Վանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՎԱՆՔԸ (ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՄԸ ՕՐԱԳԻՐԸ)
ԺԹ.

Ապրիլ . . .

Զուարթ տրամադրութեամբ մը ելայ այս առտու։ Բացի պատուհանս ճիշդ այն պահուն երբ նախիրը դաշտ կը քշէին։ Ջլապինդ այծերն եւ ուլիկները զիրար կը հալածէին՝ երբեմն կանգ առնելով սկսելու համար եղջիւրներու կարճ այլ հերոսական մենամարտ մը։ Կը սիրեմ այծերը, ինքնատիպ են եւ ազատութեան սիրահար։ Յետոյ ոչխարներու սպիտակ ու միազանգուած հօտը գլխիկոր ու դանդաղ կը հոսէր շրջապատուած լուսագէս ու մայող գառնուկներէն, ապա երազուն կովերը կը հետեւէին անոնց, երկարասրուն ու դեդեւող հորթերով. գոմէշները վերջապահներն էին սեւ, զազրելի ու դանդաղ։

Հաճելի էր տեսնել այս անասնական զանգուածը ու մանաւանդ լսել մայիւններու, պոռոչի ու թինդող բոժոժներու յարաճուն ընդխառնումը՝ որ խոնաւ, տակաւին միգամած գարնան առաւօտին մէջ՝ աւետուող հեռաւոր արեւն ու աւիշներու զարթնումը կ’ողջունէր։

Այսպէս՝ մինչ դաշտերու արահետներուն վրայ դանդաղող կենդանեաց գնացքին կը հետեւէի աչքերով, ահա գոմի վարի դուռնէն դուրս թռաւ ահարկու ու անսանձ ցուլ մը, որ միջոցին մէջ մոլեգին պոռոչ մը նետելով՝ սուրաց դէպի հօտը։

Աղաղակով ու շարժումներով լի այս նկարը յոյզով լեցուց զիս, իմ հրճուանքս գրեթէ մանկական էր, կը խնդայի, ծեծելով պատուհանին փայտերը։

Բլուրներու ետեւէն քիչ յետոյ կը ծաթէր հրաշէկ եւ հզօր սկաւառակը արեւին, տակաւ կը տժգունէր երկինքի կապոյտը՝ մինչ անդերու հողին վրայ ծփուն մէգը կ’անօսրանար եւ ես նշմարեցի յամրավար գութանը, լծկան եզներու ճիգը, սրճագոյն փեռեկումները հողին։

Գարուն է ալ. կը հաւատամ որ եկաւ, եկա՜ւ որովհետեւ ծառերուն վրայ արդէն իսկ կը զգացուի շունչ մը որ արմատներէն կը բարձրանայ մինչեւ ծայրը կատարներուն. կենդանացնող աւիշն է ան։

Կը շիկնին բարտիներու սլացիկ ճիւղերն, ու գետեզրի ուռիներուն վարսքը՝ կլապտաններու հետ կը շփոթեմ։ Թերեւս պարտէզի որմերուն ետեւ դալարիքի կանաչ այտերուն տակ, դեղին եւ սպիտակ ծաղիկները աչք բացած են։

Ասիկա Պոլսոյ ձմերավերջը չէ՝ երբ փետրվարի յետին օրերուն յանկարծ գարունը հազար կողմէ ձայն կուտայ ու բիւրաւոր ծաղիկներու մէջէն կը նայի։

Հայաստանի համար ամէն բան ուշ կուգայ… բայց աւելի հաճոյալի է սրտիս ասիկա ու ես հիմա կը սկսիմ աւելի սիրել դժնդակ ձմեռուան մը յաջորդող արեւու, կապոյտի եւ կանաչի այս օրերը։

Խոնաւ էր օդը եւ ես ծանրօրէն կը շնչէի. այդպէսով կը վտանգուէր առողջութիւնս սակայն ինչ հոգ, երջանկութիւնս բաւ է ինծի։

Երջանիկ եւ զուարթ ինչո՞ւ… թերեւս անոր համար որ ինէ Շուշանը կը նայէր այդ գարնան առաւօտին։

Բնութեան երկունքին մէջ՝ կը զգամ իմինս ալ որովհետեւ երիտասարդ եմ, թէեւ պարտասած ու տկար։ Չունենա՞մ այս վերածնող բոլոր բաներուն մէջ՝ իմ ալ յարութեանս յոյսը…

Առաջին անգամ ըլլալով բանաստեղծութիւն մը գրելու փափագն զգացի առտուն…

Կէս օրէն յետոյ երբ խոնաւութիւնը նուազեցաւ, գացի շիրմաքարերէն մեկուն վրայ նստիլ վերարկուս բազմոց ընելով։

Լա՛ւ է ասանկ հանգչիլ բաց օդին մէջ՝ երբ արեւին թափանցող ջերմութիւնը քանի մը սարսուռներ տալէ վերջ՝ ոսկորներուդ մէջ կը թափի։

Յամրօրէն երազանքի մը անձնատուր եղայ՝ գոցելով աչքերս։

Արեւուն դեղին լոյսը արիւնագոյն կը ներկէր կոպերս ու ես պահ մը անոնց կարմիրին վրայ ալապաստրէ քանդակի մը նման Շուշանի դէմքը տեսայ։

Փակ պահեցի աչքերս վայելելու համար սիրոյ յաւերժական այդ նկարը։ Քրքիջ մը սթափեցուց զիս։ Փոքրիկ սափոր մը ձեռքը տնտես Կարօին հետ կատակելով, գետեզրը կ’իջնէր։

Նայեցայ իր հասակին, խարտեաշ մազերու հիւսքին, հպարտ քայլերուն։ Երբ անհետացաւ վազեցի իր անցած ճամբուն վրայ, վերադառնալու համար նորէն իմ տեղս։

Ետիս դարձայ, աւագ խորանին արտաքին սապատն էր քովս ի վեր կանգնած իր նեղ, երկար լուսամուտերովը՝ աղեղնաձեւ ժանեկաւոր յօնքերու տակ. աչքս ինկաւ նաեւ հնօրեայ գերեզմանի մը մութ խաչքարին վրայ։

Երկուքն ալ խոժոռ ու սպառնալից թուեցան ինծի. միոյն ստուերին ու միւսին ծանրութեան տակ պիտի հանգչի ամէն բան օր մը…

Արեւը կ’անհետէր շոգելից հորիզոնին վրայ, հեռաւոր լեռներու ստուերին ետին. ու արդէն իրիկուան հետ կը տրտմէի նորէն, որովհետեւ գիշերուան մենութենէն կը սկսիմ վախնալ ես։

Աւելի ճիշդ՝ ուզածս չեմ գիտեր. ցերեկները գիշերուան կը սպասեմ, իսկ մութին՝ երբ խորտակուած ու հրէշային, խուցս դառնամ Շուշանի լուսամուտին տակ երկար դեգերումներէ յետոյ՝ աղօթարանի կապոյտ շողերն կ’երազեմ ու կուլամ…