Վերջին հայերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

Յետոյ, ապշահա՜ր իրենց մունջ քունէն,
Գլուխըս դըրի երկիւղածօրէն
Իրենց զոյգ գլխին՝ քարացուցի զիս.
Ու երկաթէ քուն մը ընկճեց հոգիս։

Այն ատեն հսկայ մը զարկաւ ուսիս.
«Խե՛նթ, ի՞նչ կը տեսնես, կ՚ուզեմ որ խօսիս»։
Ու ես խօսեցայ ու ըսի իրեն
Իմ ապառաժէ քունիս խորերէն.
«Կը տեսնեմ հարիւր հին քաղաքներու
Հարիւր աշտարա՛կը հեռուէ հեռու։
Կը տեսնեմ կապար օդին մէջ տխուր,
Հարիւր զանգակները դարերով լուռ։

«Կը տեսնեմ հարիւր սարեր մոխրապատ,
Անցա՜ւ, անժպի՜տ, իբրեւ անապատ։
Կը տեսնեմ բերդեր անդունդներու քով՝
Ժամանակին դէմ գոցուած՝ փականքով։

«Կը տեսնեմ մեր հին տապանաքարեր
Հազար ցեղերէ կոխուած՝ անվեհե՜ր։
Բիւր քառուղիներ կը տեսնեմ, Աստուա՜ծ,
«Աստ-հանգչի»ներով սալայատակուած…։

«Բայց ահա՜ հարիւր զանգերն համօրէն
Երկիւղածօ՛րէն ու գիտակցօ՛րէն,
Մութ գիշերին դէմ, ամէ՛նքը մէկանց,
Փոշոտ լեզունին շարժեցին յանկարծ։

«Քառուղիներու տապաններն անձայն,
Խորհուրդներո՛ւ պէս լռի՛ն բացուեցան.
Հարիւր իշխաններ ելան անբարբա՜ռ…։
Ահա՛, ցայգին մէջ կ՚երթան վեհափա՜ռ…։

«Կը տեսնեմ, կու լամ…։ Թափօ՛րն է Ուխտին.
Ուխտին որ կ՚ապրի դե՜ռ Մահէն անդին.
Ուխտի՛ն որ ահա հեռո՜ւէ հեռու
Փակա՛նքը բացաւ սարի բերդերու…։

«Հարիւր իշխաններ կ՚երթան անխռո՜վ.
Քայլերնին ծանր է եօթը դարերով.
Վահաննին ժանգոտ, բայց աչերնին վէս.
Ոտքերնուն շղթան կ՚երգէ ջուրի պէս…։

«Այն որ թափօրին կ'երթայ առջեւէն՝
Խոնջ է լայն բեհեզ մը քաշկռտելէ՜ն…
Կարմիր-ծիրանի՞ն է արքայական,
Թէ Ցեղին արիւնն… Չե՛մ տեսներ այնքան։

«Ու թափօրին հետ, ու թափօրէն վեր,
Թռչուն մ՚օդին մէջ կը խարխափի, ծե՜ր…
Այդ՝ միթէ՞ արծիւն է արքայական,
Թէ սեւ բախտին բուն… Չեմ տեսներ այնքան։

«Լա՜յն կարկառեցի ձեռքերս արիւնոտ.
«Առէ՛ք, գոչեցի, ա՛խ, զի՛ս ալ ձեզ մօտ.
«Կ՚ուզէի այսպէս դիմել յաւիտեան՝
«Ցեղի մը Ուխտին անդրշիրիմեան…»։

«Բայց ահա՛ ծագեց լոյսն արշալոյսին.
Հարիւր իշխաններն իջան միասին
Բաց տապաններու քար սանդուխներէն.
Ու ամէ՜ն, ամէ՜ն բան կորաւ նորէն…»։

Ու ամէ՛ն, ամէ՛ն բան կորաւ նորէն։
Ժամն է որ բուի մը պէս, վատօրէ՛ն,
Գոյութիւնս ծակի մը մէջ թաքթաքուր
Ծածկեմ Արեւուն ճաճանչէն մաքուր…։