Վերջին հայերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻՆՉՊԷՍ ԵՐԲԵՄՆ

Քերթո՜ղ, պատմէ՜ մեզ հայրենի յուշքերէդ,
Երգէ՜ մեզ հի՜ն օրերու երգ մը անհետ,
Թափառայա՜ծ թրուպատուրի ե՜րգ մը զով,
Արփշի՜ռ ու զո՜վ մեր Գողթանի ողկոյզով ։

Մեռելի շէ՜ն երգ մը հանէ թոքերէ՜դ,
Հի՜ն, կռապա՜շտ այն երգերէն որոնց հետ,
Մեր ասպազէն Քաջերն արոյր թափօրո՜վ,
Սաղաւարտնին շողացնելով ջահերո՜վ,

Արքայական հանդէսներուն, վայրա՜գ, վէ՜ս,
Կը պարէի՜ն, աստուածներո՜ւ պարին պէս
Երգէ՜ մեզի հի՜ն օրերու հին յուշեր,

Մենք դարաւոր մեր Մահացումն այս գիշեր
Պիտի պարե՛նք, եղեռնօրէն շէ՜ն, խելա՜ր
Քերթողը, ծե՜ր, չը խօսեցաւ Ան կու լար ։

Լօզան, 1 Յունուար 1909