Յօդուածներ եւ ելոյթներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲՐԳՆԻԿԸ ԿԸ ՇԱՐԺԻ

Շատ քիչ ազգայիններ կան, որ Բրգնիկի անունը լսած չըլլան։ Սեբաստիայի ամենէն հայաշատ գիւղերէն մէկը, որ իր մէջ դարերով սնուցած է հայկական առողջ սերունդներ, զաւակներ հողի եւ աշխատանքի, որոնք իրենց յաղթ ֆիզիքականով գերազանցապէս ընդունակ են նաեւ քալելու մեծ ու նորագոյն գաղափարներու հետ՝ ատակ ըլլալով զարգացման եւ պատուախնդիր՝ նկարագրի։

Գիւղացիները, որոնք հայ կաթողիկէ դաւանութեան կը պատկանին, ասկէ առաջ տուած են անձնուէր հասունեաններ, իսկ այսօր գրեթէ ամբողջովին յամառ հակառակորդ են Թերզեանի, կամ ուրիշ բառով, ազգային վատասերման ։ Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ անոնք կարող եղած են քալելու ժամանակի լոյսին հետ եւ շուտով քանդելու զիրենք շրջապատող միջնադարեան պատուարները՝ զորս միշտ նորոգելու եւ կարկայ[տ]նելու համար կարգ մը կղերներ ամէն ճիջ թափեցին միշտ, ու մի՜շտ ալ իզո՜ւր։

Այսօր նորէն այդ գիւղը դէմ դիմաց կու գայ կղերին հետ։ Իրենց ծոցէն կը հեռացնեն հոն 20 տարիէ աւելի բոյն դնող Անարատ Յղութեան մայրապետները, երբ ասոնք չեն ուզեր ենթարկուիլ ժողովուրդի հակակշռին՝ իբրեւ անոր զաւակներու ուսուցչուհիներ։ Միշտ նոյն ախտավարակ կողմը կաթոլիկ կղերականութեան՝ գործել ինքնագլուխ, անպատասխանատու, արհամարհել այն ժողովուրդը, որուն ծոցը եւ որուն շնորհիւ կ՚ապրին, հեռու պահել զայն, խաւարի, խորհրդաւորութեան մէջ թաղել իրենց ըրածն ու դրածը, միշտ վախնալով, միշտ սրտադող, որ երեւան կ՚ելլէ իրենց համբաւաւոր ծուլութիւնը, համբաւաւոր արծաթասիրութիւնը։ Այլապէս չեն ըներ անշուշտ բոլոր մկնազգիները, երբ ծածկուած ամբարներու մէջ, լռիկ մնջիկ կը կրծեն, եւ օր մըն ալ տեսնես, որ ցորենին թեփը միայն թողուցեր են։

Գիւղին ամենէն մեծակառոյց շէնքը, ինչպէս ըսինք, քսան տարիէ աւելի է, որ յատկացուած է հայ կրօնաւորուհիներու, որոնք աղջիկներ պիտի կրթէին, լուսաւոր մայրեր պիտի տային։ Ո՛չ մէկ արդիւնք։ Շէնք շնորհք իր ստորագրութիւնը դնել գիտցող աղջիկ մը ելած չէ անկէ։ Ի՞նչ ըրին այդ կուսանները։ Քսան տարուան մէջ, երբ սովորական մանկապարտիզպանուհի մը հրաշքներ պիտի գործէր, անոնք, առանց խղճի խայթ մը զգալու, առ առաւելն շատ կերան, շատ քնացան, իրենց ջլախտը բուժեցին, շա՜տ աղօթեցին, եւ յետո՞յ, յետոյ ոչինչ… եւ կամ դեռ շատ ու շատ բաներ, զոր կը լռենք հոս, իհարկէ ոչ թէ իրենց կրօնաւորուհիի հանգամանքին, այլ իրենց կնոջական արժանապատւութեան խնայելով։

