Վերջին հայերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԱՐՑՈՒՆՔԸ

Համիդին

Երբ բոլորն ալ տուին համարն այդ օրուան
Աստուածատուր իրենց զատ-զատ պաշտօնին,
Ու երբ Տէրանց Տէրը, հըզօր՝ Եհովան՝
Կը ժպտէր գոհ, հասա՜ւ Խորշակ-թագուհին։

Շէկ մազերու ծով մ՚ունէր ան բոցահեր,
Կուրծքին վահան մը հըրաշէկ արոյրի,
Գեհե՛նը կար աչքերուն խորն անվեհեր,
Ու իր շունչին տուրեւառին մէջ վայրի։

Եհովայի լռեց ատեանն ունկնդիր.
Ու երբ նշան ըրաւ երկնից արքայն մեծ՝
Խորշակ-դշխոն ճակատն հակեց ծնրադիր,
Ու միակե՜րպ, ու անայլայլ ան պատմեց.

Ամէն տեղ կեա՛նք տեսայ, խայտանք ու ժպիտ.
Սարին վերեւ, ծործորին մէջ, ակին քով,
Շուշան, սմբուլ կը խնդայի՜ն միամիտ,
Ու լելակները կ՚երգէին խայտանքով։

Ու թիթեռնիկ, միջատ, ծաղիկ, ու թռչուն
Կը ծծէին երանութիւն մ՚անհընա՜ր.
(Փո՞յթն էր իրենց Տիեզերքին մեծ Ինչո՞ւն…)
Երանութի՜ւն զոր մենք դեռ հոս չենք ճանչնար…։

Ու լսեցի որ վայրի վարդը կ՚ըսէր.
«Ի՛նչ աղուո՜ր է…» կ՚ըսէր վարդը հովերուն.
«Ի՜նչ աղուոր է…» կը կրկնէր հովն հեշտասէր՝
Փայփայելով լայն մրգաստանն օրօրո՜ւն։

Սուրա՛ցի դաշտ. մագլցեցա՛յ սարն ի վեր։
Քայլերուս տակ հեծեց արօտն յետնագոյն.
Ծղրիթներուն երգը լռեց կարեվէր.
Մոխի՜ր տեղաց ծաղիկներու վրայ գոյն-գոյն։

Ու դաշտերու անփառունակ շիւղերէն
Մինչեւ հըպարտ էտըլվայսները լերան,
Իրենց ցօղին վրայ խարեցան տրտմօրէն,
Դողդղացի՜ն, ու համբոյրիս տակ մեռա՜ն։

Օդին մէջ հո՛տն էր խարակուող ծիլերուն…
Ու լսեցի որ «խե՜ղճ վարդեր…» կը հծծէր
Յետին թռչունն որ կը փախէր շուարուն…
Ես կիզեցի. Քու հրամա՛նըդ այս էր…»։

***

Եհովան մո՜ւթ ժըպիտ մ՚ըրաւ անզգա՜ծ…
Ու երբոր դո՜ւրս ելան բոլորն ալ հըլու,
Իր հոգիին դե՜ռ անծանօթ պէտք մ՚զգաց,
Նուաստացուցի՛չ, ահռելի՛ պէտքը լալու…։

Լօզան, 26 Յունիս 1909