ՍԵՐՊԻԱ
ԵՒ
ԱՒՍՐՏԻԱ
Երբ
Պուլկարիա՝
հնազանդ
Եւրոպայի
շռայլած
խրատներուն,
սուինը
վար
կ՚իջեցնէ
եւ
Թուրքիոյ
դրամական
փոխարինութիւն
մը
ընելու
ձեռնարկին
կը
յանգի,
անդին
Սերպիան
եւ
Մոնթենեկրօն
են,
որ
կը
հեստին
ընդդէմ
Աւստրիոյ։
Սերպիա
Աւստրիոյ
դէ՜մ
—
չէ՞
որ
ծիծաղելի
է
այս.
բայց
չէ՞
որ
թագաժառանգ
իշխանը
երկարօրէն
խօսակցեցաւ
Ռուսիոյ
ձարին
հետ,
եւ
արտաքին
գործոց
նախարարը՝
Միլանովիչ,
Էտուարդ
Կրէի
հետ
ունեցած
տեսակցութենէ
մը
յետոյ՝
անոր
սիրալիր
ընդունելութենէն
համը
բերանը
մեկնեցաւ։
Սերպիոյ
գլուխը
տաքցնողներ
կան,
կը
հասկցուի։
Արդէն
ըսուեցաւ,
վերապահութեամբ
եւ
տարակոյսներով,
թէ
Պոսնա-Հերսէքի
յարակցումին
մէջ
Աւստրիոյ
ներքեւ
Գերմանիա
է,
որ
կը
ծածկուի՝
անշո՛ւշտ։
Իսկ
Սերպիոյ
ներքեւ
Ռուսիան
եւ
Անգլիան
կը
ծածկուին
—
այդ
ալ
անշո՛ւշտ։
Եթէ
խնդիրը
քննենք
եւրոպական
ընդհանուր
տեսակէտով
՝
ոչինչ
փոխուած
է
1878-ի
քաղաքականութենէն։
Անգլիան
է,
որ
սխալ
հաշիւ
մը
կը
սրբագրէ՝
ուրիշներու
միջոցով։
Գերմանական
տարրին
դէմ
թումբերը
վերցնելէ
զղջացած՝
արդ
կը
տքնի
պարիսպներ
կանգնել
անոր
շուրջ։
Պատմութեան
վրայ
ակնարկ
մը
այս
բոլոր
շարժումները
պիտի
լուսաբանէ,
գոնէ
անոնց
այն
մասը,
որ
եւրոպական
է
անտարակոյս։
Հանգոյցը
Պեռլինի
Վեհաժողովին
մէջ
է։
Երկու
խօսք
այս
մասին։
Պոսնա-Հերսէքի
«վարչական
խնամակալութիւնը»
Աւստրիոյ
ներքեւ
Պիզմարքի
յաղթութիւններուն
գլուխ
գործոցներէն
կը
համարուի։
Ռուսիա
78-ի
Վեհաժողովին
մէջ
կը
մտնէր
կորսնցնելու
համար
Սան-Ստեֆանոյի
դաշնադրութիւնը
եւ
անոր
հետ
միասին
մեծագոյն
մասը
թրքական
ա՛յն
հողերուն,
զոր
իր
զինուորներուն
արիւնը
իրեն
տուած
էին։
Արեւելքի
քրիստոնեաները
պաշտպանելու
պատրուակին
տակ
իր
աշխարհակալութեան
փառամոլութիւնը
կու
գար
նուաճուիլ
գրաւած
երկիրներէն
իր
նահանջումովը
եւ
Պալքանեան
փոքրիկ
տէրութիւններու
ձեւացմամբը՝
զոր
շատ
բրտօրէն
եւ
շատ
ալ
արդարացի
կերպով
երեսին
նետեցին
Անգլիան
եւ
Գերմանիան։
Բայց
ամենէ
ճարտար
խաղը
հոն
է,
որ
գերմանական
ցեղը
77-ի
պատերազմին
մէջ
առանց
իր
ճկոյթ
մատը
իսկ
արիւնոտելու՝
հովանւոյն
ներքեւ
կ՚առնէր
Պոսնա-Հերսէքի
գաւառները
ի
մեծ
զարմանս
Ռուսաստանի։
Դիւանագիտական
այս
խաղը
Գերմանիան
ու
Անգլիան
կը
խաղային։
Պիզմարք
եւ
Պիքոնսֆիլտ՝
այս
զոյգ
խելացի
հրէշները,
ձեռք-ձեռքի
էին
տուած։
Իրենց
նպատակը
պարզ
էր,
իրենց
առանձին
շահերովը
իրարու
շահը
կը
լրացնէին։
Հիմիկուան
Գերմանիան
կազմուած
ըլլալով
մեծամասնութեամբ
Սրբազան
կայսրութեան
մնացորդներովը,
