Կարճաբան ըլլալու համար ի՞նչ բանէ պէտք է խուսափիլ։

Պատ. Պէտք է խոյս տալ աւելորդէն, շատախօսութենէն, երկրորդական գաղափարներու աճումներէն, որոնք տիրող գաղափարին վրայ բան մը չաւելցնելով հանդերձ զայն կը տկարացնեն։

Միեւնոյն մտածումին ուժեղ կամ տկար ըլլալը անոր խտացած կամ տարածուած ըլլալէն կախում ունի։

Թոյլ եւ ճապաղ է սա խօսքը. «Այն մտածումները, որոնք մարդ էակը կ՚ազնուացնեն եւ կը խանդավառեն, ձեր սրտին ակունքներուն մէջ կը գտնուին եւ անկէ կը բխին»։

Նոյն մտածումը կարճաբանութեամբ Վովընարկի հետ կ՚ըսեմ, աւելի շքեղ կերպով. «Մեծ մտածումները սիրտէն կու գան»։

Աւելագրութիւններուն հեղեղը կը մթագնէ գրութեան իմաստը եւ կը խանգարէ նկարագրութեան գեղեցկութիւնը. ինչպէս Ա. Չօպանեանի հետեւեալ գրուածքին մէջ. «Օր մը, մրրիկ մը քեզ սարսեց եւ ջուրերդ՝ փրփրակուտակ, յորձանապտոյտ, մեծամռունչ, արջնաթոյր ու փայլակներով պատռտուած՝ արձակեցին երգ մը անօրինակ, խորին ու հզօր, մոլեգին ու դաշնաթաւալ, վեհօրէն դաժան ու քաղցրօրէն ահաւոր, երգ մը կարծես հրեշտակապետներու փողովը հնչուած՝ երախաբաց դժոխքի մը արհաւիրքներուն վերեւ, Նարեկայ Մոնազին հոգին էր, որ վրայէդ կ՚անցնէր» . Չօպանեան) ։

Աւելի ցայտուն պիտի ըլլար նկարագրութիւնը, եթէ վերադիրներուն անիմաստ բեռը թեթեւցնէինք եւ ըսէինք։

«Օր մը մրրիկ մը մտաւ ընդերքներուդ մէջ, ջուրերդ արթնըցան, մեծամռունչ, պատռտուած փայլակներով ու արձակեցին խորունկ երգ մը, դաշնաթաւալ ու ահեղ, երգ մը զոր կարծես հրեշտակապետներու շեփորներէն կը պոռթկար երախաբաց դժոխքի մը կարմիր արհաւիրքին վերեւ. Նարեկայ Մոնագին հոգին էր, որ վրայէդ կ՚անցնէր»։

Հարց. Բառերու կարճաբանութիւնը բաւակա՞ն է ոճին համար։

Պատ. Պէտք է նկատի առնել նաեւ խօսքերու դարձուածքները ՝ գործածելով անոնց ամէնին կարճը եւ արագը, անոնք որ ոճին դանդաղութիւնը կը թեթեւցնեն.

Օրինակի համար հետեւեալ յոռի դարձուածքները.

Հիանալի եղաւ իր վերաբերումը։

Այնպէս մը որ…

Այդ տեսարանը որչափ գեղեցիկ որ ալ ըլլայ…

Իսկ ինչ որ կը վերաբերի…

Որչափ որ կը բաւականանայի…

Այն պատճառով որ…

Ինչ որ կարելի է, բայց եթէ…

Ահա օրինակ մը, ուր գլխաւոր գաղափարը հազիւ պիտի լրանայ անմիջապէս ուրիշ մը կը հետեւի, կազմելով այսպէս անպէտ մութ նկարագրութիւններու, խորհրդածութիւններու շարք մը։

«Իր անձին առողջութեան պահպանութիւնը մեծ խնամոց եւ հսկողութեանց ենթակայ եղած ըլլալուն, իր բոլոր դէմքին վրայ պատանեկան ցանկալի յատկութեանց մեծ մասն անայլայլակ պահած էր։ Իր ծնօտն ու այտից ձվարդը հեռուէն շրջանակող հոծ նրբահեր եւ թոյրաթուխ այտից փայլուն մազերն ակամայ բուսած է դժկամութեամբ երկննալով, այն սահմանին մէջ դադարած էին, որ գունաւոր մանրանկար պատկերի մը գեղեցկութիւնը յորդող եբենեայ շրջանակի մը գործը կը տեսնար կոր. թաւամազ ու կցուած յօնից տակէն արտեւանանց երկայն մազերը ճառագայթած եւ տարածուելով՝ երկու աչքը կը պատրաստէին, որոնց սպիտականցը վրայ նկարեալ շողշողուն եւ թխագոյն կանանչներն իր հայեցուածոցը համակրութիւն ազդող նուաղութիւն մը տալով՝ սէր միայն կը կերպարանէին լուսոյ լճացն երես։

Բովանդակ երեսաց եւ ճակտին մորթը իր թարմութիւնն անկռինճ պահելով, այտից կարմրութիւնը թափանցիկ մորթին տակէն դուրս կը ցատկէր կրակի նման վայրկենէ վայրկեան հրահրելով։ Իր կարմրալար շրթանցը վրայ երկչոտ ժպիտ մը, չկարենալով զինքը ամէն վայրկեան ընկերին երեսն ի վեր կամայ ակամայ արձակուած տեղը իր դիմացն այրական պատկերին մէջ ամօթխած օրիորդի մը պատկառանօք խառնուելով, իրեն իգական քնքշութիւն մը եւ իգական նկարագիր մը կը տպաւորէր»։ ( Խաչատուր Միսաքեան, «Սոփիա»)։