Յօդուածներ եւ ելոյթներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա դաս
Գրելու ձիրքը

Հարց. Պէ՞տք է գրել, երբ այնքան գրողներ կան արդէն։ Պէ՞տք է քաջալերել նաեւ անտաղանդները։

Պատ. [ասխան]. Ճիշտ է որ գրելու ախտին դէմ պայքարելը անհրաժեշտութիւն մըն է, սակայն բանի մը զեղծումը պատճառ մը չէ, որ այդ բանը գէշ ըլլայ։ Մենք գրել կը սորվեցնենք նախ, որպէսզի այդ արուեստը լաւ կիրարկեն, եւ ով որ լաւ կիրարկէ՝ ստիպուած է արդէն քիչ գրել։ Երկրորդ՝ մարդիկ անպատճառ հրատարակելու համար չէ, որ պիտի գրեն, այլ իրենց անձնական հաճոյքին համար, ու մանաւանդ լաւ գրելը կարեւոր է լաւ մատենագիրները դատելու համար։

Հարց. Սակայն ի՞նչ օգուտ ունին այդ խորհուրդները, երբ գրելու համար անհրաժեշտ է երեւակայութիւն ունենալ։ Անոնք, որ երեւակայութիւն չունին, ինչպէ՞ս ոճ պիտի ունենան։

Պատ. Ոճ մը կայ, որ գաղափարներու ոճն է, վերացական, չոր, վճիտ եւ ճիշտ. ասոր համար անհրաժեշտ չէ երեւակայութիւնը. Եզնիկը այս ոճով գրած է իր «Եղծ աղանդոց»-ը, Շիրուանզատէն նոյնպէս այս կաղապարին մէջ ձուլած է իր թատրերգութիւնները. եւ ասոնք անմահ գրողներ են։ Ուրեմն ամէն ոք իր անձնական կարողութեան համեմատ կրնայ լաւ գրել. ոմանք կրնան պատկերաւոր, գունագեղ հատորներ արտադրել, ուրիշներ վերացական եւ ճշգրիտ էջեր տալ։

Ո՛վ որ էջ մը լաւ կրնայ գրել, կրնայ նաեւ տասը տող ու հատոր մը գրել։

Հարց. Ուրեմն ի՞նչ է գրելու ձիրքը։

Պատ. Կարողութիւն մըն է, որով կրնանք արտայայտել մեր զգացածը՝ պարզ եւ բնական, ինչպէս խօսելու կարողութիւնը։ Եւ ինչպէս ամէն մարդ կրնայ տեսածը պատմել՝ պիտի կրնայ նաեւ զայն գրել։

Հարց. Այդ ձիրքը կրնա՞յ ստացական ըլալ։

Պատ. Մարդիկներու հարիւրէն եօթանասունին համար ստացական է այդ ձիրքը, եթէ անոնց ուսուցուի ոճին մեքենականութեանը, գրութեան անդամազննութիւնը, թէ ինչպէս կը գտնուի պատկեր մը կամ կը կազմուի պարբերութիւն մը։ Մարդիկ կան, որ կ՚անգիտանան իրենց տաղանդը, գիւղացիներ կան, որ իրենց բարբառով հրաշալի պատկերներ, բառերու եւ բացատրութիւններու գիւտեր ի յայտ կը բերեն, եթէ լուսաւորուին եւ առաջնորդուին անոնք, կրնան գրականութեան անմահ էջեր նուիրել՝ գտնելով իրենց ճամբան եւ մինչեւ այն ատեն ծածկուած կարողութիւնը։

Հարց. Բայց կա՞յ միակ, հասարակաց ոճ մը, զոր կարելի ըլլայ սորվեցնել։ Ո՞չ ապաքէն ամէն գրող իր ոճը ունի։

Պատ. Ճիշտ է, որ ամէն գրողներ իրենց յատուկ ոճը ունին, եւ սխալ է անոնցմէ մէկունը պարտադրել ամէնուն։ Իւրաքանչիւր մարդ կրնայ իր զգացած ոճով գրել։ Բայց բոլոր ոճերուն համար հասարակաց եղող արուեստ մը կայ. մենք այդ արուեստը պիտի սորվեցնենք, որուն միջոցաւ միայն ամէն գրող պիտի կրնայ իրե՛ն յատուկ ոճը գտնել եւ գործածել լաւ կերպով ։ Ճիշդ է, որ ամէն գրող իր գրելու յատուկ եղանակը ունի, սակայն մէկ հեղինակին գրուածքին գեղեցկութեան պատճառը նո՛յնն է՝ ի՛նչ որ է ուրիշ հեղինակի մը։ « Գեղեցիկ քերթուած մը դպրոց չունի », ըսած է Ֆլոպեր։