Վերջին հայերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

…Թրքուհին այլե՛ւըս չի ժպտեց բնա՛ւ։
Առաջին ցայգին արցունքը խոնաւ
Այնպէ՛ս խոր գծեր էր դէմքին ճամբան,
Որ չի կրցաւ զայն սրբել ո՛չ մի բան։

Ո՛չ մետաքս հաչաղ, ո՛չ պերճանքներ բուստ,
Ո՛չ Դամասկոսի բեհեզներ հարուստ,
Ո՛չ Պենկալայի վարդեր դեռ խոնա՜ւ…
Թրքուհին այլե՛ւըս չի ժպտեց բնաւ։

Ան ի՛ր Օրէնքէն, ան ի՛ր Արգանդէն,
Ան ի՛ր Կեանքէն, իր Ցասումէն, արդէն
Մի նոր Իսլամի ծնիլը կը զգար.
Զայն ի՛ր արեան մէջ խեղդելու անկար…։

Խեղճն ա՜լ չէր խորհեր թէ սարն ամայի
Ծնողքն ու եղնիկն ո՞վ պիտի նայի…
Բայց Բէկն ըսեր էր. «Ալլահ օրհնէ քեզ,
Եղբայրդ մօտ օրէն դու պիտի տեսնես…»։