Վանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՆՔԸ (ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՄԸ ՕՐԱԳԻՐԸ)
Ժ.

Յունվար…

Երէկ իրիկուան դէմ Պ. Եղիազարին գացի։

Զուարթ ինչ զբաղում գտնել այս մենաստանին մէջ. ի՞նչպէս վանել ձանձրոյթն ու տրտմութիւնը. մին տեւական կեանքն է Վանքին, զայն չեն կրնար վանել զբաղումներն ու ընթերցումը, իսկ տրտմութիւնը խառնուածքիս յարակից՝ կը սաստկանայ ձանձրոյթին յաճախումով։

Ըսած եմ որ նկարչութենէն շատ բան չեմ հասկնար, ինչպէս ձեռագիրներու արուեստն ալ այնքան չի խանդավառեր զիս, սակայն հաճոյքով կ’երթամ Եղիազարին սենեակը։

Ամէն մասնագէտներու նման ձանձրալի է, բայց այնքան եռանդ, հիացում կայ իր մէջ՝ որ անզգալաբար կը տարուիմ ես ալ։ Յետոյ՝ որքան ալ հնօրեայ մագաղաթներու, նկարներու արուեստին անձնատուր եղած ըլլայ՝ Եղիազարը անգէտ չէ կեանքի մեջ յուզուող խնդիրներուն ու կը պատահի որ՝ մտերմական ջերմին խօսակցութեան մը անձնատուր կ’ըլլանք։

Երբ խուցը մտայ, օճախին ճարճատող բոցերուն դէմ ծալլապատիկ նստած՝ ձեռագիր մը կը զննէր. նարնջագոյնով ողողուած կիսադէմքը ստուերի մէջ կ’իյնար յանկարծ՝ լուսաւոր խորքի մը վրայ ցայտեցնելով քիթին մեղմիկ կորնթարթը, այտերուն ողորկ ցցուածքներն ու սպիտակ, սարսռուն մօրուքը։

Իր ետին՝ որմերէն առկախ քանի մը փոքր նկարները, լոյսի եւ ստուերի նոյն բացխփիկ վարանքին մատնուած էին։

Չեմ գիտեր ինչո՞ւ լաւ տպաւորուեցայ։ Եղիազարը չնշմարեց մուտքս. խորասուզուած էր սկզբնազարդի մը գիծերու անելին մէջ, ինքնագոհ ու բերկրալից։ Սթափելով զարմանքի աղաղակ մը հանեց։

Օ՜, Վարդապետ, հո՛ս ես, ե՞րբ մտար որ չի նշմարեցի։

Հրճուանքդ կը վայելէի, անպատճառ նոր բան մը գտած ես։

Զիս իր մօտ քաշեց՝ աթոռակ մը երկարելով։

Իրաւ, ծիրանեգոյն մագաղաթ մը գտայ, աննման սկզբնազարդով մը. քանի մը տեսակ են մագաղաթները բայց լաւագոյնը՝ ծիրանեգոյնն է, տե՛ս ողորկ է փղոսկրի մը նման։

Կ’ըսեն թէ մեր երանելի նախնիք իրենց երփնագրութիւնները երբեմն յղկուած, շատ նուրբ փղոսկրի էջերու վրայ կը յօրինէին։ Կ’երեւայ որ ես արժանի պիտի չըլլամ հատ մը ունենալու։ Չեմ յիշեր ո՞ր պատմագրին մէջ կարդացած եմ որ Կիլիկիոյ մեծագործ Լեւոն Բ. ը չորս Աւետարանները նուէր ընդունած էր փղոսկրէ էջերու վրայ։ Մէկը գտա՞ծ է այդ գանձը, թէ խուժերու ապերախտ ձեռքովը փճացած է, ո՞վ գիտէ… Երկու նոր թռչնագիր գտայ, քիչ վարպետ ասանկ յղացում մը կրցած է ունենալ։ Տես ի՞նչպէս արագիլը շնորհալիօրէն վիզը կորացնելով դէպի իր ճանկերը, կ՚ուզէ կտցահարել անոնց մէջ սեղմուած ցորենի շիւղ մը։ Ատիկա Չ գիրն է։ Նուն աւելի ծիծաղելի է. զայն կազմող թռչունը ծաղկի բաժակէ մը ելլելով գլուխը յետ ձգած կը կտցահարէ իր նախորդ Ի գիրը որ գլխահակ թռչուն մըն է ուրուրի մը մագիլներուն մէջ։

Օճախին մէջ քանի մը ճիւղեր նետելով շարունակեց.

