Վերջին հայերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

I - ՎՐԷԺԻՆ ՍԵՐՄՆԱՑԱՆԸ

Քե՛զ, ցասումի՛ վայրագ հեղեղ գահավէժ,
Արդարութեան փայփայելի մո՜ւթ հըրէշ,
Խաւարներու ահե՛ղ ծընունդըդ, վըրէ՛ժ,
Ողջո՜յն. տաղե՜րըս քեզի…։

Մոխիրին կու տամ սրտիս վէրքերն ախտագին…։
Ամէնո՛ւն վէրքն, անսահմա՜ն վէրքը ազգին,
Արդարութեան ծարա՛ւը, մահն հաւատքին,
Երգեն տաղե՜րըս քեզի…։

Սանձերնին լա՜յն երիվարներ ասպազէն,
Ալիք-ալիք թօթուելով սէգ բաշն ուսէն,
Թող հայրենի աշխարհիս կուրծքն ակօսե՜ն,
Սուրան տաղերըս քեզի…։

Ու ես կու գա՜մ, - մո՜ւթ շանթերու սերմնացան -
Այդ ակօսէն, ուր արիւններ լճացա՜ն,
Գիշերներով, չար հովերով, ցիրուցա՜ն,
Ցանել տաղե՜րըս քեզի…։

Բաբէ՜. եթէ այս իմ բազուկս կարեվէ՜ր
Չը սորվեցաւ զարնել…։ Գոնէ անվեհե՛ր
Ցանքէս, մահու առաքեալնե՜ր, հսկանե՜ր
Կը ծնին տաղե՜րըս քեզի…։

Լօզան, 6 Յուլիս 1909