—
Է՜հ,
հա՜,
հա՜,
հա՜,
հա՜.
Հօրս
դիակն
ուսիս,
կը
քալեմ
ահա՜
Ջարդուածներու
դաշտին
վըրայ
լուռ…։
Զառա՛մ
Քահանայ,
դիակըդ
տըխուր
Ի՜նչ
ծանր
է
ուսիս,
ի՜նչ
ծանր
է
ուսիս…։
Անշուշտ
երբ
իբր
խենթ
արտաքսեցիր
զիս
Հայրենի
բոյնէդ,
չի
խորհեցա՜ր
բնաւ,
Թէ
պիտի
գայի
գտնել
քեզ
խոնաւ
Թաքստոցիդ
մէջ
խեղդուած,
շան
մը
պէս,
Իմ
պա՛րտքըս
վերջին
կատարելու
քեզ…։
—
Է՜հ,
հա՜,
հա՜,
հա՜,
հա՜.
Բոլոր
խելացի
մարդիկներն
ահա՜.
Ահա՜
խելօքներն
այս
ապուշ
կեանքին,
Ահա՜
անոնք
որ
իրենց
ծանր
հոգին
Համրիչ
քաշելով
կը
զբօսցնէին,
Ու
նուիրումով
մը
աստուածային՝
Կիրակին
անգա՛մ
մը
բերանով
ծոմ
Տիրամօր
առջեւ
կը
սպառէին
մոմ,
Շաբաթ
մը
ամբողջ,
անվա՛խ,
անհամա՜ր,
Շնալու,
ստելու,
գողնալու
համար։
—
Է՜հ,
հա՜,
հա՜,
հա՜,
հա՜.
Բոլոր
տիրացու
հոգիներն
ահա՜.
Ահա
անոնք
որ,
ուղեղնե՜ր
ծանծա՜ղ,
Ամէն
մութ
հարցի
ունէին
ծիծաղ.
Սաղմոսով
սնած
սոփեստներ
աժան՝
Հեշտ
կը
լուծէին
հարցումներ
դաժան.
Դամոկլեան
սուրի
մը
տակ
դող
ի
դո՜ղ՝
Շտեմարաննին
կ՚ուռեցնէին
գո՜հ,
Հարսնիքները
շէն
տօնելու
վաղուա՜ն…
Ու
չէին
հաճե՜ր
իսկ
խորհիլ
Մահուան…։
—
Է՜հ,
հա՜,
հա՜,
հա՜,
հա՜.
Բայց
ինչո՞ւ
քրքիջս
այսպէս
կը
դողայ…։
Ահա
բոլո՛րն
ալ,
բոլո՛րն
ալ,
բոլո՛ր,
Մութին
ու
լուռին
մէջ
անդնդախոր,
Պառկա՜ծ
խօլական,
պառկա՜ծ
ամբարիշտ,
Պառկա՜ծ,
քարեղէն
ցաւի
մէջ
ընդմիշտ,
Պառկա՜ծ,
Աստուա՜ծ
իմ.
ու
որչափ
ալ
կա՜յ,
Ու
որչա՜փ
ալ
կայ.
մինչեւ
հեռակայ
Ճամբաներուն
ե՛զրը
փռուա՜ծ,
կարծես
Անդրհեղեղեան
անտառի
մը
պէս…։
—
Է՜հ,
հա՜,
հա՜,
հա՜,
հա՜.
Լուռ
գիշերին
մէջ
շուներուն,
ահա՛,
Երախին
մէջ
-
դեռ
կեանքով
գալարուն
Կը
լսեմ
ճարճա՛տը
ոսկորներուն…։
Բարեկամ
շունե՜ր,
բարեկամ
ձեռքե՜ր,
Բարեկամ
լեզուով
լափլիզուած
վէրքեր…։
Երնէ՜կ,
գազաննե՜ր
անբան…։
Բայց
ինչպէ՜ս
Բոլոր
արջառնե՛րը,
գլուխնին
վէ՜ս,
Սուրացին
հեռո՜ւի
դաշտերը
անծի՛ր,
Գնդակէ՛ն,
բոցէ՛ն,
աչքերնին
կարմիր…։
Ու
ահա
ամբողջ
գիշեր
կը
շրջիմ,
Յիմա՜ր,
խեղճ
յիմա՜ր։
Խելքս
առիր
շատո՜նց.
կեանքս
առ,
Փրկիչ
իմ,
Աստուա՜ծ,
մեր
յիմա՜ր։
Ի՜նչ
կը
նայիք
ինձ,
հոգեվարք
աչեր,
Յիմա՜ր
եմ,
յիմա՜ր։
Երնէ՜կ,
կը
մեռնիք.
