Գ
դաս
Ոճը
Հարց.
—
Ի՞նչ
է
ոճը։
Պատ.
—
Մտածում
մը
գրուածքի
կամ
խօսքի
միջոցաւ
անձնայատուկ
կերպով
արտայայտելուն
ոճ
կ՚ըսուի։
Գրագէտը
գրութեամբ
կ՚արտայայտէ,
իսկ
հռետորը՝
խօսքով։
Ոճը
տաղանդին
անձնական
դրոշմն
է,
ան
որքան
ինքնուրոյն
ըլլայ՝
տաղանդը
այնքան
աւելի
ինքնուրոյն
է։
Պէտք
է
լաւ
դիտել,
որ
շատ
անգամ
ըսուած
խօսքը
մեր
ուշադրութիւնը
չի
գրաւեր
կամ
մեր
վրայ
չի
ազդեր՝
որքան
ըսելու
եղանակը։
Գրեթէ
մենք
բոլորնիս
նոյն
բանը
կը
մտածենք,
բայց
տարբերութիւնը
արտայայտուելուն,
ոճին
մէջ
է։
Ոճը
կը
բարձրացնէ՝
ինչ
որ
հասարակ
է,
կը
գեղեցկացնէ՝
ինչ
որ
տափակ
է
եւ
կը
մեծցնէ
ու
կը
զօրացնէ՝
ինչ
որ
պարզ
եւ
տկար
է։
Աղեկ
գրել՝
կը
նշանակէ
միեւնոյն
անգամ
աղէկ
խորհիլ,
աղէկ
զգալ
եւ
աղէկ
արտայայտել։
«Գրութիւն
մը
ապրեցնողը
ոճն
է»,
-
ըսած
է
Շաթոպրիան։
Հարց.
—
Ի՞նչ
բանի
մէջ
կը
կայանայ
ոճը։
Պատ.
—
Ոճը
կը
կայանայ
շարադասութեան,
դարձուածքներու,
շեշտի,
բացատրութիւններու,
պատկերներու
եւ
բառերու
մշտաբուխ
ստեղծագործութեան
մը
մէջ։
Հարց.
—
Բառերն
ի՞նչ
յարաբերութիւն
ունին
ոճին
հետ։
Պատ.
—
Ոճը
բառերուն
ճիշդ
իմաստը
ըմբռնելու
եւ
անոնց
իրարու
հետ
ունեցած
աղերսը
գիտնալու
արուեստն
է։
Մէկը
կրնայ
բառարանի
բոլոր
բառերը
գիտնալ
ու
դարձեալ
չկրնալ
երկու
նախադասութիւն
գեղեցիկ
կերպով
քովէքով
բերել,
վասնզի
խնդիրը
բառերը
գործածելուն
մէջ
չէ
միայն,
այլ
անոնց
նրբութիւնները,
պատկերները,
զգայնութիւնները
իրարու
հետ
պատշաճեցնելուն
մէջ։
Կի
տը
Մոփասան
կ՚ըսէ.
«Բառերը
հոգի
մը
ունին,
պէտք
է
գտնել
այդ
հոգին
»։
Տանք
քանի
մը
օրինակներ.
«Լուսինը
հոգիիս
վրայ
կը
ձիւնէ
»
(Սիամանթօ)
։
Ահա
բառ
մը
բոլորովին
նոր
առումով,
որ
զմայելի
պատկեր
մը
կը
գծէ։
Ուրիշ
օրինակ
մը
նոյն
հեղինակէն.
«Ցեղիդ
սուգը
սրտիդ
մէջ
կը
հոսի
»։
«…Արեգակին
մահէն
առաջ
ձեր
սեմերէն
ներս
մտէք,
եւ
անդորրութեամբ
փակեցէ՛ք
դաւաճան
փեղկերը
ձեր
պատուհաններուն»։
Ուշանալ
բառը
սովորական
բառ
մըն
է,
բայց
տեսէք
ինչպիսի՛
պատկերի
մը
կը
փոխուի
տիկ.
Զ.
Եսայեանի
գրչին
տակ.
«Մեռնողներուն
թիւը
շատ
մեծ
էր,
բայց
անոնք,
որ
դեռ
կ՚ուշանային
մեռնելու,
կը
ներկայացնէին
նոյն
պատկերը»։
Հանգչիլ
բառը
պարզ
բառ
մըն
է,
բայց
երբ
չհանգչող
իրի
մը
հետ
գործածեն,
մոգական
իմաստ
մը
կ՚առնէ։
«Հեռաւոր
բլուրներուն
վրայ
լուսինը
կը
հանգչէր
»
(Շաթոպրիան)
։
Ա.
