Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Pedagogy  Fiction  

4. ԴԱՐՁԵԱԼ «ՎԱՂՈՒԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ»
(Պատասխանները)

 

Գաւառացի ընտրելագոյն գրիչները փութացին պատասխանել մեր նախորդ յօդուածին, ոմանք անոր մէջէն ինչ ինչ մասնաւոր կէտեր միայն վեր առնլով, այլք աւելի ամբողջական նկատառութեան մ’ենթարկելով զայն։ Թէ եւ վերլուծող միտք մը մեր արդէն գրածներուն մէջ պիտի գտնէր մեզ դէմ եղած առարկութեանց պատասխանները, բայց աւելորդ չենք համարիր վերադարձ մ’ընել խնդրոյն վրայ, քանի որ գրասէր ընթերցողաց համբերութիւնը տակաւին սպառած չենք տեսներ։

Մեր յօդուածին եզրակացութիւնն եղած էր «ոչինչ չափազանցել, ամէն բան իր սահմանին մէջ տեսնել վարժուիլ»։ Արդարեւ ինչ որ գրած էինք՝ բողոք մ’էր այն ծայրայեղ կարծիքին դէմ որով ժամանակէ մ’ի վեր, կարգ մը գաւառացի գրողներու կողմէ, «վաղուան գրականութիւն» մը կը ջատագովուէր, համակ գաւառական նիւթով, ոգւով ու ոճով, եւ որ իր գոյութեան իրաւունքը կը հիմնէր Պոլսահայ գրականութեան օտարախորթ նկարագրին վրայ։ Ուզեցինք ցոյց տալ թէ այս արհամարհանքին եւ ուրացման արժանի չէր Պոլսական հայ մատենագրութիւնը, որ Տաճկահայոց գրական լեզու մը տուած էր, որ չէր կրնար երբեք զուրկ համարուիլ տոհմային հանգամանքէ, եւ որ, իբրեւ կեդրոնի, հետեւապէս նաեւ իբրեւ Թրքահայոց մտաւորականութեան ամենէն զարգացեալ աստիճանը ներկայացնող գրականութիւն, առաջնորդող կարեւոր դեր մը կատարել բաժին ունեցած էր եւ ունի։ Գրաւոր լեզու մ’ստեղծած եւ զայն այլոց ընդունիլ տուած ըլլալն արդէն ինքնին նշան մ’ու ապացոյց մ’էր իրեն կարեւորութեան ու ներգործած ազդեցութեան։ Փորձուած այժմեայ ընդվզումը, մանաւանդ թէ ոտնհարութիւնը, մեզ չէր երեւեր ո՛ր եւ է գրական տեսութեամբ կամ օրինակաւ արդարանալ։ Ո՛չ Մատենագրութեան ընդհանուր դերին ըմբռնումը, ո՛չ Արուեստին մասնաւոր պահանջումները մեր տեսութեամբ այդպիսիս իրաւունք մը կրնային ստեղծել։ Եթէ մեր գրականութիւնը ցարդ նուազ ինքնատիպ ու ինքնազեղ հանգամանք մը ներկայացուցած է, այդ հետեւանք եղած է մանաւանդ իրուժերուն պակասութեան, իր աղքատութեան, որով ինքնարդիւն արտադրող ըլլալէ աւելի հետեւող ու թարգմանող եղած է, ո՛չ սակայն առանց փոխառեալ տարերց միջավայրի պէտքերուն կարելի պատշաճեցումն ընելու։ Չէ՞որ գաւառն ալ մինչեւ ցարդ «ուղղակի ազդուած է Պոլսական մտքէ», ինչպէս կը գրէ նոյն ինքն Արտաշէս Յարութիւնեան, եւ թէ «գաւառացի գրագէտը իր ճամբան գտած պիտի ըլլար՝ հետեւելով լրջօրէն եւրոպական մտաւորականութեան», ինչպէս ասկէ յառաջ գրած էր Ռուբէն Զարդարեան [1] ։

Մեր յօդուածը, չափազանցուած տեսակէտ մը մատնանիշ ընելու ատեն, չէր ուրանար սակայն կարեւորութիւնն այն ատաղձներուն զորս գաւառը կրնար մատակարարել մեր տոհմային գրականութեան, ո՛չ ալ արժանիքն այն գրական յաջող երկերուն որք այդ տարրերով յօրինուած էին կամ կրնային յօրինուիլ, ­ բան մը զոր, այսուհանդերձ, միայն գաւառացի գրագէտին սեփական չենք համարիր, քանի որ տոհմային նիւթը՝ իր հնովն ու նորովը՝ ընդհանուրին կը պատկանի։

