III
-
ՎԵՐՋԻՆ
ՕՐՕՐ
Օրօր,
օրօ՜ր…։
Օրօ՜ր
ըսեմ
քնանաս,
Վիրաւոր
հօ՜րըդ
ճիչերն
ա՛լ
չ՚իմանաս։
Ծիծէս
ծըծա՛ծըդ
թոյն
է,
կաթ
չի
գիտնաս…։
Օրօ՜ր
ըսեմ
քնանաս։
Արի՜ւն-հեղեղ
յորդեց
այս
սուրբ
ձորերէ,
Բայց
չի
փախիս,
փարէ՛
երկրիդ,
զայն
սիրէ,
Հողիդ
վրայ
գերի
մ՚ըլլար,
այլ
տիրէ…։
Օրօ՜ր
ըսեմ
քնանաս։
Հօրդ
վըրայ
եթէ
անշո՜ւնչ
չինկայ
ես,
Զի
ուխտեցի
Հռովմի
է՛գ
գայլին
պէս,
Նոր
Ռոմուլոս
մը
դիեցնել
ստինքէս…։
Օրօ՜ր
ըսեմ
քնանաս։
Բազուկներուս
պարա՜ն,
ոտքիս
ալ
կացի՜ն,
Ստինքիս
զո՜յգ
պտուկներն,
ա՜հ,
կտրեցին։
Վէրքէս
արիւնս
ծծէ,
որդեա՛կ
միածին…։
Օրօ՜ր
ըսեմ
քնանաս։
Ահա
կ՚իյնամ…։
Հայաստանը
մա՜յր
քեզի։
Կտակ
կու
տամ
այս
կոտրած
սուրն
երկսայրի՝
Ուր
հայրիկիդ
դեռ
տաք
արիւնը
կ՚այրի…։
Օրօ՜ր
ըսեմ
քնանաս։
Լօզան,
6
Յուլիս
1909