Վերջին հայերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՅԵՐԸ

«Եարիճա՜ն, հա՜յ, հօ՜յ, հա՜յ, Աստուած չիկայ,
«Եարիճա՜ն, հա՜յ, հէ՜յ, Հայութիւն չիկայ.
«Հեռուի եարերուն սրտիկը խօսի…»։
Շրջանակ կազմած բոլորն ուս ուսի՜,
Հա՜յ, հէ՜յ, սիրտ սրտի կը պարե՜ն, կ՚երգե՜ն,
Ծերունի՜, տղա՜յ, հա՜յ, հէ՜յ, իրենք են,
Պանդո՜ւխտ հայերը…։

Ո՛չ մարդ, ո՛չ բանուոր, հասարակ գրա՜ստ,
Կը ճօճեն մարմինն, ու մուճակնին հաստ
Կը ծեծէ օտար երկրին հողը տար։
«Ափ մը հայրենի հող ո՞վ պիտի տար,
«Հա՜յ, հօ՜յ, Հայաստա՜ն, քու հողդ է հալա՜լ…»
Կ՚երգեն պարելով, բայց կ՚ուզէին լա՜լ
Թշուա՜ռ Հայերը…։

Հարս ունինք, մեզի հարսնեւոր չիկայ…։
Սուգ ունինք, մեզի սգաւոր չիկայ…։
Ո՞ր մեղքին համար, ո՞վ է անիծեր
Հինգ հազար տարուան այս խե՜ղճ ազգը ծեր…։
Չո՜րս միլիոնին մէ՛կ ապաստան չիկայ,
«Եարիճան, հայ կայ՝ Հայութիւն չիկայ…»
Կ՚երգեն Հայերը…։

Թագն առին, դագաղ մը տուին հայուն.
Մեր փառքն անցաւոր, մեր Մա՜հն է կայուն…։
Արշա՛կ մեծ, որու բանակն ահագին
Տէգով կը ծածկէր փառքըն արեգին՝
Ոտնակոխ կորած գերեզմանէդ դուն
Գլո՜ւխդ վերցնէիր, տեսնէի՜ր անտուն,
Անտէ՜ր հայերը…։

Հայրենի՜ք, ո՞ւր են ազգիդ ախոյեան…
Անմահ Պապիլոն լռեց յաւիտեա՜ն.
Աթէնքէն՝ աւե՜ր, Մեմֆիսէն՝ աւա՜զ,
Հռոմէն՝ ափ մ՚աճի՜ւն մնաց հազիւհազ…
«Մահերու վրայ Դուն դեռ կ՚իշխես, աղէ՜,
Բայց քու հոգեվարքդ որքա՜ն դանդաղ է…»
Կու լա՜ն հայերը…։

Եարիճա՜ն, հա՜յ, հօ՜յ, կ՚երգեն միաշունչ։
Պարագլուխն է ծե՜ր պանդուխտ մ՚անշշունջ…
Քանինե՜ր այսպէս պարել է տուեր,
Քանի՜ տարի է, քանինե՜ր մեռեր…
Յոգնե՜ր է ալ, վա՛ղն իր կարգն է գուցէ…
Ծեր կինը հոն չէ, որ աչքը գոցէ…
Ա՜խ, խեղճ հայերը…։

Պանդուխտի նկուղ-սրճարան մ՚է ցա՜ծ.
Կաղանդ գիշերով Հայերն են լեցուա՜ծ.
Փայտի այդ երկար տախտերուն վրայ ծեր
Իրենցմէ քանի՜ն ծներ է, մեծցե՜ր…
Ու հիմա, հա՜յ, հօ՜յ, կը պարեն, կ՚երգեն…
Օտարն արցունքով կը նայի փեղկէն,
Կ՚ըսէ՝ «հայե՜րը»…։

Օտա՛ր, տեսա՜ր դուն գաղտնիքով լեցո՜ւն
Ու տար աշխարհի բոյրերո՜վ օծուն
Նաւե՛րը հսկայ, սեւ նաւերը մեծ,
Որ հազա՜ր, հազա՜ր, հազա՜ր դառնահեծ
Հոգւով ծանրածանր, կը կտրէին ծո՛վ,
Թափելու ափէ՜ ափ, լո՜ւռ թախիծով
Փախչող Հայերը։

