***
Ո՜վ
է
ցայգին
մէջ
աղջիկն
այս
տրտում,
Որ
խենթի
մը
պէս
կ՚երթայ
անդադրում,
Դիակէ՜
դիակ։
Ի՜նչ
է
այս
հառաչ։
Ո՞վ
է
դիտապաստն
այս՝
որու
առաջ
Հէգը
կանգնեցաւ։
Ճի՛չ
մը…։
Ու
ահա՛
Վիրաւորն
ելլել
կ՚ուզէ,
կը
դողայ.
Բազուկներ
իրար
կը
գալարուին
քար…։
Ու
լուսնակին
տակ,
սէրէ՛ն
խելագար՝
Արիւնո՛տ,
փրփրո՛տ՝
լա՜յն
բերանը
տաք
—
Բիւր-ժանիք
վիհի
մը
պէս
անյատա՜կ
—
Խոր
հռնդիւնով
հոգեվարքը
արդ
Կպցուց
սիրուհւոյն
բերնին
վըրայ
վարդ…։
Ահե՛ղ
շրջանակ։
Չորս
կողմը
մեռել,
Մէջտեղը
Սէր.
մո՜ւթ
արահետ
անել։
…
Զէնքս
կրակե՛ցի.
գանկերն
հակեցան։
Մօտեցայ
իրենց.
ըսի
բարձրաձայն
Հօլա՜,
ընկերնե՜ր,
Ինչո՞ւ
էք
լռեր.
Ձեզ
շա՜տ
ալելո՜ւ։
Դրախտ
երթալու
Ո՞րն
է
կարճ
ճամբան.
Ա՜յ,
ո՜րն
է
ճամբան…։