Իսկապէս պէտք էր հեռացնել զանոնք, որոնց դէմ տարիներէ ի վեր բանաւոր հակակրութիւն մը կար, եւ որոնք Բրգնիկ կը ղրկուէին ոչ թէ բան սորուեցնելու, այլ որովհետեւ Բրգնիկը վայրն էր հիւծախտաւորներու եւ ջլախտաւորներու օդափոխութեան համար։ Պէտք էր հեռացնել զանոնք ի շահ ապագայ մայրերուն, նոյնիսկ ի շահ Անարատ Յղութեան պատուախնդրութեան, որը շատ լաւ գիտէ անշուշտ այս ի շահին նշանակութիւնը, եթէ հին դէպքերը արձանագրած է իր ատենագրութիւններուն մէջ։ Այսօր ուրախ ենք, որ բրգնիկցին հանդէս կու գայ ամբողջ իր գիտակցութեամբ, միացած ապիկար Քեչեճեաններու եւ երիցս ապիկար Շաղլամեաններու շահախնդիր վայնասուններուն դէմ, ու միակ հարուածով մը կը պարպէ այդ հեղգութեան բոյնը, որ կոչուած է ապագային ըլլալու Բրգնիկի իգական սեռին փրկութեան տունը։

Տեղեկատուներուն նամակներէն կը տեսնուի նաեւ, որ տեղւոյն Առաջնորդ Քեչեճեան եպիսկոպոս ըսուածը՝ անգամ մը եւս ապացոյցը տուած է իր թունաւոր նկարագրին։ Բրգնիկը կարող վարդապետներէ ամայացնելու եւ իր պէս սնամիտ աբեղաներով լեցնելու քաղաքականութեան։ Կ՚աշխատի հեռացնել պաղտիկեան Ներսէս վարդապետը, որ բանիմաց ու օգտակար է համայնքին, եւ որ կ՚աշխատինք հաւատալ կ՚երեւայ թէ առաւելութիւնն ունի ժողովրդասէր եւ լայնախոհ ըլլալու։ Եպիսկոպոս մը, որ ճարպիկութիւնը ունեցեր է նստելու Հաճեանի պէս շինարար Գերապայծառի մը աթոռին վրայ, կը հարցնենք թէ ինչո՞վ արժանի է եղեր այդ աթոռին. իր մօրուքո՞վ, թէ լոյսին բերանը կնքօղ մատանիովը։ Իր թեմին մէջ ազգային, կրթական, շինարարական ի՞նչ յիշատակ թողած է։ Եթէ չամչնայ ցոյց տալու Բրգնիկի բաղնիքին շինութիւնը, գոնէ թող ամչնայ, երբ ըսենք թէ դարձեալ Հաճեանի թողած ոսկիները եւ գիւղացիներուն քրտինքը կանգնեցին զայն, այդ բաղնիքը, որուն մէջ այսօր կ՚երթայ լուացուելու ինքը, եւ լուալու իր խիղճը, որ չէ մաքրուած եւ որ պիտի չմաքրուի։

Նշանակելի է նաեւ որ մայրապետները դպրոցին բանալիները յանձնած են Սեբաստիոյ կուսակալին եւ Քեչեճեան վարանած է զանոնք գիւղացիներուն վերադարձնել տալու։ Այս գերազանցապէս զզուելի մտայնութիւնը միթէ դաս մը չէ՞ ամէն անոնց, որոնք այդպիսի կրօնաւորներէ դեռ ազգասիրութիւն եւ արժանապատւութիւն կը յուսան։ Որո՞ւ տունը որու կը յանձնեն։ Դպրոցի մը բանալիները լոյսին բանալիներն են՝ զոր մեր կղերը դեռ յիմարօրէն կը յամառի ժողովուրդին չտալու, հակառակ որ այսքան տարի ժանգոտած ըլլան անոնք իրենց ձեռքերուն մէջ։ Անգամ մը եւս հարցնենք. որո՞ւն տունը որու կը յանձնեն։ Ո՛վ դաւաճանութիւն, դեռ ի՛նչ դիմակներով պիտի ներկայացնեն քեզ Թերզեանի մանկլաւիկները։

