***
Ու
Բէկը
երգեց.
«Դու
Սուլթանս
ես,
ջան.
Դամասկի
բեհե՛զը
քեզ
պատմուճան։
Դու
իմ
գիշերի
Արեւս
ես,
ջա՜ն
ջա՜ն,
Ինչպէ՜ս
նայիմ
քեզ,
հոգիս
կը
դողայ…։
«Դու
իմ
նորածագ
Թրքուհիս
ես,
ջա՛ն.
Իմ
երկու
աչերըս
քեզ
կը
տենչան։
Սրտիս
վարդենւոյն
դշխոն
ես,
ջա՜ն
ջա՜ն,
Ինչպէ՜ս
փրցնեմ
քեզ,
ձեռքս
կը
դողայ…։
«Դու
ինչո՞ւ
այնքան
անգո՜ւթ
ես
ինձ,
ջա՜ն,
Մանրիկ
ատամներն
հոգիս
կ՚որոճան։
Մի՛
ջահեր
աչքիդ
տաճարը,
ջա՜ն
ջա՜ն,
Ինչպէ՜ս
մարեմ
քեզ,
սիրտըս
կը
դողայ…։
«Դու
գլխիս
հրաշէկ
սաղաւարտն
ես,
ջա՜ն.
Շապի՜կ
բոցեղէն,
չքնաղ
դաւաճան։
Սիրտըս
կըրակի
վրա՛յ
կ՚այրես,
ջա՜ն
ջա՜ն,
Ինչպէ՜ս
մխեմ
քեզ,
սուրըս
կը
դողայ…»։