Վերջին հայերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

Բայց ահա ժպտեց կոյսը լռելեայն,
Գործն աւարտեր էր. մախաղ մ՚էր միայն։
Կտրեց մազերէն սեփսեւ ծամ մը լայն,
Ու հիւսեց հապճեպ, իր անունն էր այն…։

Ծնողքը դիտեց. կը քնանային։
Լամբարը մարեց. ու աստուածային
Աղջիկը մեղմին քայլերով դուռնէն
Դուրս սպրդեցաւ երկիւղածօրէն։

Հո՛ն, իր մեծ եղբայրն՝ ամէնէն թաքուն,
Այդ բուք-բորան, ցուրտ գիշերով անքուն,
Ինչ որ հին զէնքեր սրբելով մաքուր՝
Կը պատրաստուէր մեկնիլ թաքթաքուր…։

Աղջիկն իր վզին սեղմ փաթթուեցաւ՝
Մախաղն իր ուսին անցուց, ու լացաւ…։
Ջահիլն հայրենի, իր պարտքին հլո՜ւ,
Գնաց զարնելու…։ Գնաց մեռնելու…։