Յօդուածներ եւ ելոյթներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ՍՈՒՐԲ ՄԵՍՐՈՊ» ՍԻԱՄԱՆԹՈՅԻ

Տառերու գիւտին առթիւ գրուած պրակ մը, որ պիտի կարծուէր Նարեկի մատեանէն փրթած, նոր գրականութեան ցոլքերով վերանորոգուած եւ ինկած մեր սիրտերուն վրայ՝ խանդավառութեան այս օրերուն մէջ։ Մէկ շունչով երգուած կը թուի ան, քիչ մը աճապարանք կայ իր կշռոյթին մէջ։ Սիամանթօ վերադիրներու գրիչ մըն է, ինչպէս իր վարպետը՝ Նարեկացին. եւ այս քերթուածին մէջ իր այդ տաղանդը իր ցայտքին գագաթնակէտն հասած է։ Վերադիրներուն մէկ մասը միջին դարու միստիքականները մաշած են արդէն, բայց կայ մեծագոյն մաս մը, որ գիւտերու շարք մըն է։ Սիամանթօն վրէժի մարտագոռ շեփորողը եւ տառապանքի խելայեղ բանդագուշողը չէ՛ անոր մէջ. մեզի կ՚ապացուցանէ, թէ գիտէ նաեւ աստուածաբանի մը պէս աղօթել Սուրբ Մեսրոպին հետ։ «Տեսիլ[ք]ը» զարմանահրաշ լոյսերու մէջ յանկարծադէպ պակուցում մը չէ, այլ ներշնչումի մը հանդարտ եւ տրամաբանական յայտնութիւնը։

Սիամանթօ իր այս քերթուածին մէջ տուաւ իրեն համար նոր ձեւ մը քերթելու, որ իր միւս երկերուն մէջ հազիւ կ՚ուրուագծուէր. այս՝ զինքը Նարեկացիին հետ կապող թելն էր, զոր ամրակուռ շղթայի մը վերածեց։ Պիտի շարունակէ՞ այս ձեւը. չե՛նք գիտեր. միայն մեր սրտին մէջ իր «Հայրենի հրաւէրներուն» արձագանքը կը յամառի դեռ տեղի չտալ իր քնարին այս նոր իմացական հունչին առջեւ։