Վերջին հայերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՀԱԶԱՆԳՆԵՐԸ

Արիւնի գիծե՜ր, պատկերնե՜ր, յուշե՜ր …
Նորէն այս գիշեր, — տանջանքի գիշեր, —
Հիւանդ հոգիիս պատերուն մէջէն
Ղօղանջի խաւար երգեր կը հնչեն ։

Ահազանգներն են, ու իրենց վայրի
Ու ահեղ ու մութ լալիւնն արոյրի
Որ եղե՛ռնօրէն, մահագո՛ւժօրէն,
Տենդոտ գանկիս տակ կը գոռան նորէն ։

Ղօղանջը … Ողբի, աղեխարշ լալու,
Ճիչի, անէ՜ծքի — վայրագ ալէլու —
Ու հառաչներու մէջէն խելայեղ
Սարսափի անհո՜ւն ղօղանջն է ահեղ ։

Դիածածկ կարմի՜ր, կարմի՜ր դաշտերէն,
Դուք չէ՞ք իմանար դաւաճանօրէ՛ն
Մեզմով յափրացած շան ոհմակներու
Վերջալոյսին դէմ ոռնումն ահարկու … ։

Ու չէ՞ք տեսներ, ա՜խ, հեռուէ հեռու
Հրդեհով կարմիր հորիզոններու
Վըրայ տիրաբա՛ր, ու աստուածաբա՛ր
Իշխող գմբէթնե՛րը մահաբարբառ ։

Կարմիր կը տեսնեն աչքերըս նորէն …
Վերջին հառաչներ կուրծքերու խորէն.
Մեռե՛լ, հոգեվա՛րք, կոյտ-կոյտ, քով-քովի
Կռկռացող սեւ խումբեր ագռաւի … ։

Ահազանգներն են, կ՚ունկնդրեմ տրտում.
Ահազանգնե՛րը, անբա՜ւ, անպատո՛ւմ,
Որ հիւանդ հոգւոյս պատերուն մէջէն
Նորէն այս գիշեր կ՚ուռին, կը հնչեն … ։

Բերա, 25 Օգոստոս 1908