մինչ
ես
կ՚ապրիմ
դեռ
Այս
կեանքը
յիմա՜ր։
Կըռուի
դաշտերով
տարի
առանձին
Ստուերըս
յիմա՜ր,
Շնորհ
չըրին
գնդակ
մ՚ալ
ինձ,
պոռացին
«Յիմա՜րն
է,
յիմա՜ր»։
Դէ՜հ,
մտիկ
ըրէք,
դուք
որ
կը
խորդաք
Այս
մահով
յիմար,
Արիւնով
շաղուա՜ծ
պատմութիւն
մը
տաք,
Յիմա՜ր,
ա՜հ,
յիմա՜ր։
Ո՞ր
խեղճ
երկիրն
էր,
ո՞ր
թիւն
Յիսուսի,
Ո՞ր
թագաւորն
էր
-
ականջը
խօսի
-
Միայն
թէ
բարի
էր
շա՜տ
այդ
արքան,
Մանրամասնութիւն
չե՛մ
գիտեր
այնքան,
—
Նոյնիսկ
իր
ձիուն
անուն
չեմ
յիշեր։
-
Սեւ
մղձաւանջէ
մը
վերջ
մի
գիշեր
Հրաման
ըրաւ
եօթ
քաղաքներու
Եօթ
տարիքէն
վար
բնակիչներն
արու
Եօթը
օրուան
մէջ
կտրել
-
պայմանաւ
Որ
տարեցներուն
չի
դպչին
բնաւ…։
Ու
տարեցներն
այդ
վերջին
պայմանէն
Շնորհապարտ
եղան
ա՛յնքան՝
որ
ամէն
Եօթն
էգ
բնակչէն
մին
ըրին
նուէր
—
Նուէր
էգերու
եօթ
տարիքէն
վե՜ր
-
Արքային
ու
իր
խարճերուն
արու…։
—
Քա՛ղցր
անմտութիւն
եօթը
թիւերու…։
Նոր
թագակիրներն
ի՜նչ
շուտով
մոռցան
Հին
իմաստութի՛ւնը
արքայական։
Ապշա՜ծ
կը
դիտեմ
քաոսն
այս
անհո՜ւն
Ու
կը
խորհիմ
թէ
ի՜նչ
բառ,
ի՜նչ
անուն
Պէտք
է
տալ
այս
զբօսանքին։
Ինչո՞ւ
կտրել
տալ
անմիտ
այս
դողդոջագին
Գանկերը
ծերուկ՝
պարապո՜վ
լեցուն։
Ինչո՞ւ
յոգնիլ
այս
կեանքերով
փցուն։
Ինչո՞ւ
կոտրտել՝
ծռելու
պատրաստ
Այս
լայն
կռնակներն,
արքայի՜ց
գրաստ։
Այս
համեստ,
այս
պարզ
հոգիներն
ընտել,
Արկատեան
դրախտէն
ինչո՞ւ
վռնտել։
Գո՛նէ
մէյ
մէկ
աչք
թող
իրենց
տային,
Ամբողջ
կեանքերնին
պիտ'
աղօթէին…։
Արքան
ի՜նչ
կ՚ուզէր
իր
ստրուկ
մարդէն.
Ինչո՞ւ
մեռցնել՝
մեռածներն
արդէն…։
Ու
ինչո՞ւ
թողուլ
որ
որբերն
ապրին,
Այդ
որդեգրեալներն
արեա՛ն,
խաւարի՛ն։
Օր
մը
տարիքով
փոքրիկ,
հոգւով
մե՜ծ,
Այդ
մանուկներու
խումբեր
դառնահեծ,
Որ
ո՛չինչ
չունին
այլեւս,
ո՛չ
ծընո՛ղ,
Ո՛չ
Աստուած,
ո՛չ
ափ
մը
հայրենի
հող…
Եւ
որ
կը
մուրան
պատառիկ
մը
հաց՝
Հեռուէն
պժգանքով
իրենց
կարկառուած…
Եւ
որոնք
Մարդուն
մէջը
սրբազան
Ոչի՛նչ
գտան
այլ
վայրագ
մի
գազան…
Զգո՜յշ,
այդ
նոյն
հսկայ
մանուկներ
մի
օր
Նեխած
ոսկրերու
վրայ
բիւրաւոր
Կարմիր-Դատաստա՛նը
պիտի
կանգնեն…
Ու
չորս
հովերուն
նո՛ր
Կամք,
նո՛ր
Օրէն
Պիտի
շեփորեն…։
Ու
այն
ատեն,
վա՜յ,
Վա՜յ
բոլոր
շնչող
էակներուն,
վա՜յ…։