Վերջին հայերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

Քայլերուս առջեւ յորդ գետն ահա՛։
Ա՜խ. նետեցի զայն. կ՚երթայ, կը խաղայ։
Է՜հ, երթաս բարով, ծերո՜ւկ քահանայ,
Արեւն ա՜լ քեզի չի պիտի տեսնայ,
Չի պիտի տեսնայ…։

Հազարներու հետ, այսպէ՜ս, անխափա՜ն
Պիտի երթաս դուն, ջո՛ւրը քեզ տապան։
Է՜հ, գնաս բարով, ծերունի՛դ անբան,
Դրախտ երթալու ո՞րն է կարճ ճամբան,
Ա՜յ, ո՞րն է ճամբան…։

Այս վատերո՛ւն տեղ, օր մը, ո՜վ Սիհուն,
Դարաւոր ալեա՛ցըդ վրայ սիրուն
Ճերմակ կարապներ կը թեւեն սահուն,
Երգե՜ր կը թռչին ցայգի այս պահուն,
Ցայգի այս պահուն…։

Երբեմըն, երբեմն, թերեւըս մի՜այն,
Ջուրերու խորքէն գանկ մը լռելեայն
Յառնելով, փուշ-փուշ ընէ սիրական
Զոյգերու համբոյրն…։ Ամէնը այսքան,
Ամէնը ա՛յսքան…։