Վերջին հայերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հայր, մայր, բակին մէջ, ծերուկ կը ննջեն։
Խարխուլ տնակին ծակերուն մէջէն
Վայրագ կը սուլէ ցուրտ ձիւնը ձմրան.
Աստուա՜ծ, այս ի՜նչ հով, հիմեր կ՚երերան։

Հողէ կանթեղի մը լոյսով դողդոջ,
Մինա՜կ, դեռատի աղջիկ մը բողբոջ,
Գաղտնի ձեռակերտ կը հիւսէ ասուէ,
Կը հիւսէ լռի՜կ, լռի՜կ կ՚արտասուէ։

Անցած շաբթու երբ սարէն գիւղ գընաց,
Սուրբի մատուռին իբր ուխտագընաց,
Գաղտնի գներ է ապրուշում քաղքի,
Պունճուխներ մանրիկ, մետաքս, թել ոսկի։

Ու ամէն գիշեր, ծնողքը բարի՜
Երբոր ննջեն, ի՛ր գործին կը փարի.
Բարակ ասեղով ան իր կարճ ասուէ
Կը հիւսէ լռի՜կ, լռի՜կ կ՚արտասուէ…։