Չօպանեանի
հետեւեալ
տողերուն
մէջ
տեսէք
վերադիրները
ինչպիսի՛
լայն,
նոր
ոգի
մը
կը
ստանան.
«Ու
դեռ
քանի՜
դէմքեր
մետաքսէ
բամբիշներու,
պղնձէ
դիւցազներու,
խունկէ
մարգարէներու
ու
կրակէ
քերթողներու,
որ
քու
(հայ
լեզուին)
ծփանքներուդ
մէջ
իրենց
երազը
հայելիացուցին
»։
Անյուսութի՜ւն,
գերեզմանի
Այդ
սեւ
կաթը
շատ
ըմպեցինք։
(Պ.
Դուրեան)
Ուրեմն
ոճ
կայ
որ
տափակ,
տժգոյն,
թոյլ
եւ
անհոգի
է՝
գէշ
գրողներուն
գրչին
տակ,
իսկ
լաւերուն
քով
ան
միշտ
սեղմ,
ջղուտ
եւ
ցայտուն
է։
Ոճը
գրողին
անձին
հետ
այնքան
կապ
ունի՝
որ
իրաւացի
կերպով
ըսուած
է.
—
«Ոճը
մարդն
է»։
Այս
ոչ
թէ
ճիշտ
է
միայն
անհատներուն
համար,
այլ
ճիշտ
է
ժողովուրդներուն
համար
ալ։
Արեւելեան
ժողովուրդները
միշտ
ճոռոմ
եւ
խիստ
պատկերոտ
ոճ
ունեցեր
են։
Աթենացիները՝
իբրեւ
նրբամիտ
եւ
կիրթ
ժողովուրդ՝
ճիշտ,
վճիտ
ու
մաքուր
ոճ
մը
կազմեր
են։
Ասիացիները,
սեթեւեթի
եւ
ազնուականութեան
սիրահար՝
ունեցած
են
ոճ
մը
պերճական
ու
ճապաղ
(Պլեռ)։
Այսօր
ա՛լ
նոյն
տարբերութիւնները
գոյութիւն
ունին
ընդմէջ
ֆրանսացիին,
գերմանացիին,
իտալացիին,
հայուն
ու
ռուսին։
Հարց.
—
Լաւ
ոճով
գրելու
համար
հա՞րկ
է
շատ
բան
գիտնալ։
Պատ.
—
Շատ
բան
գիտնալով
լաւ
գրել
չի
սորվրուիր.
ոճը
հմտութեան
հետ
կապ
չունի։
Շատ
գիտուններ
կան,
որ
երբեք
գրագէտ
պիտի
չկրնան
ըլլալ,
եւ
կան
փայլուն
գրողներ,
որ
մեծ
բան
մը
չեն
գիտեր։
Հարց.
—
Ի՞նչ
է
խորքի
եւ
ձեւի
խնդիրը։
Պատ.
—
Ոմանք
գրական
կտոր
մը
իր
էութեան
մէջ
երկու
մասի
կը
բաժնեն…
խորք
եւ
ձեւ
։
Ըստ
իրենց
խորքը
նիւթը,
ատաղձները
եւ
մտածումներն
են,
իսկ
ձեւը
արտայայտութիւնը
զգեստաւորումը,
գոյնն
է։
Ուրիշները
կ՚ըսեն.
խորք
թէ
ձեւ
միեւնոյն
բանը
կը
կազմեն.
ասոնք
իրարմէ
չեն
բաժնուիր,
ինչպէս
մկանունքը՝
միսէն։
Կարելի
չէ
արտայայտել
գաղափար
մը,
որ
ձեւ
չունենայ,
ինչպէս
կարելի
չէ
երեւակայել
մարդկային
արարած
մը,
որ
չունենայ
մարմին
եւ
հոգի։
Երբ
ձեւը
փոխենք՝
կը
փոխուի
նաեւ
գաղափարը,
եւ
փոխադարձաբար։
Ձեւը
անխախտ
կերպով
փակած
է
գաղափարին։
Մենք
այս
վերջի
կարծիքէն
ենք։
Շատ
բացառիկ
պարագաներու
մէջ
միայն
ձեւի
փոփոխութիւնը
գաղափարը
չի
բառնար։
Այսպէս,
եթէ
ըսեմ.
