ՑԱՒՕ
—
«Աղօթէ,
Ցաւօ՛,
աղօթքըդ
վերջին,
Զղջումի
բառեր
շրթներէդ
թռչին,
Հայր
մեր
մը,
տղա՛ս,
մեղայ
մը
ըսէ,
Վերն
Աստուած
մը
կայ,
ան
քեզ
կը
լսէ,
Տո՛ւր
հիւանդ
հոգիդ
ձեռքը
Արարչին,
Աղօթէ՛,
տղա՛ս,
աղօթք
մը
վերջին»։
Բանտի
ահաւոր
խուց
մըն
էր
խաւար,
Շղթաներու
տակ
Ցաւօ
կը
հեւար։
Բարի
քահանան,
սկիհ
մը
ձեռքին,
Մո՜ւթ
բառեր
կ՚ըսէր՝
Յետ-Մահուն,
Հոգին,
Եդեմն
ու
Գեհեն,
Ատեան
սրբավար…։
Բանտի
ահաւոր
խուց
մըն
էր
խաւար։
Երբ
խաչը
դպաւ
իր
կոշտ
շրթներուն,
Ցաւօ
ծեր
գլուխն
ետ
քաշեց
սարսռուն,
Մարմինը
դողաց
շղթաներուն
տակ,
Պիտի
ուզէր
լա՜լ՝
քրքիջ
մ՚այլանդակ,
Թոքերուն
խորքէն
պոռթկաց
շուարուն՝
Երբ
խաչը
դպաւ
իր
կոշտ
շրթներուն։
—
«Կը
հեգնե՞ս
Տէր
հա՛յր,
քու
խաչդ
անօգուտ,
Ու
Հաղորդութիւնդ
կատակ
մ՚է
անգութ,
Մի՛
խօսիր
ինծի
Աստուծոյդ
վըրայ
Որ
դա՜ր
դարերով
անտարբե՜ր
վըկայ՝
Երկնի
կապոյտէն
կը
ժպտի
անգութ…
Քու
Տէրդ
եթերին
զա՛րդն
է
անօգուտ։
«Քանինե՜ր
մեռան
Սուրբ-Գործին
համար։
Ինչո՞ւ
արծաթի
այս
խաչը
յիմար։
Քու
Յիսուսէդ
վե՛րջ
ու
Յիսուսէդ
վե՛ր,
Աստուածներու
պէս,
հպա՛րտ,
անվեհե՛ր,
Կախաղաններու
վըրայ
անհամա՜ր
Քանինե՜ր
մեռան
Սուրբ-Գործին
համար։
«Նայէ՛
աչքերուս
ցայգին
մէջ,
Հայր
ճա՛ն.
Զղջման
ցոլքը
հոն
չիկայ
դաւաճան։
Ու
թէ
արցունքներ
հոն
կը
կայլակին,
Չէ՛,
ես
չե՛մ
խորհիր
իմ
որբ
որդեակի՛ն
Որ
կ՚երթայ
խաւա՜րն
առած
պատմուճան…։
Նայէ՛
աչքերուս
վիհին
մէջ,
Հայր
ճա՛ն։
«Իմ
աչքերուս
մէջ
կ՚երթան,
հա՛,
կ՚երթան,
Չե՞ս
տեսներ,
Հայր
ճան,
շուքեր
անկենդան
Մահուան
մէջ
կ՚երթան.
ո՜վ
իմ
ընկերնե՜ր…։
Անոնք
աչք
չունի՛ն,
կ՚երթան
մշտերե՜ր,
Դղրդացնելով
խաւարն
անկենդան,
Դէպ
ո՞ւր,
լա՛ւ
գիտեմ,
կ՚երթան,
հա՜,
կ՚երթա՜ն…»։
—
«Ցա՜ւօ…»։
Ծեր
Տէր
հայրն
ինկաւ
թաց
աչօք
Ծեր
բանտարկեալին
առջեւ
ծնկաչոք…։
«Ցաւօ՜,
Ցաւօ,
այդ
մահուան
բարձունքէդ՝
Վատիս
որ
կ՚ապրի՜մ
դեռ՝
ներէիր
գէթ…։
Անոնք
որ
գացին՝
դեռ
կ՚երթա՞ն
արդեօք,
Ցաւօ՜…»։
Ծերունին
ինկաւ
ծնկաչոք։
«Սարսափի
անցեալ
արիւնոտ
տարին
Լոյսերո՜ւ
պէս
լո՜յս
աղջիկըս
տարին…։
Համբո՜յր
մը
դնեմ
շրթներուդ
կատար,
Աղջկանըս
տա՜ր,
աղջկանըս
տար…։
Ըսէ՛
թէ
իր
ծեր
հայրն՝
ամբողջ
տարին,
Կ՚աղօթէ
իրեն
համար
որ
տարին…»։
Միւս
առտու
երբ
ծե՛րը
կը
մրթմրթար
Սաղմոսէն
հատուած
մ՚աղջկան
համար,
ԱՄԷՆՈՒՆ
ՀԱՄԱՐ
կը
զոհուէր
անվախ
Ու
Ցաւի
Քուրմի
մը
պէս
կը
խնդար…։
Քահանան
լալով
սաղմոս
կը
կարդար…։
Լօզան,
[1910]