Եթէ նպատակ չկար, որպէս կը յայտարարուի, Պոլսեցւոյ եւ Գաւառացւոյ անճահ հակառակութիւն մը ստեղծելու այս գրական հարցին շուրջը, կը կարծէինք թէ մեր նկատած կէտերը պիտի կրնային խնդիրը իր յատուկ սահմանին մէջ դնել ու դատմանց գահավիժումը չափաւորել։ Բայց մեր յոյսին մէջ կը խաբուինք, գէթ մեր ընդդիմախօսներու մասին խօսելով. միայն թէ կը փափաքէինք անոնց առարկութեանց մէջ տեսնել աւելի ապացուցուած հաւաստումներ, նուազ ծանրացումներ արդէն մեր կողմէ չմերժուած կէտերու վրայ, եւ ընդհանրապէս բուն խնդիրը անկախօրէն ուսումնասիրելու առաւել բարի կամեցողութիւն։

* * *

  Արտաշէս Յարութիւնեան կը համարի զմեզ «խորապէս սխալած՝ մերժելով կարեւորութիւնն ապացուցման թէ Հայը ընդունա՞կ է ինքնայատուկ գրականութիւն մ’ունենալու». մենք, իբրեւ ըստ մեզ բացայայտ ճշմարտութիւն մը, ըսելով հանդերձ­ բացատրութեան կերպ մը­ թէ պէտք չէ որ խնդիր ըլլայ այդ, փութացած էինք տալ մեր փաստերը։

Գաւառական լեզուներուն վրայ խօսելով, ի՞նչ օգուտ, ըսած էինք, անոնցմէ այսինչին յատուկ բառերուն ու ոճերուն ճոխութիւնը, մի ուրիշին այս կամ այն ձեւերուն լեզուաբանական տեսակէտով բարձրագոյն հնութիւնը կամ հարազատութիւնը, քանի որ վերածուած են մասնաւոր շրջանակի մը մէջ գործածելի ու հասկնալի ըլլալու վիճակին, ընդունելով միանգամայն որ տեղական վիճակի մէջ մնացած բարբառներէն աւելի կամ նուազ բառեր ու ձեւեր կրնան ընդունուիլ ու տարրանալ ընդհանրացած լեզուին մէջ՝ երբ մտքի կամ ճաշակի պէտք մը կը գոհացնեն։ Եւ ահա՛ Յովհաննէս Գազանճեան աւելորդ աշխատութիւն մը յանձն կ’առնու լեզուաբանական հմտութիւն մը պարզելու եւ երկու յօդուածներու մէջ ապացուցանելու մեզ թէ «Գաւառաբարբառներու մէջ ալ կան կենդանի բառեր որոնք նոյն բառերուն ոսկեդարեան ձեւերէն աւելի հին են», եւ թէ «չի կրնար ուրացուիլ գաւառական լեզուներու մատուցանելիք օգնութիւնը մեր արդի գրաւոր հայերէնին»։ Մի եւ նոյնը չէ՞։ Այս վերջին կէտը ի վեր հանելու զուր յոգնութիւնը կու տան իրենց անձին նաեւ Ա. Յարութիւնեան եւ Ռ. Զարդարեան իրենց պատասխաններուն մէջ։

