Վերջին հայերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅ ԶԱՏԻԿԸ

(Աւանդավէպ)

Ձիւնի պէս ճերմակ ծերունի մը կար,
Նոյի պէս ծերուկ ծերունի մը կար,
Հասակը կոտրուկ, տակաւ կը տոկար
Դարերուն ու մուրճն իր ձեռքին տըկար՝
Կիրակի տօն-օր ցաւէն խելագար՝
Դարաւոր սալին վրայ կը տքար…։
Ձիւնի պէս ճերմակ ծերունի մը կար։

Գեղջուկներ բարի՜, գեղջուկներ բոլոր,
Գեղջուկներ սարի՜, խեղճուկներ բոլոր,
Վա՛ղ առտըւանցով, ճամբուն վրայ մոլոր
Երբ կը լսէին կիրակի տօն-օր՝
Մուրճի ձայնն՝ զանգի պէս աւետաւո՜ր…
Գեղջուկներ բարի՜, գեղջուկներ բոլոր։

Կ՚ըսէին իրար «Անէծքն է սարին…»
Զի սարն իր անէ՛ծքն ունէր ողջ տարին…
Երբ Արտաւազդ որս գնաց անտառին,
Անծանօթ ձեռքեր առին զայն տարին,
Վե՛րն, հո՛ւնա, անհաս սեպը կատարին,
Ուր մի այն անգղերը լերկ կը թառին…
Կ՚ըսէին իրար «Անէծքն է սարին…»։

Ծերունին երեք կտրիճ ունէր վէս,
Երեքն ալ խիզախ՝ երեք սարի պէս։
Առաջինն ըսաւ, «Հա՛յր, ինչո՜ւ այդպէս
Դու տաժանագին սալըդ կը ծեծես…»։
Հայրն ըսաւ թէ ի՛նչպէս Մեծն Արտաշէս
Նզովեց իր տղան «Թէ դու յորս հեծցես…»։
Գնա՜ց ու չեկա՜ւ Նոյի կռունկին պէս։

Ծերն երեք զաւակ ունէր աննըման
Երեք բոցի պէս։ Առաջնոյն նման
Ըսաւ երկրորդին «Հունա՛, անսահմա՜ն
Սարն ուր յարալէզք միայն կու գան ման՝
Արտաւազդ կապուած կայ, ես իր շղթան
Կը ծեծեմ, այս է աստուծու հրաման…»
Գնա՜ց ու չեկա՜ւ առաջնոյն նման։

Ծերունին երեք որդի ունէր մեծ
Երեք կայծի պէս։ Արցունքը խմեց
Ու միւսներուն պէս՝ երրորդին պատմեց
Հի՜ն, հի՜ն օրերու ոսկեփառքը մեծ,
Ցուցուց սուրբ նշխար մ՚որ սրտէն հանեց։
«Գնա՛, տե՛ս կ՚ապրի՝ դեռ Արքան հայանէծ…»։
Բայց որդեակը լո՜ւռ կու լար դառնահեծ։

Պատմեց արքաներն, աստուածները հին.
Քաջերն երկնառաք Թորգոմի գահին,
Արքայն Արտաշէս, Սաթէն թագուհին,
Հայրը Արամազդ, ու Միհր ամեհին,
Անահիտն՝ հայու մայր՝ աստուածուհին։
Սուրբ ոսկորոտին համրեց սուրբ հողին,
Արքայից, դիոց դամբաննե՛րն ալ հին։

Ան հաւա՛տքն ունէր Մասիս լերան
Քաջերու օրրա՛ն, դիոց գերեզմա՜ն,
Ինք ծե՜ր, սարը ծե՜ր…։ Հոն ղրկեց տղան,
«Գնա՛, հարցո՛ւր սարին, թերեւս յոգնեցան,
Ծեծե՞մ դեռ շղթան մեր Ստրկութեան…»։
Տղան երդուընցաւ «Սա՛ր, ջանիդ ղուրպան»։
Ու գնա՜ց, Նոյի աղաւնին էր ան…։

Ան գնաց լալո՜վ, ան գնաց ցայգին,
Գնաց դարերով, բայց ահա՛ կրկին
Եկեր է, խապրիկ բերեր ծերուկին,
Խանդով լեցուեր ալեւոր հոգին։
Ու ան կը դարբնէ…։ Բայց սրտագին
Շղթայ չէ՛, զէ՛նք է երկը ծերուկին…։
Չէ՞ք լսեր միթէ, կ՚երգեն ծեր ու կին։

Աւետիս բերաւ Մասեաց աղաւնի,
Մեզ խապրիկ բերաւ, ոստով ձիթենի…։
Չէ՞ք լսեր երկունքն ու երկնի,
Կ՚երգէ մեր արեան ծովը ծիրանի,
Բոցերուն մէջէն կարմիր եղէգնի,
Վահա՛գն է. ծիրա՛ն տուէք թող հագնի…։
ԶԱՏԻԿ Է, ըսէք Ազգին, թող կանգնի։

1910