Յօդուածներ եւ ելոյթներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԵՐՈՍԸ

Շոբենհաւուեր երեք գերմարդեր կ՚ընդունի Սուրբը Հանճարը,  Հերոսը ։ Ան լաւատեսներուն լաւատեսը կը դառնայ, երբ կ՚ըսէ, թէ անոնք կ՚ապրին կեանքին կատարելութիւնը եւ գեղեցկութիւնը. եւ այս հանգամանքով արդէն կարելի կ՚ըլլայ ըսել, թէ անոնք կ՚ապրին Տիեզերքը։ Տիեզերքը, որ իհարկէ ընդունայն տեղը կառուցուած պիտի ըլլար, եթէ ոչ ոք գտնուէր զայն վայելող գիտակցաբար կամ անգիտակցութեամբ։ Խօսինք միայն Հերոսին վրայ։ Ան այնքան գերմարդկային յատկանիշներով կը ներկայանայ, որ հիները զայն աստուածներու դասին մէջ կը դնէին. հիները իրենց կրօնքը կազմեցին ի յետնագունէ եւ այսպէսով բարձրացան մարդէն հերոսին եւ հերոսէն Աստուածին։ Հելլէններուն դիքը մարդիկ են՝ կատարեալ իրենց մարմնով, կատարեալ իրենց հոգուով, իրենց միտքը ուժի ի՛նչ սաստկութիւն որ յղանար, բազուկնին զայն կը շարժէր։ Հոգեկան եւ մարմնաւոր բոլոր կարողութիւններուն ներդաշնակութիւնը էակի մը մեծութեան առաջին պայմանն է։

Եւ ներդաշնակ ու մեծ էակ մը՝ կեանքին օրէնսդիրն է, ան դիքերու ազգէն է, դիւցազն է, զի անիկա կամ սպանեց վիշապը, որ արարչութիւնը կը թունաւորէր իր աւերներով, կամ ստեղծեց պատմութեան ոսկի շրջան մը, կրօնք մը, որ ո՛չ թէ միայն կեանքը կ՚արփաւետէ, այլ նաեւ գերեզմանն եւ գերեզմանին հեռաւոր գաղտնիքը։ Այս առաւելութեամբ օժտուած մարդուն մէջ՝ մարդիկ տեսան աստուածի մը սաղմը եւ աստուածուհիի մը վարդաբոյր համբոյրը անոր ճակատին վրայ։

Այն բոլոր հանգամանքով, որով առասպելներն ու զրոյցները մեզի հերոսները կը ներկայացնեն, անոնք մարգարէներէն աւելի բան մը ունին։ Անոնք փոխանակ միայն աստուածներուն շունչը զգալու իրենց հոգիին մէջ, իրենց մարմնովը իսկ կը հպէին անմահի մը մարմնոյն, վասնզի հերոս ըլլալու համար հարկաւոր է, որ մարմինը հոգիին հաւասար աստուածացած ըլլայ։ Մարգարէն ապագան կը տեսնէ, հերոսը կը պատրաստէ զայն։ Մէկը օրէնսգէտն է, միւսը՝ օրէնսդիրը, առաջինն Աստուծոյ դեռ չսերմանուած խօսքը կը հնձէ, վերջինը դեռ չհնձուած խօսքը կը սերմանէ. այս վերջինը այնքան մօտ է երկնաբնակներուն, որոնց ձեռքին մէջ ստէպ կը խառնուի իր ձեռքը, անոնցմէ կ՚առնէ ճոշանը, ե՛ւ սաղաւարտը, ե՛ւ լախուրը, ե՛ւ նիզակը, ե՛ւ սուրը եւ անոնց առաջնորդութեամբ կը դիմէ դէպի  Յառաջդիմութեան կռիւները ։ Հերոսները անիւներէն են, որոնց վրայ շրջան կ՚առնէ յառաջդիմութիւնը։ Եթէ բարեշրջումը իրաւցնէ առանց գիտակից ազդակի կ՚իրագործուի դարերուն ընթացքին մէջ, բայց միշտ հերոսի մը պէտք ունի իր դատավճիռն ընդունելու համար։ Տարիները մարդկային մտքին խաղաղ աշխատութեամբ կը սերմանուին, բայց դարերը հերոսի արիւնով կը հասուննան։ Իմաստասէրները եւ ընկերաբանները կու գան շաղուել իրենց վարդապետութիւններով յառաջդիմութեան շաղախը, լաւագոյն կենցաղի մը մտատիպարը, բայց հերոսն է, գերմարդը, որ այդ լաւագոյն կեանքի շէնքին հիմունքը պիտի հաստատէ, մարմար մարմարի վրայ պիտի զետեղէ, պիտի տեղաւորէ լուսակառոյց սուները, երկաթները պիտի ձգէ որմէ որմ, մինչեւ որ կերտուի քաղաքակրթութեան տաճարը, սիւները շողան, եւ խորանը պատրաստ ըլլայ ընդունիլ կարենալու համար գաղափարին զոհը, եւ այդ զոհը՝ ինքն է՝ տաճարը կառուցանող նոյն այդ հերոսը. իր արիւնը պիտի հեղուի սեղանին վրայ իբրեւ դրոշմը իտէալին տիրապետութեան։

Այս գռեհիկ աշխարհին վրայ ամէն գերմարդ զոհ մըն է։

Եւ առանց զոհի հերոս չկայ։