Վերջին հայերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅՈՒ ԶԱՏԻԿ
(ՀԱՅ ԾՆՈՒՆԴ)

Թի՛նկ, թա՛նկ… Օդին մէջ քու կո՞չդ է. Աստուա՛ծ։
Ահաւասիկ ե՛ս, Տէ՜ր, տարագրուա՜ծ,
Լոյսէդ հալածուած ստուերի պէս խեղճ,
Օտար աստղի տակ, օտար երկրի մէջ,
Կ՚երթամ կը փախչիմ, չունիմ դադար, կանգ.
Մինչ թաց մշուշին մէջ կ՚երգեն բիւր զանգ,
Թի՛նկ, թա՛նկ…։

Զատի՜կ, զանգակներ մէ՛կ վանկ կը հեգեն։
Երդիքներու տակ մանուկներ կ՚երգեն…։
Խաղաղութի՜ւն ձեզ, արքա՛յ, տէ՛ր, տընա՛նկ.
Ձեր բոյնին մէջ խունկ, խնծիղ, կախարդանք…։
Իսկ մենք ա՜լ չունինք ոչի՛նչ սրտի թանկ,
Երկրիս չորս ծագէն մոլորած կ՚երթանք.
Թի՛նկ, թա՛նկ…։

Ահա վեց դա՛ր է, բոյներնիս բոցի
Կու տան, զաւակնիս՝ որբեր փողոցի.
Մեր ոտքէն խլեցին խլեակը հողի,
Շրջուն մեռել ենք առա՛նց կոթողի։
Ցռուկնիս տուած լա՜յն հովին՝ կ՚երթանք,
Ներքեւնիս մութ ծով, առջեւնիս՝ վտանգ.
Թի՛նկ, թա՛նկ…։

Քսան դարեր վերջ, ո՜վ Յիսուս հլու,
Դուն դարձեա՞լ աշխարհ կու գաս խաչուելու…։
Դրախտիդ ակերէն արիւն քամեցին,
Խաչիդ քով հազա՜ր խաչեր գամեցին…։
Մոռցեր ենք սիրոյդ պատուէրները թանկ,
Մենք հայհոյելով մութին մէջ կ՚երթանք.
Թի՛նկ, թա՛նկ…։

Սակայն երգեցէ՛ք, դուք զանգե՛ր հիւանդ.
Ու դո՜ւք մանաւանդ, Հայու հնաւանդ
Զանգե՛ր, երգեցէ՜ք… Մենք բաժան-բաժան,
Մենք Փրկիչ չունինք, մենք Մահն ենք դաժան…։
Ալեկոծ նաւուն զանգերը վտա՛նգ,
Կ'երգեն… Երգեցէ՜ք, մենք մահուան կ՚երթանք.
Թի՛նկ, թա՛նկ…։

Կանգո՜ւն աշտարակ ցեղի մը փլուզուն…։
Դո՛ւն գիտես ազգի մ՚անէծքի լեզուն…։
Երգէ՛ ինչպէս որ լացիր ահազանգ,
Երբ դեռ ողջ ցեղին դրին կարմիր պատանք…։
Քու ձայնիդ ներքեւ՝ համակ կախարդա՜նք՝
Արար-աշխարհին նզո՜վք կը կարդանք.
Թի՛նկ, թա՛նկ…։

Լօզան, 1914