«ՀԵԾԿԼՏԱՆՔ»
(sanglots)
ԻՍԿՈՒՀԻ
ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ
Ահա
մատեան
մը
հայ
սիրտով
եւ
ֆրանսացիի
գրչով
գրուած։
Քսանհինգ
կտոր
արձակ
քերթուածներ,
աւելի
ճիշտը
հոգիի
պատկերներ
են,
որոնց
ամբողջութիւնը
դուրս
ցատկեցնող
շրջանակը
կերտած
է
պր.
Ֆրետերիք
Մագլէր,
հայաշխատ
փրոֆեսորը,
իր
նախաբանով։
Քերթողուհին
իր
այս
վերջին
հատորին
մէջ
աւելի
լայն
շունչ
եւ
վերլուծում
դրած
է,
քան
իր
նախորդ
մատեանին՝
«Ներուժ
ժամերուն»
մէջ։
Հոգիի
ի՛նչ
մանրազնին
քրքրում,
կոկորդ
սեղմող
ի՛նչ
թախիծ
ի
յայտ
կը
բերէ
ան
իր
«Յապաւուածին»
(Mutilée),
«Քու
ողջագուրումդ,
ո՛վ
Մահ…»,
«Երբ
ես
քեզի
կու
գամ»
կտորներուն
մէջ։
Էջեր
ունի,
որոնց
մէջ
կինն
է՝
ամբողջ
իր
հոգիովը
ու
լուռ
գալարումներով։
Ո՛չ
մէկ
այր
քերթող
պիտի
կրնար
տալ
մեզ
իր
«Մորմոքը»,
զոր
այս
հատորիս
մէջ
թարգմանուած
պիտի
գտնէ
ընթերցողը։
«Քեզի՛,
Արեւը»,
հզօր
տեսանողի,
բանդագուշողի
աչքերով
նայուած
Վոսփորի
պատկերն
է՝
զանգուած
այնպիսի
գոյներով,
որոնք
պրիսմակներու
մէջէն
միայն
կրնան
նշմարուիլ։
Իր
«Քու
քաղցրութեանդ
աշունը»
մտածել
տուաւ
ինծի
անձրեւոտ,
դեղին
տերեւներու
բարկ
հոտը,
զոր
օր
մը
պիտի
զգայի
իմ
սեփական
սիրտիս
մէջէն,
երբ
արեւը
այլեւս
անզօր
ըլլար
թառամած
ձեռքերս
տաքցնելու,
օ՜ր
մը։
Իսկուհի
Մինաս
ե՛ւ
քերթող
է
ե՛ւ
հոգեդէտ
մը։
Նախազգացումներու
գրագիտուհին
է
ան.
իր
մտածումները
կարծես
թռչող
անշօշափելի
զանակներ
են,
որոնք
արեւուն
տակ
մերթ
ընդ
մերթ
կը
ցոլցոլան
ու
կ՚անցնին։
Անկեղծ
է
իբր
մտածող
եւ
յանդուգն
է
իբր
արտայայտող։
Իր
լեզուին
մասին
կը
թողում
որ
Ֆր.
Մագլէր
ինքը
ըսէ.
«Դուք
կը
հարստացնէք
ֆրանսական
դպրութիւնը,
քանի
որ
անոնք
(ձեր
արձակ
քերթուածները)
խորհուած
ու
գրուած
են
մեր
լեզուով,
եւ
այնպիսի
ոճով
մը,
որուն
համար
մէկէ
աւելի
ֆրանսացի
պիտի
կրնար
ձեզի
նախանձիլ»։