նոյնը
երազած
է
ըլլալ
եւ
նոյնը
կերազէ
միշտ՝
հազիւ
թէ
վերջինս
տարրալուծուի
օր
մը
իր
այլազան
միազօդ
ցեղերու
կազմին
մէջ։
Գերմանական
ցեղը
Բրուսիոյ
հարստութեան
գաւազանին
տակ
ապագայ
ունի,
եւ
Պիզմարք
այդ
շողշողուն
ապագան
կը
պատրաստէր
Վեհաժողովին
մէջ,
անով
կօրօրէր
համագերմանականութեան
այլանդակութիւնը,
ցոյց
տալով
իր
սուրով
Պոսնա֊Հերսէքէն
Նովի
Պազարի
անցքով
Սալոնիկը,
Արշիպեղագոսը,
Միջերկրականը
եւ
անկէ
Միջագետքի
կոյս
հովիտները։
Երազը
միայն
տնտեսական
չէր,
ազգամոլ
եւս
էր։
«Երկու
տարրերէն
ո՞րը,
գերմանականը
թէ
սլաւականը
պէտք
է
աշխարհիս
տիրէ»։
Ահա
հեռաւոր
նպատակակէտը,
զոր
Վեհաժողովի
նախօրեակին
գերմանական
շրջանակներուն
հետ
Պիզմարք
իշխանը
իր
մտքին
մէջ
կը
քրքրէր
իր
բոլոր
ծալքերովը։
Եւ
ան
յաջողեցաւ
Արեւելեան
հարցին
մէջ
իր
առած
անդրանիկ
քայլին
իսկ։
Բաւական
չէր
իր
քաղաքական
հանճար
մը
ըլալլը,
պարագաներն
ալ
օգնեցին։
Անգլիան
Գերմանիոյ
օժանդակ
էր
այն
ատեն
Պոսնա-Հերսէքի
մասին։
Հասկանալի
է
այս.
Աւստրիոյ
գերիշխանութիւնը
աւելցնելով
Պալքաններու
մէջ՝
Անգլիա
կը
խորհէր
հոն
հաւասարակշռութեամբ
ապահովել
խաղաղութիւնը,
եւ
մանաւանդ
թումբ
մը
դնել
Ռուսիոյ
ոտնձգութիւններուն
դէմ,
որուն
զօրացումը
Հնդկաստանի
ճամբուն
վրայ՝
Ասիայէն
եւ
Պոլսոյ
ճամբուն
վրայ՝
Եւրոպական
Թուրքիայէն
արդէն
երկար
ժամանակ
զինքը
կը
մտատանջէին։
Այս
պատճառով
է
դարձեալ՝
որ
Անգլիա
բաժանել
ուզած
է
Արեւելեան
Րումելին
Պուլկարիայէն։
Վախնալով,
որ
Պալքանեան
օրթոտոքս
փոքրիկ
տէրութիւնները
շուտով
պիտի
իյնային
Ռուսիոյ
գերիշխանութեան
ներքեւ
եւ
ծառայէին
իրեն
իբրեւ
կռուան՝
դիմելու
համար
թերակղզիին
մինչեւ
ափունքները։
Բայց
դէպքերը
եկան
փարատել
Անգլիոյ
կասկածը
եւ
Ռուսիոյ
մուրատը
փորը
թողուցին։
Պալքանեան
տէրութիւններուն
մէջ
կ՚արթննա[յին]
ազգային
բոլորովին
անկախ
ձկտումներ,
եւ
այսօր
արդէն
անոնք
պատրաստ
են
կռուելու
իրենց
արեան
մինչեւ
վերջին
կաթիլը՝
պաշտպանելու
համար
ազգային
գոյութիւննին
եւ
չիյնալու
ո՛չ
մէկ
մեծ
ու
փոքր
տէրութեան
մը
գերիշխանութեան
ներքեւ,
նոյնիսկ
անիկա
օրթոտոքս
հզօր
Ռուսաստանն
ալ
ըլլայ։
Անգլիա
երկա՜ր
ատեն
պահպանել
ջանացած
է
Թուրքիոյ
ամբողջութիւնը։
Մրցակիցները
սանձելու
եւ
Հնդկաստանի
ճամբան
եւ
անոր
արդիւնաբերութիւնը
իր
մենաշնորհն
ընելու
համար
Թուրքիան
եղած
է
իր
միջոցներուն
ամենագլխաւորը։
Վեհաժողովին
մէջ
պաշտպանուած
է
այդ
միեւնոյն
աւանդութիւնը։
Պոսնա-Հերսէքի
մասին
է
միայն,
որ
բացարձակ
կերպով,
լիակամ,
ձեռք
կու