Կ՚անձրեւէ
փոխանակ
անձրեւ
կու
գայի
Ծնրադրեց
»
ծունր
դրաւի
Ձայն
մը
հնչեց
»
ձայն
մը
լսուեցաւի
Այսպէս
են
նաեւ
հոմանիշներուն
մեծամասնութիւնը։
Այս
պարզապէս
քերականական
սրբագրութիւններէն
դուրս՝
միշտ
գաղափարը
կը
հետեւի
ձեւին։
Օրինակի
համար
կ՚ըսեմ։
«Հոս
Ապշութիւնը
իր
թափօր
ու
շփոթած
աչքերը
կը
բանայ»։
Կ՚աշխատիմ
եւ
կը
ձեւափոխեմ
այս
խօսքը՝
մինչեւ
տամ
անոր
հետեւեալ
կաղապարը.
Հոս
Ապ
ուշութիւնն
է,
որ
իր
պարապ
եւ
շուարած
աչքերը
կը
լայնացնէ
(Ա.
Չօպանեան)
։
Գաղափարը
փոխուեցաւ
այս
նոր
ձեւին
նրբութիւններուն
համեմատ։
Ապշութիւնը
եւ
Ապուշութիւնը
միեւնոյն
բանը
ըսել
չէ,
բանալ
եւ
լայնցնելը
՝
նոյնպէս,
իսկ
պարապին,
շուարածին
եւ
միւս
կողմէ
շփոթած
ու
թափուրին
միջեւ
նրբութեան
որոշ
տարբերութիւն
կայ։
Այլ
օրինակ.
«Ճրագներուն
շարժուն
եւ
աղօտ
լոյսին
մէջ
վիրաւոր
մարմիններ
կը
գալարուէին,
հիւանդ
դէմքեր
հազար
ձեւեր
կ՚առնէին
»։
Լաւ
է
ըսեմ.
—
«Ճրագներուն
դողացող
եւ
դալկահար
լոյսին
մէջ
վէրքերով
ծածկուած
մարմիններ
կը
սողային,
աւրըշտըկուած
դէմքեր
կը
ծամածռէին»
(Ա.
Չօպանեան)
։
Վասնզի
շարժիլը
՝
դողալ
չէ,
ոչ
ալ
աղօտը
՝
դալկահար,
վէրքերով
ծածկուածը
աւելի
խիստ
իմաստ
ունի։
Գալարուիլը
չի
ըսեր
այն,
ինչ
որ
կ՚ըսէ
սողալը
։
Աւրըշտկուած
բառը
հոգի
մը
ունի
եւ
զմայլուելի
պատկեր
մը
կը
դառնայ
հոս։
Ուրեմն
ընդունինք,
որ
խորք
եւ
ձեւ
միեւնոյն
բանը
կը
կազմեն։
Կտորի
մը
համար
սխալ
է
ըսել.
«Խորքը
լաւ
է,
բայց
ձեւը
յոռի»։
Ճիշդ
է
ըսել.
«Խորքը
կրնար
լաւ
ըլլալ,
եթէ
լաւ
ըլլար
անոր
ձեւը»։
Ձեւը
այնքան
անբաժանելի
է
գաղափարէն,
որ
ձեւին
ամենավերջին
կատարելութիւնը
ուրիշ
բան
չէ,
բայց
եթէ
ամենավճիտ
գաղափարի
մը
արտայայտութիւնը։
Գրեթէ
բոլոր
առածները
այսպիսի
խօսքեր
են.
Օրինակ.
«Ուրիշի
պտուկին
նայողին
վիզն
երկան
պէտք
է»։
«Լեզուն
կը
զարնէ
հոն,
ուր
ակռան
կը
ցաւի»։
«Դանակ
զարնես՝
արիւն
չ՚ելլեր»։
«Իլիկին
ծարը
ծաղիկ
կայ»։
Այսպէս
են
նաեւ
կարգ
մը
բանաստեղծական
տողեր,
զոր
առանց
իմաստը
փոխելու
կարելի
չէ
ուրիշ
կերպ
բացատրել.
Օրինակ.
«Հայրենեաց
համար
մեռաւ՝
ան
շատ
ապրեցաւ»
(Մ.
Պէշիկթաշլեան)
։
«Լոյսը
բացուաւ,
դուռը
բացուաւ»
(Ա.
Իսահակեան)
։
«Գլուխդ
արեւուն
մէջ՝
զամենք
լոյս
կարծես»
(Հ.
Ղ.
