Վերջին հայերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

«Ահա մենք կու գանք կ՚ըսեն անո՛նք որ
Կու գան, չէ՞ք լսեր տրոփիւնն ահաւոր
Մութը շնչելէն աչքերնիս կուրցած
Ու արեան հոտէն ռնգունքնիս լայն բաց։

«Ահա մենք կու գանք, ուսով հրելով
Մեր Ցաւին Անիւը դարահոլով,
Երկրագունտիս վրայ, խաւարին մէջէն,
Բոլո՛ր անոնց վրայ որ դեռ կը շնչեն…։

«Ահա մենք կու գանք, ահեղակորով
Մեր Յոյսին կռանիթ գարշապարներով
Խօսեցընելու անանո՜ւն կորած
Գերեզմաննոցներն համայնատարա՜ծ…։

«Ահա մենք կու գանք ու մենք՝ նզո՛վքն ենք,
Ու խաւարին մէջ մխուած տէ՛գը նենգ.
Վրէժներու հիդրան ենք փայփայելի,
Մե՜նք, սարսափահա՜ր ու սարսափելի…։

«Մենք՝ հին ուխտերու նո՛ր ուխտագընաց
Մենք՝ Սուսերը բիրտ ու Գիրքն օրինաց.
Մենք՝ Ցասման ջրվէ՛ժը սարի կողէն.
Մենք՝ Աղջամուղջի ծընունդ լուսեղէն…։

«Ձե՛զի՝ որ քերծուած մեր մորթերէն ձի՛գ
Հարսնիքի, Մեղքի վրաններ կառուցիք…
Ու Ձե՛զ՝ եւրոպեան դիք որ շնագին
Սակարկեցիք մեր արեան լռութեան գին…։

«Ձեր սրտին դռնե՛րը փակեցէք խուլ,
Սուրե՜ր սըրեցէք, սըրեցէք զանխո՜ւլ,
Սրեցէ՛ք ձեր խղճին վրայ քարացած,
Ու ատամներուն վրայ ձեր զաւակաց…։

«Ահա մենք կու գա՜նք, հովերուն մէջէն
Չէ՞ք լսեր ոսկրեր որ կը շշնչեն…։
Ամէնքս ալ զազիր դիակ, խոռոչ գանկ,
Ահա մենք կու գանք, ահա մենք կու գանք…»։