տայ
Գերմանիոյ
այդ
նահանգներուն
վարչութիւնը
յանձնելով
Աւսրո-Հունգարիոյ,
ստեղծելու
հնարաւորութիւն
տալով
անոնց
մէջ
այս
վերջինիս
շահերը,
որոնք
պիտի
ըլլային
բանական
պատճառները
կասեցնելու
համար
ռուսական
ոեւէ
ոտնձգում։
Բայց
պէ՞տք
է
ըսել,
թէ
Անգլիան
այսօր
զղջացած
է
Պերլինի
Վեհաժողովին
մէջ
Աւստրիոյ
եւ
Գերմանիոյ
ըրած
իր
ձեռնտւութեան
վրայ։
Անշուշտ
ան
չէր
յուսար,
թէ
Գերմանիան
այս
աստիճան
պիտի
զօրանար,
համագերմանականութիւնը
եւ
շահագործումներու
ծարաւը
զայն
պիտի
մղէր
ճամբաներ
ուրուագծելու
եւ
կառուցանելու
Միջագետքի
երկայնքն
ի
վար
մինչեւ
Պարսից
ծոցը։
Անգլիա
ռուսական
Արջը
գառագեղի
մէջ
փակելէ
վերջ,
Գերմանական
Արծուին
վանդակէն
դուրս
սրանալը
տեսաւ։
Համասլաւականութենէ
մը
վերջ
համագերմանականութիւն
մը
կը
սկսէր
իր
ցանցերը
տարածել։
Այս
բանիս
ապացոյց
էին
Սուլթանի
եւ
Կիյոմ
կայսէր
համբոյրը
Հայկական
արեան
դեռ
թարմ
հոտին
մէջ։
Անատոլուի
երկաթուղիին
կառուցման
արտօնութիւնը,
Նովի֊Պազարի
սանճագին
մէջ
աւստրիական
զօրանոցները
եւ
ուրիշ
երկաթուղիի
մը
արտօնութիւնը
նոյն
սանճագին
մէջ
դարձեալ,
անցեալ
գարնան
Երրեակ
Համաձայնութիւնն
անուղղակի
կերպով,
եւ
վերջապէս
Գերմանիոյ
թելադրութեամբ
Պոսնա-Հերսէքի
յարակցումը
Աւստրո-Հունգարիոյ։
Գերմանականութիւնը
դէպի
Արեւելք
կը
հոսի,
պէտք
է
թմբել
իր
հունը,
իր
ամենավերին
հունը։
Առ
այս
ի՞նչ
պէտք
էր
ընել.
Նախ՝
մինչ
ցարդ
շահագործուող
Թուրքիոյ
Վերածնութեան
օժանդակել,
գոնէ
բարոյապէս,
ի
շահ
Թուրքիոյ։
Երկրորդ՝
կամուրջ
ձգել
Սերպիոյ
եւ
Մոնթենեկրոյի
մէջտեղ՝
ի
շահ
Սերպիոյ
ընդհանրապէս,
ի
վնաս
Թուրքիոյ՝
մասնաւորապէս։
Այս
միջոցներէն
առաջինը
մտածել
կը
թուի
Անգլիան՝
Նոր
Տաճկաստանին
իր
ցոյց
տուած
փոխադարձ
համակրութեամբ։
Եւ
վերջինը
խորհիլ
կը
թուի
Ռուսիան՝
խրախուսելով
ձեռքի
տակէ
Սերպիան,
տաքցնելով
անոնց
ազգայնական
արդէն
իսկ
բորբոքած
բնազդները,
փակելու
համար
վերջապէս
սլաւական
տարրերով
Նովի-Պազարի
սարահարթը։
Ահա
նպատակակէտը,
որու
հանդէպ
համաձայնած
են
Ռուսիան
եւ
Անգլիան՝
իրենց
հետ
ունենալով
Ֆրանսան։
Եւ
այսօր
զուգահեռական
կը
յառաջանան
Սերպիոյ
պատերազմական
պատրաստութիւնները՝
դեսպանախորհուրդի
մը
գումարման
պատրաստութեանց
հետ։
Վերջինը
առաջնոյն
անհրաժեշտութիւնը
պիտի
ջնջէր։
Երբ
մեծ
պետութիւնները
կնճիռը
լուծելու
համար
վիճաբանուելիք
յօդուածները
կը
ճըշտեն,
աւելորդ
չէ՞ր
անդին
զօրքերու
կազմակերպում
եւ
ռազմամթերքներու
կուտակումները։
Ուրեմն
տեղի
պիտի
ունենա՞յ
պատերազմը.
