Վերջին հայերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

Ժամանակ անցաւ. աղջիկն ամէն օր.
Լոյսը չի ծագած կ՚երթար հեռաւոր
Սարերն իր եղնի՛կը արածելու,
Ճամբան դիտելու, եղբայրն հեծելու…։

Ու զոյգը ծերուկ   մահահոտ արդէն 
Երկուքի կոտրած, կակուղ մարմանդէ՛ն
Հեռուի Սուրբին կ՚երթային կըքուն,
Աղօթել կորած Ջահիլի հոգուն…։

Առտու մըն ալ երբ աղջիկը Հայուն
Կ՚երթար, հեռուէն լսեց խե՜ղճ մայիւն.
Գթաց, թափանցեց գոգը անտառին.
Երբ չորս բազուկներ առին զայն, տարին…։

Աղջիկը գնաց, համակերպ, հլո՛ւ,
Ձայներ կը լսէր, չէր զօրեր լալո՜ւ…
Աղջի՜կ, ա՜յ աղջիկ, սարը ամայի
Ծնողքդ ու եղնիկդ ո՞վ պիտի նայի…։