Ալիշան)
։
Հարց.
—
Որո՞նք
են
ոճին
գլխաւոր
ստորոգելիքը։
Պատ.
—
Երկուք
են.
նախ՝
շարակարգութիւնը,
սեղմումը,
ճշդութիւնը,
համեմատութիւնը,
հաւասարակշռութիւնը։
Երկրորդ՝
շարժումը,
բառերու
ստեղծագործութիւնը,
պատկերները,
մէկ
խօսքով՝
ցայտքը։
Այս
ստորոգելիքներէն
առաջինը
(շարակարգութիւնը)
բաւական
է
արդէն,
եթէ
ոչ
շքեղ,
այլ
գոնէ
ճիշդ
ու
գնահատելի
ոճ
մը
ունենալու
համար։
Հարց.
—
Թարգմանուած
երկերը
իրենց
ոճի
գեղեցկութիւնը
կրնա՞ն
պահիլ։
Պատ.
—
Թարգմանուած
երկերը
կը
կորսնցնեն
այն
գեղեցկութիւնները,
որոնք
յատուկ
են
լոկ
բնագրին
լեզուին։
Ատկէ
դուրս,
եթէ
թարգմանիչը
քաջ
է՝
անոնց
գեղեցկութիւնները
կրնայ
պահել,
մասնաւորապէս
ա՛յն
գլուխգործոցներուն
համար,
որոնց
ձեւը
գաղափարէն
անբաժանելի
է
եւ
գաղափարի
թարգմանութիւնը
իր
հետ
կը
բերէ
նաեւ
ձեւը.
օրինակ՝
«Իլիականի»
ֆրանսերէն
թարգմանութիւնը
Լըգոնդ
Լիլի
կողմէ
եւ
հայերէն
թարգմանութիւնը՝
Հ.
Ա.
Ղազիկեանի
կողմէ։
Տանք
գեղեցիկ
ոճով
գրուած
մէկ-երկու
կտորներ.
«Այդ
շունե՜րը,
որ
իրենց
բոլոր
նախահայրերու
եւ
անոնց
սերունդով
միեւնոյն
այդ
քարերուն
վրայ
ծնած,
սնած
ու
մեծցեր
էին՝
կը
մնային
տէր
ամբողջ
թաղին։
Անոնցմէ
ոմանք
իրենց
յատուկ
անուններն
ունէին՝
Թալo,
Քոմo,
Կիւմիշ,
Աալo,
մկրտուած
միշտ
մանուկներու
կողմէ
անոնց
լակոտ
վիճակներուն
մէջ
եւ
որոնք
առանձին
բարեկամութեամբ
մը
կապուած
միշտ
փոխադարձաբար,
շատ
անգամ
մէկ
դռան
վրայ
խաղընկեր
եղած
են,
մէկտեղ
ապրած
ու
կատակած՝
սրտառուչ
միամտութեամբ։
Չար
չեն,
ոչ
ալ
խածան,
հեզ,
սակաւապէտ,
քոսոտ
ու
շատ
չքաւոր,
մանաւանդ
ծոյլ։
Տէ՜ր
Աստուած,
չորս
ոտքերնին
երկարած,
շատ
հեզ
պոչերնուն
անգամ
տիրութիւն
ընելու
անտրամադիր
վիճակի
մէջ՝
շուքի
մը
տակ
կ՚ընկողմանին
ու
կը
խորդան.
քար
նետես՝
տեղերնուն
չեն
շարժիր.
եթէ
վերջապէս
անօթութիւնը
քիչ
մը
անտանելի
դառնայ՝
կը
մօտենան
աս
կամ
ան
տանը՝
ծանօթի
երեւոյթով
ու
կողկողագին
դէպի
ներս
կը
նային,
գետինը
կը
լզեն,
պոչերնին
կը
շարժեն,
կը
հոտուըտան
երեխաներու
ձեռքը
ու
եթէ
պատեհութիւնը
բարեդէպ
ըլլայ՝
քանի
մը
քայլ
կ՚առնեն
դուրսի
դռնէն
ներս,
կտոր
մը
հաց
կամ
ոսկոր
մը
խածնելով
կը
հեռանան
ու
ասի
իրենց
բոլոր
ճարտարութիւնը,
ռազմագիտութիւնն
է.
անկէ
անդին՝
դժուար
թէ
կատուի
մը
հետ
իսկ
կռիւի
բռնուին
պատահական
հանդիպումի
մը
ատեն»
(Ռ.
Զարդարեան)
։