Բրգնիկի աղջկանց վարժարանը բացարձակապէս կը պատկանի ժողովուրդին, ոչ մէկ այր կամ կին կղեր նշանախեց մը իրաւունք չունի այդ շէնքին մէջ։ Դպրոց է անիկա, եւ ոչ թէ կուսանոց՝ զոր խարդախօրէն կը պնդեն արծաթապաշտ սքեմաւորները։ Զայս հաստատող արձանագրութիւնները տակաւին կը մնան տոմարներուն մէջ։ Այդ շէնքը ինչպիսի՜ զոհողութիւններ արժած է։ Կառուցուած է 900 ոսկի գումարով մը, որուն 700 ոսկին վճարած են բրգնիկցիները իրենց քսակէն եւ հանգանակութեամբ։ Եթէ ամէն ոք ուրանայ, պիտի աղաղակեն քարն ու փայտը, կիրն ու շաղախը այդ շէնքին, զոր ամիսներով գիւղացիները ձրիաբար հայթայթած բերած են։ Այս տողերը գրողը նոյնիսկ, դեռ տղայ, իր մօրը հետ անոր հիմերուն համար օրերով խիճ փոխադրած է գետակներէն՝ լաւագոյն գործի մը ծառայած ըլլալու գիտակցութեամբ. եւ այսօր դեռ իրեն պէս շատերու հետ զարմանալի չէ, որ քարկոծուի՝ ժողովուրդը ոչխարի նման յաւիտենապէս խուզող դերաներէն։

Բրգնիկէն եկած վերջին նամակները ցոյց կու տան, թէ ժողովուրդը միահամուռ կ՚աշխատի մէկ կողմէն վերջնականապէս տէր ըլլալ իր սեփականութեան, եւ միւս կողմէ արդէն գրաւելու վրայ է կղերին կողմէ անհաշիւ կերպով մատակարարուած այն կալուածները, որոնք մինչեւ ցարդ ոչ մէկ արդիւնք տուին տեղւոյն նոյնիսկ եկեղեցիին համար, որ այսօր ի փա՜ռս Քրիստոսի գուցէ, կործանելու մօտ վիճակի մը հասած է։

Մենք համակրութեամբ կ՚ընդունինք մեր հայրենակիցներուն այդ արդարադատ քայլը։ Երանի՜ թէ հայրենասիրութեան եւ ուսումի ու կրթութեան ծարաւը զիրենք միշտ հաշտ ու միաբան պահէ, եւ վերջ ի վերջոյ զոհ չերթան նոյնինքն Յիսուսեաններու Մեծաւորին, որուն միջնորդութեան դիմած են եւ զոր բարերար կը կարծեն դժբախտաբար, ի՛նչ որ չէ՛, եւ ի՛նչ որ չի՛ կրնար երբեք։ Անշուշտ մեր հայրենակիցները գիտնալու են, որ հայ կաթոլիկ կղերին շահատակութիւններուն մեծ զօրավիգը, յայտնի կամ գաղտնի, Յիսուսեանները եղան, եւ այս շատ բնական էր։

Փոքրիկ շեղումով մը, այսօր մեր բացարձակապէս արհամարհող լռութեան մէջ, վայրկեան մը զիջելով՝ առիթը կ՚առնենք հարցնել «Կաթողիկէ Ցեխարձակին» եւ իր Էնկիւրիի մէջ ու այլուր, պիտակաւոր դարձած Թերզիպաշեան խմբագրին. «Գերապայծառ, այժմ որո՞նք են, որ կը վռնտուին Բրգինիկէն»։