ԶԱՆԳԱԿՆԵ՜Ր,
ԶԱՆԳԱԿՆԵ՜Ր…
Զանգակնե՜ր,
բարի՜,
բարի՜
զանգակներ,
Ի՞նչ
բան
կասեցուց
ձեր
գուժկան
լեզուն.
Խօսք
ելլել
կ՚ուզէ
արիւնը
վազուն…
Կը
լռէ՞ք,
բարի՜,
բարի՜
զանգակներ։
Արդեօ՞ք
ձեր
միսթիք
հագագն
արոյրէ,
Ուր
կեղե՜ւ
կապեց
աղօթքի
փոշին
Եւ
ուր
կ՚երազէ՜ր
խունկի
գոլորշին,
Յեղակարծ
ցաւէն՝
անզօ՜ր
կը
լռէ։
Ո՛չ։
Ձեր
դարաւոր
հոգին
պղնձի
—
Որ
շա՜տ,
շա՜տ
յաճախ
տեսեր
է
Բարին
Յաղթուած
Չարէն
—
այժմ
իր
բարբառին
Ու
իր
Աստուծոյն
վրայ
կը
կասկածի…։
Ա՜խ.
որովհետեւ
տեսա՜ք
ձեր
բարձրէն,
Հաւատաւորներ
հազարով,
բիւրով,
Ինկա՜ծ
հեթանոս
տապարով,
բիրով,
Ձեր
ոտքերուն
տակ,
երկիւղածօրէն…։
Ու
ձեր
գմբէթէն
դիտեցիք
անձա՜յն,
Թէ
ինչպէ՜ս
խնկոտ
տաճարներու
մէջ,
Ո՛րբ,
կի՛ն,
ծերունի՛,
բոցերով
անշէջ,
Իրենց
Աստուծոյն
գահին
զոհուեցան։
Բա՜յց…։
Գիտէք
նաեւ
թէ
մեր
դարաւոր
Դիակներու
բուրգն
ամպերէն
անցա՜ւ.
Ու
մեր
արիւնին
ժահրէն
նեխեցաւ
Սրբութիւններու
ծո՜յլ
գունդն
երկնաւոր…։
Արդ,
ո՞ւր
էք
չքնաղ
խոստումներ
խաչին.
Եղբայրութեան
զո՜ւր
բարբառներ,
ո՞ւր
էք։
Կրակ
կը
փսխէ
հողն
ամէնուրեք…
Գետերն
արիւնո՜վ,
դիակո՜վ
կ՚ուռչին…։
Ու
կ՚իյնայ
այն
որ
կը
ծնկէ
վախով.
Զի
թուրն
աւելի
արդար
է
խաչէն,
Զի
կեանքն
անո՛նց
է
միայն
որ
քա՛ջ
են,
Անո՛նց
որ
կ՚ապրին
ուրիշի
մահով…։
Որովհետեւ
դեռ
հեռո՜ւ
է
օրն
այն
Երբ
գայլ
ու
գառնուկ
սիրո՜վ
կ՚արածին…։
Թէ
ապրիլ
կ՚ուզէ
գառնը
նորածին՝
Պէտք
էր
իր
ակռան
սրէ
լռելեայն…։
Լո՞ւռ
էք,
զանգակնե՜ր.
Աստուա՜ծն
է
մեռեր։
Գո՜յժ
տուէք
Վաղուան.
իր
հա՜սկը
մեռաւ։
Գո՜յժ
տուէք
Հայուն.
զի
ա՜զգը
մեռաւ։
Զանգակներ,
ծերո՜ւկ,
բարի՜
զանգակներ…։
Ինչպէ՜ս
կ՚ուզէի
ձերին
պարանին
Կախուիլ
ու
ցնցել
երկա՜թ
բազուկով.
Անո՛նք
որ
ինկան
բիւրո՛վ,
քովէ
քով,
Ձեր
ղօղանջին
հետ՝
լալու
պէտք
ունին…։
Հոգիիս
հազա՜ր
խուլ
զանգակներով,
Գոռացէք,
զանգե՜ր.
ու
կատաղօրէ՛ն
Գահավիժեցէք
ձեր
երկաթ
թառէն,
Ուրկէ
միա՛յն
լա՜լ
գիտցաք
դարերով…։
Օ՜,
ղօղանջեցէ՜ք,
Աստուա՜ծն
է
մեռեր…։
Լօզան,
2
Յունիս
1909