Վերջին հայերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***
Երթամ, շտապեմ, ծածկելու փութամ
Վաղուան աւօտէ՛ն՝ դիակն այս զառամ։
Ծագող արե՛ւն իսկ պիտի ամչնար
Այս ծերուկ վատին դիակին համար,
Դիակին համար։

Կ՚ըսէիր, հայրի՛կ. «Դրախտ երթալու
«Կարճագոյն ճամբան ըլլալն է հըլու
«Հետեւող խաչի սուրբ արահետին…»։
Հա՛յր, է՛ն կարճ ճամբան խանջէրն է Քուրդին,
Խանջէրն է Քուրդին։

Կապար քայլերով, բիւրերու կուրծքին
Վրայ կը քալեմ ես դանդաղագին։
Մակարդած արի՞ւնն է իրաւցընէ
Որ իմ սրունքներս կը ծանրացընէ,
Կը ծանրացընէ…։