Մեր նախնիք ժիր եւ տաղանդաւոր մարդիկ էին, դիտելով ձեռակերտները, կը հիանամ իրենց հմտութեանն ու ճաշակին վրայ։ Բնութենէն առած են ամէն մէկ օրինակ, արդէն չե՞ն ըսած թէ բնութիւնը մայրն է ամէն գեղեցկութեան։

Տեսած եմ քանի մը վարպետներ ուսուցչութեանս միջոցին. հատ մը Ս. Կարապետի մէջ հանդիպած եմ, հրաշագործի համբաւով նկարիչ մը, որ աղօթքով կը պատրաստէր իր ներկերու խառնուրդն՝ որուն գաղտնիքին ինք տեղեակ էր միայն։ Այն ատեն իր աշխատութիւնները ինծի գերիվեր բաներ մը կ’երեւային, բայց հաւատա՛ որ ասոնց քով տղու գործ անգամ չեն, ոչնչութիւննե՜ր, որովհետեւ հասկցայ որ դիտել չէր գիտեր, չէր տեսներ իրերուն ու կենդանեաց շարժումն ու շարժման գեղեցկագոյն վայրկեանը՝ զոր անմահացուցած են մեր վարպետներէն աննման Պիծակը, Գրիգոր դպիրը, Նաղաշ Մկրտիչն եւ ուրիշներ։

Հին վարպետները խոր կերպով սերտած են թռչուններու, ծաղկանց, ձուկերու եւ պտուղներու կազմուածքը, անանկ որ կրնաս իրարմէ զանազանել անոնց ազգերն ու տեսակները. հապա անոնց գոյներուն տոկունութիւնն ու իրականութիւնը։ Այս բոլորին հետ հոգի մըն ալ իրենցմէ դրած են, ստեղծելով առընչութիւններ իրար յաջորդող գրերուն մէջ, անանկ որ երբ կը կարդաս բառն ու նախադասութիւնը, զարմանքդ մեծ կ’ըլլայ նշմարելով գիրերու նկարչութենէն ելլող ընդհանրապէս զուարճալի պատմուածքի մը, առակի մը, աւանդութեան մը մասին ակնարկութիւններ։

Կ’երեւայ որ Հայուն մէջ աշխարհիկ ոգին միշտ մեծ տեղ գրաւած է ու վանական խստամբեր կեանքն անգամ չէ բաւեր մեռցնելու անոր բնական զուարթախոհութիւնը։

Գիտեմ Ս գիր մը որ կազմուած է երկու ձեռք ձեռքի տուած եւ խնդալով գլուխնին իրարու զարնող հտպիտներէ. իսկ Ե մը ունիմ որ գինովէ մը ու ձեռքը բռնած սազէն կազմուած է։

Մինչեւ հիմա Վարդապետս, հարիւր տեսակ զարդագրեր գտած եմ. թռչնագիր, պտղագիր, ձկնագիր, ծաղկագիր ամէնն ալ. հարկաւ ուրիշ վանքերու եւ եկեղեցիներու մէջ ալ հարիւրաւորներ կան, անծանօթ ձեռագրերու մէջ։

Արդեօք ի՞նչպէս նետուած են կողմ մը, անազնիւ սրբապղծութիւն. գիտեմ, անոնք կ’ոտնահարուին կոպիտ լուսարարէ մը, կամ տմարդի ու տգէտ քահանաներու եւ վարդապետներու կողմէ անպատկառ թղթատումէ մը վերջ՝ կրակ կը նետուին։

  Չառնուի՛ս, այս տեսակէտով դատապարտելի են մեր վարդապետները, որ չէ թէ միայն չեն գնահատեր ու խնամեր՝ այլ թանկարժէք կտորներ օտարներուն կը նուիրեն կամ կը ծախեն չնչին գինով։ Միայն երկու Վանք կայ որ կը յարգեն այս գործերը ու զանոնք կը փնտռեն, Վենետիկցի ու Վիեննացի վարդապետները իրենց գործ ըրած են զանոնք հաւաքելը։

Էջմիածնի մէջ ալ լաւ գրադարան մը ու գրչագրեր կան կ’ըսէր Տուրինեան Սրբազանը, Արմաշի մէջ ալ անխնամ չեն վրայ բերի։