Մեր
կարծիքով
հաւանական
չէ
այդ։
Պատերազմ
մը
ամէն
պարագայի
աղէտաւոր
պիտի
ըլլայ
Սերպիոյ
ուղղակի
շահերուն
եւ
Ռուսիոյ
ու
Անգլիոյ
նպատակներուն։
Երբ
հիմա
Աւստրո-Հունգարիա
խաղաղութեան
վրդովման
սկզբնապատճառ
եւ
սլաւական
տարրին
անիրաւող
մը
կը
նկատուի,
վաղը
վաստակած
յաղթական
կռուէ
մը
վերջ,
ինչ
որ
տարակոյս
չի
վերցներ,
յաղթող
մը
իրաւունքը
պիտի
ունենայ,
եւ
ըստ
այսմ
պիտի
կնքէ
իր
դաշնադրութիւնը
պարտուածին
հետ։
Բայց
խնդիրը
հոս
չէ։
Փոքր
տէրութիւններու
գործելակերպ
մըն
է,
որ
միայն
կը
կատարուի։
Սերպական
ժողովուրդին
գերագրգռումը,
իր
տէրութեան
բողոքները
եւ
Իզովսքիի
շոյանքներն
ու
թելադրութիւնները՝
իրենց
ուղղակի
արդիւնքը
հաւանական
է,
որ
ունենան
գումարուելիք
դեսպանախորհուրդին
մէջ
միայն։
Սերպիան
սլաւականութեան
հետ
պիտի
նկատուի
անիրաւուած
մը։
Արդէն
իրեն
վարձատրութիւն
մը
ընելու
խօսքը
կայ
պաշտօնական
շրջանակներուն
մէջ։
Տրինայի
ափունքներուն
վրայ
ոտք
մը
հող
եւ
Նովի-Պազարի
մէջ
զօրաւոր
երաշխիք
մը
ընդդէմ
Աւստրիական
հնարաւոր
եղած
ապագայ
ոտնձգութիւններու։
Հոս
է
լուծումը,
հոս
է,
որ
կը
յուսայ
Սերպիան
վարձատրուիլ,
եւ
Երրեակ
համաձայնածները
կը
յուսան
գերմանական
ցեղին
յառաջախաղացումը
քայլ
մըն
ալ
ետ
մղել։
Ուրիշ
տեսակէտ
մը։
Հա՞րկ
կայ
Նովի-Պազարէն
այսքան
խիթալ,
երբ
Թուրքիան
արդէն
կը
վերածնի
ամէն
օր
նոր
ատելութեամբ
ընդդէմ
Աւստրիոյ
եւ
Գերմանիոյ
կառավարութեանց։
Յայտնի
չէ
տակաւին
թէ
այս
տեսակէտով
Ֆրանսա
եւ
Անգլիա
ի՛նչ
ոճով
կը
խորհին։
Ֆրանսա
կարծես
ժամանակ
մըն
է՝
երդուած
է
ռուսական
կառավարութիւնը
հարստացնել՝
առանց
անկէ
խէր
մը
տեսնելու։
Իսկ
Անգլիոյ
համար
դժուար
պիտի
ըլլայ
մտածել
թէ
այս
վերջի
պալքանական
դէպքերուն
մէջ
Թուրքիոյ
հանդէպ
տարուած
է
Ռուսիոյ
քաղաքական
հայեացքներէն
միայն,
առանց
խորհելու
սեփական
շահի
մը
հետապնդումը։
Իսկ
Ռուսիա,
կը
տեսնուի,
որ
Տաճկաստանի
վերածնութեան
վրայ
ո՛չ
հաւատք
ունի
եւ
ո՛չ
ալ
մանաւանդ
կ՚ուզէ
այդ
բանը։
Գալով
Թուրքիոյ՝
իր
եւրոպական
մասին
մէջ
մինչեւ
ցարդ
տեղի
ունեցած
բոլոր
ոտնձգութիւնները,
յայտնուած
բոլոր
ախորժակները
իրեն
շահերուն
ապահովութեան
եւ
երջանկութեան
համար
իրեն
միակ
միջոց
մը
կը
սորվեցնեն։
Պաշտպանողական
նիզակակցութիւն
մը
կնքել
Պալքանեան
փոքրիկ
տէրութիւններուն
հետ
։