Վերջին հայերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

Բայց ես քե՛զ կու լամ, ո՜վ հայածին Կոյս.
Դո՛ւն մեր ցայգին մէջ՝ խաւարակուռ Լո՜յս։
Դո՛ւն միշտ շշնջող ու մի՛շտ խաբուած Յոյս.
Դո՛ւն մեր դամբանին՝ Ծաղիկ սգաբոյս…։

Ո՞ր Օրէնքէն, ո՞ր Աստուծմէն, ո՞ր մութ
Արդարութենէն, ո՞ր գութէն անգութ,
Ո՞ր մէկ ոճիրիդ քաւութեան համար՝
Կարմիր շղթայիդ օղերն անհամար…։

Դո՛ւն, Կին, չունի՛ս իսկ այն լոյսը ծաւի,
Այն ցոլքը յետին, որ Սէր կը կոչուի։
Դո՛ւն արգանդն ես լոկ ծնելու անո՛նք
Որ պիտի մեռցուին մահով անողոք…։

Ու սո՛ւրի մէջէն, ու բո՛ցի մէջէն,
Ու արեա՛ն մէջէն, Մահը կ՚ընդմիջեն
Ձեռքերդ՝ վեր բռնած մանո՛ւկ մը, վայրի
Ձայնով լալով «Ա՛զգը պիտի ապրի»։