Վերջին հայերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

— Որի՞ համար է այդ կարդ, ա՜յ աղջիկ.
Որի՞ համար է արցունքդ, հա՜յ աղջիկ։
Ջահիլ մը մի՞թէ սարերու վերով,
Սիրտդ առաւ կուրծքէդ ու գնաց բարով…։

— Ես ինծի համար կու լամ, աղբերջա՛ն.
Գիշերին գաղտնիքն առած պատմուճան…։
Սիրտըս սգոտ է, սիրտս սէր չունի,
Սիրտըս վէրքոտ է, սիրտըս տէր չունի։

— Ինչո՞ւ համար է մետաքսդ, ա՜յ աղջիկ,
Ինչո՞ւ համար է հառաչդ, հա՜յ աղջիկ։
Մի՞թէ հարսնիքիդ աղքատիկ ջեհէզ,
Հալաւիդ համար կը հիւսես բեհեզ…։

— Եւ մի՞թէ հարսնիք ունիմ, աղբերջա՛ն.
Թէ մեկնիմ տունէս, մեռնի՛մ դաւաճան։
Այս ցուրտ սարերուն վրայ ամայի,
Ծնողքս ու եղնիկս ո՞վ պիտի նայի…։