Կրնայ ըլլալ, ամէն պարագայի մէջ Վենետիկի միաբաններէն հայր Կ. երբ չորս տարի առաջ ասկէ անցաւ, ինձ հաւաստեց թէ մեծ խնամք կը տանին հնութեան աւանդներուն. նոյն միաբանը՝ որ ամբողջ Հայաստանը պտտած էր, Եկեղեցիի հրաշալի աւերակներու վրայ կը խօսէր ու կ’ըսէր թէ օր մը գեղեցիկ արուեստի պատմութեան մէջ մեծ տեղ բռնելու սահմանուած է այդ ճարտարապետութիւնը որ՝ Հայուն յատուկ է։

Անիկա անհաւատալի բաներ ըսաւ ձեռագիրներու ու նկարի ճակատագրերուն մասին։ Գիւղացի տղաք տեսեր է՝ որոնք մագաղաթեայ երփնագրուած աւետարանի մը էջերովն փողեր շինած ժամուն բակը իշխանգերի կը խաղային։ Անգամ մըն ալ Քաղցրահայեաց վանքի մարապետներէն տասը թանկագին ձեռագիր ու երկու փոքր նկար գներ է տասը ղրուշով, ասոնք գտնուելի՞ք բաներ են, դրամը գին ունի՞ մագաղաթին քով…

Ըսածներուն ճշմարտութիւնը կասկածելի չէր, բայց մէկէն դառնութիւն մը արթնցաւ մէջս Մխիթարեան վարդապետին դէմ. խորհեցայ թէ կաթոլիկ վարդապետները անպատճառ բան մը կը գտնեն մեզ պախարակելու համար եւ թէ բնաւ առիթը չեն վրիպեցներ մեր տգիտութիւնը ձաղկելու։

Պ. Եղիազար, ըսի, ատ վարդապետները միշտ սուտեր կը գլորեն, ատով մենէ տեսակ մը վրէժ լուծելու համար… յանուն հաւատքի։

Այս խնդիրին մէջ գոնէ ատանկ բան չի կայ։

Ճիշտ կը խօսէր. իմ ընդդիմախօսութիւնս աւելի ներքին հակառակութենէ մը կը բղխէր որ իրեն հիմ ունէր Կաթոլիկ ու Լուսաւորչական եկեղեցիներու դարաւոր ոսոխութիւնը։

Լա՛ւ է որ ասանկ լայնախոհ եմ, կրօնական անձկամտութիւնը անտանելի է. անիկա երկար ատեն աղէտ ու արիւն ցրուեց բոլոր քրիստոնեաներուն վրայ։

Վերջացնելու համար ըսի.

Չե՞ս կարծեր, Պ. Եղիազար, որ Մխիթարեան վարդապետները քիչ մը կեղծաւոր են…

Կեանքիս մէջ քանի մը հատ տեսած եմ, բայց՝ տպաւորութիւնս ան եղած է որ գոնէ ազգասէր-կեղծաւորներ են, Կաթոլիկ եկեղեցական դրութիւնը ատանկ ըլլալու ստիպած է զիրենք…

Այսպէս խօսելով՝ հասանք Կաթոլիկ միաբանութիւններու կազմութեանն ու գործունէութեանը. իրեն ըսի այն ամէնը՝ զորս Օրումեան սրբազանի հմտալից ակնարկներէն ուսած էի. հպատակող, անձնուրաց եւ հուժկու կազմակերպութիւններ են, գլխաւորաբար Ճիզուիթներու ճիգովն էր որ Լուտերի եւ ընկերներուն Վերանորոգութեան գործը, ամբողջ Եւրոպայի վրայ չտարածուեցաւ ու այդ միաբանութեանց Ափրիկէի, Ասիոյ մէջ ներկայութիւնը ճշմարիտ բարիք մըն էր տեղացիներուն համար՝ որոնց հաւատքի հետ ուսում, դարման ու երբեմն սնունդ կուտան։

Պ. Եղիազարն ալ Թրափիստներու բոկոտն կարգին վրայ հետաքրքրական բաներ պատմեց։ Երուսաղէմի ճամբուն վրայ այցելեր է անոնց վանքերէն մին։

