***
Ջուրին
մէջ
երկինք
կը
ցոլայ
անհո՜ւն…։
Ո՜վ
ոսկի
եղեռն
Մահու
այս
պահուն…։
Կուռ
մարգրիտներու
շարք
մանեա՛կ-մանեա՛կ.
Աստղեր,
ծիր-կաթին,
լուսին,
արբանեակ,
Լոյս
ստինքներու
պէս
ողկո՜յզ-ողկո՜յզ,
Կը
կաթեն
գինով
հիւթը
հոգեյոյզ…։
Մեռնիլ…։
Աչքերնիդ
երկի՛նք,
արիւնհա՜լ,
Խե՜ղճ
հոգեվարքներ…։
Է՞ր
չեմ
կրնար
լա՜լ…։
Լա՞լ.
ո՛չ.
բայց,
դո՛ւն,
դո՛ւն
որ
գահէդ
անհաս,
Բո՛ւռ-բո՛ւռ
աստղերու
մէջ
կը
խրոխտա՜ս,
Է՞ր
չի
կրնայի
փտա՜ծ
թոքերէս
Արիւնո՜տ,
ժանգո՜տ
խուխ
մը
շնորհել
քեզ…։
Բայց
դուն
բարձր
ես,
վերն.
քու
խիղճիդ
մաքուր
Առանձնութեան
մէջ.
եօթ
մարգարտակուռ
Կամարներէդ
եօթն
անգամ
բարձրացած
Սերովբէներուդ
միջեւ
գետնամած…։
Ու
չես
հաճիր
ա՛չքըդ
անկարեկիր
Ուղղել
Մարդկութեան
զոր
յերկիր
թուքիր…։
Լո՜յս
սանդուխներուդ
ոսկի
մատներէն
Իջի՜ր
Եհովա՛դ,
Ալլահը՛դ,
Որ
Էն…։
Այլ
զգո՜յշ.
քու
լոյսդ
մութին
մէջ
գո՛ցէ.
Զի
կառափնարանն
այս
անհուն
գո՜ւցէ
Խենթենայ
յանկարծ,
գո՜ւցէ
ծերունի
Աչերուդ
մատներ
խրուին
արիւնի…։
…Խե՜ղճ
յիմար։
Որո՞ւ
կը
խօսիմ
փրփրա՜ծ։
Չէ՞
որ
դուն
վաղո՜ւց
մեռեր
ես,
Աստուա՜ծ.
Ու
քու
հսկայի
դիակըդ
անբա՜ւ,
Գարշանքի
ժահրո՜վն
արիւնաթաթաւ,
Ապականե՜ր
է
երկնից
անապակ
Ծիր-կաթիններուն
երազն
անյատակ…։