Տեսա՞ր դուն մեռած գիւղերն անխռով,
Հիւղերը փլած՝ կարմի՜ր պատերով,
Հողմաղացքներ լո՜ւռ թեւերով կոտրած,
Ծերուկ դիակներ սարին վրայ կորա՜ծ,
Մատուռներնին աւե՜ր, զրկուած խունկէ…։
Ա՛խ, հո՜ն է, հո՜ն, մեր հայրենիքն, հոնկէ՜
Կու գան Հայերը…։

Օտա՛ր, տեսա՞ր դուն աղբիւրները զո՜վ,
Գեղջուկ այգիները գա՜ղջ ողկոյզով…
Դե՞ռ կը մխայ ցած տանիքն հայրենի,
Դեռ կը ծաղկի՞ հոն թուփը վարդենի.
Դեռ կ՚երգէ՞ այդ հի՜ն պլպուլը ցայգին…։
Հո՛ն, հո՛ն կ՚երազեն, կու լան տխրագին
Աքսո՜ր Հայերը…։

Ա՜խ, ո՞ւր է հովիւին սրինգը բարի,
Ո՞ւր են տուն-տանի՜ք, օճա՜խ խանդակաթ…
Հո՛ս ամէն ինչ քա՜ր է, ածո՜ւխ, երկաթ…
Ըսէ՛ք մեր երկրի տանուտէր Հայուն
Որ ծո՜ւխ կը շնչեն, կը թքնեն արի՜ւն
Պանդուխտ Հայերը…

Այս զրահապատ երկրին մէջ օտար,
Խեղճ Հայ ջահելին ով, ով պիտի տար,
Աւօտն Հայկական, սիւքը Մասիսի,
Դարապատում մո՜ւթ բարբառն Արաքսի,
Ու թուփերու մէջ իրիկուան պահուն
Նազելի համբոյրն երկչոտ հայուհի՜ին…
Ա՜խ, Խեղճ Հայերը…։

Անոնց կարաւա՛նն է երկրի գօտին՝
Արարատէն մինչ Այրեցեալ-Գօտին…
Նեղոսէն Հռենոս, Գանգէսէն Վոսփոր
Կազմեր են սուգի մի հսկայ թափօր…
Ուրալէն մինչ Ալփ, ու մինչ Ափրիկէ,
Իրե՜նք, իրե՜նք են… Թող Աստուա՜ծ փրկէ
Անտէ՜ր Հայերը…։

Մի՛ դպիր անոնց հոգւոյն փլուցո՜ւն.
Անոնք կ՚անցնին լո՜ւռ գաղտնիքով լեցո՜ւն,
Անոնք գիտեն բի՜ւր պատմութիւններ մութ,
Անո՛նց որ կորան արեան մէջ տղմո՜ւտ,
Կախաղաններու քաջե՜ր համօրէն…։
Հազար մահով ծանր՝ Կենդանի-Մա՜հն են
Ապրող Հայերը…։

Եարիճա՜ն, հա՜յ, հօ՜յ… Սակա՛յն ծերունի
Պանդուխտն յոգներ է. վա՛ղը պիտ' մեռնի…
Որդին երկիր է ղրկեր կռուելու.
Վաղն ա՛ն ալ պիտի խողխողուի, հլո՜ւ…
Ու, վա՜խ, մի՛ առ մի այսպէ՞ս պիտ' կորչին
Դիւցազուններու ցեղի մը վերջի՜ն,
Վերջի՜ն Հայերը…։

Ո՛չ, ո՛չ։ Արշալոյսն իրենց պիտի գայ…։
Ու եթէ՛ չի գայ աւօտն ապագայ՝
Պիտ' կռուին։ Մինչ ե՞րբ…։ Մինչեւ յաւիտեա՜ն։
Ու երբ դեռ երկրի վրայ Ազատութեան
Համար մեռնին ա՜փ մը մարդեր չնչի՜ն,
Անոնք պիտ՚ ըլլան Մարդկութեան վերջի՜ն,
Վերջին Հայերը…։

[1910]