Մութը իջեր էր. ստուար որմին մէջ փորուած լուսամուտը գրեթէ կը կուրանար. լռեցինք ու մինչ Եղիազարը նորէն կը զննէր մանրանկար մը, ակնոցը քթին զետեղած, ես շատ կը զուարճանայի օճախին մէջ կեանք առնող բոցերուն հազար խաղերով. անոնք սեւ քարերը կը լիզէին՝ առաձգօրէն երերալով, կ’ոլորուէին ու մէկէն դուրս կը խիզախէին, կարծես սենեակին մէջ պտոյտ ընելու դիտումով. երբեմն հրաշէկ կոճղ մը փլչելով, իր կրակները կը տարածէր, կռուփով կոտրուած նռան մը հատիկներուն նման։ Օճախին շառագոյն լոյսն ալ յարատեւ բռնուուք մը կը խաղար սենեակի ստուերին հետ, որմերուն վրայ. դիտելով լոյսի այս քմահաճ պարերը կը յիշէի մանկական խաղերս։

Դեռ փոքր՝ հալածելու կ’ելլէի փախստական ստուերներն՝ ու մայրս ի՜նչպէս կը ժպտէր հետեւելով քայլերուս. ա՜հ ազնուական ու տառապագին մա՛յր, կը յիշեմ գուրգուրալի դէմքդ՝ երբ կը յականէիր չարաճճիութիւններս, քու երբեմնի պարմանուհիի երազուն օրերդ յիշելով։

Հայրս ամուսնացած էր՝ մօր նման սիրուն աղջիկ մը ընտրելով, ինչո՞ւ զաւակը յանձն առաւ ամուրիութեան տաժանքը։ Շուշանը յիշեցի…

Եղիազարը դառնալով, յանկարծ ինծի ըսաւ՝

Վարդապետ, չե՞ս կարծեր որ կղերականութիւնը վնասակար բան է. հաւատքը միջնորդի չի կարօտիր. գալով կուսակրօնութեան, անիրաւութիւն մըն է ան. ինչո՞ւ փճացնել, կամ անբարոյութեան գաղտ ոճիրներուն մատնել առոյգ, կենսալից երիտասարդներ…

Հաճելի յայտնութիւն մըն էր ասիկա. կեղծ լրջութեամբ ըսի՝

Կուսակրօնութիւն ընտրողները ազատ կամքով ըրած են այդ բանը. իսկ զարմանալի է որ եկեղեցականութիւնը վնասակար կը համարիք…

Ձգենք հիմա այդ խնդիրները, վրայ բերաւ. ուրիշ օր մը կը տեսնուինք։

Երբ դուրս ելայ, խաւարը Վանքին վրայ նստած էր ու իր շունչը մահուան քամիէն սաստիկ թուեցաւ ինծի. Եկեղեցւոյն ճակատը անորոշ խոհանքի մը տակ կը մռայլէր, մինչ անոր առջեւ տարածուող բակը ձիւներու ցոլացումէն կը հագուէր աղօտ կիսալոյս մը։

Կը ձիւնէր անընդհատ. հովը երբեմն կը ծեծէր զանգակատան կողերն ու ծածկոյթի թիթեղները, մէկ երկու աղաւնիներ յագեցած մնջիւն մը կ’արձակէին այս ցրտին ու հողմակոծ միջոցին մէջ։

Սրտովին գոհ էի. հիմա ալ անտարբեր չեմ Եղիազարի գովաբանած արուեստին, իր տեսութիւնները յարգելի ու ճիշտ կ’երեւին ինծի։

Այսպէս անպատճառ մէկը պիտի բանայ մեր աչքերը ուրացուած գեղեցկութիւններու վրայ, որպէս զի հաճինք հետաքրքրուիլ՝ ու գնահատել զանոնք։

Յետոյ իր վերջին խօսքերն ալ իմաստալից էին, կուսակրօնութիւնը անիմաստ է թերեւս… բայց ի՞նչ օգուտ կրնայ բերել ինծի անոր անիմաստութեամբն ու վնասով զբաղիլս, ատանկ խորհրդածութիւններ կորստեան պիտի տանեն զիս, նուիրական համարուած կոչումի մը անսաստելով։

Ես կուսակրօն եմ. կը նմանիմ մարդուն, տխուր հանգիտութիւն, որ տղմուտի մը մէջ խորասուզուած է, պէտք է հոն մնամ, սպասելով վախճանիս…