Բայց եթէ այս մասին, պիտանւոյն ու ճաշակաւորին սահմաններուն մէջ, հիմամբ տարակարծիք չենք իրենց, նոյն բանը չէ սակայն տարբեր կէտերու մասին։ Յովհ. Գազանճեան, գաւառական ու ռամիկ բառերու ամենէն աւելի աղճատեալներուն համար ալ մի մասնաւոր տկարութեամբ, կը գժդմի երբ անոնց աղաւաղ, խորթ, անհարազատ մակդիրները տրուած տեսնէ, ու կը յայտարարէ թէ «յետին գաւառական­ ռամկօրէն բառն ու ոսկեդարեան է՛ն ոսկեղինիկ բառը հաւասար արժէք ունին լեզուաբանօրէն ալ, գրականօրէն ալ»։ Իրեն համար բնա՛ւ աղաւաղ բառ չկայ, եւ կամ ամէն բառերն ալ աղաւաղեալ են, քանի որ «ո՛եւ է լեզուի մէջ անեղծ մնացած բառ չկայ»։ Ներուի մեզ դիտել տալ յարգելի բանասիրին թէ նոյն իսկ եղծման գաղափարը նախնական անեղծութեան վիճակ մը չ’ե՞նթադրեր, եւ եթէ չկայ ո՛ր եւ է լեզու ուր անեղծ մնացած բառեր գտնուին, ո՞ւր պէտք է ապա դնել եղծման սկիզբը, լեզուաց սաղմնայի՞ն վիճակներուն մէջ։ Ուրեմն պէտք է ընդունիլ ըստ այսմ թէ ո՛եւ է գործարանաւորութեան մէջ ­ ու այսօր այնքան սովորական գաղափար մ’է լեզուները ապրող գործարանաւորութեանց պէս ըմբռնել­ սաղմն աւելի անեղծ, հարազատ ու կատարեալ ձեւ մ’է քան յետագայ ո՛ր եւ է ձեւ, եւ թէ հրէշն ու այլանդակը մի եւ նոյն արժէքն ունին կանոնաւոր ձեւին հետ, վասն զի անոնք ալ անշուշտ իրենց գոյութեան բնական պատճառն ունին։ Պէտք է խոստովանիլ թէ, լեզուաբանօրէն ո՛րքան բանաւոր կամ անհեթեթ ըլլան այսպիսի հաստատութիւնք, գրականօրէն չեն կրնար ուղիղ ըլլալ, ­ ու պէտք չէ շփոթել երբեք այս երկու տեսակէտները­, եւ մեծ տարբերութիւն կայ մատենագրութեան, մանաւանդ դարաւոր մատենագրութեան մը նուիրագործած բառաձեւերուն ու ո՛ր եւ է կորճայի մը մէջ կորսուած բառին ու ձեւին մէջտեղ։ Յայտնի է նաեւ թէ բառերը բնականօրէն աւելի կրցած են գրաւոր յիշատակարանաց մէջ հին նախնական ձեւեր անեղծ պահել քան անգրագէտ ժողովրդեան բերնին յանձնուած անգիր ռամկօրէններու մէջ ուր ընդհանրապէս այնքան շուտ կ’այլափոխուին։ Հայր Արսէն Այտընեան, ընդերկար խօսելէ յետոյ մեր ռամկօրէններուն բազմապիսի տառափոխութեանց, սղմանց ու ամփոփմանց վրայ, կ’ըսէ. «Եւ դարձեալ շատ բան աւելի խժական աղաւաղութիւն [2] է քան բնական յառաջատութիւն՝ օրինաւոր կարգաւ»։ Ու բառերու այլափոխմանց տեսականէն կամ պատմական պատկերէն գործնականին անցնելով՝ կը վճռէ. «Իսկ գործնականին նկատմամբ՝ հիմակուան ախորժակաց եւ դիտաւորութեանց աւելի համեմատ է՝ նորէն գրաբար ազնուագոյն ձեւերն ընդունիլ ու հաստատել, ինչպէս վերջին յօդուածոյս մէջ տեղ տեղ ծանուցինք [3] »։ Գալով Պոլսոյ աշխարհաբարով կատարուած լեզուական նորոգման կամ մեր արդի գրաւորին հաստատման, կը հաստատէ թէ, 1. այն՝ աշխարհաբարին մինչեւ հիմայ առած աղաւաղութեանցը դիմաց իսկական յետաշրջութիւն (reaction) մ’է, եւ 2. միանգամայն նոր լեզուին համար Առատութեան անսպառ աղբիւր մը կրնայ ըսուիլ, գրաբարի հին եւ նոր, ընտիր եւ խոտան, անբաւ շտեմարանքն իւր տրամադրութեան թողուած ունենալով [4] »։ Բաւական պայծառ չե՞ն աշխարհաբարի հեղինակաւոր լեզուաբանին այս խօսքերն, որուն գրաբարամոլութեան արատէն զերծ ըլլալը տարակոյս չի վերցներ, կարծեմ։

Օ՜հ, գրաբարեան մը ճանչցուած ըլլալ՝ ի՜նչ եղեռն, եւ ի՜նչ աղէտ. ա՛լ եթէ կը համարձակիս, ո՛ր եւ է խնդրոյ վրայ կարծիք յայտնէ հրապարակի վրայ։ «Դուն այն չե՞ս որ գրաբարեան մ’էիր կամ ես, որ քար կը նետէիր աշխարհաբարի առաքեալներուն, դուն բնաշրջական միտք մը չես արդէն, եւլն»։ Եւ ա՛լ կանխաւ դատապարտեալ է տեսութիւնդ, եւ հին, ու նոր, յանցապարտութեանց այս վերյուշումը կը նորոգի լեզուական խնդրոյ հետ աւելի կամ նուազ կապակից կամ անկապ ո՛ր եւ է առիթով, ինչպէս մեր ընդդիմախօսներէն երեքը չթերացան օգտուիլ ներկայ առիթէն։ Բայց գրաբարեան կոչուածներն ի՞նչ պահանջեր են [5]. իր բովանդակ կազմածով վերահաստատե՞լ գրաբարն իբր գործի նոր գրականութեան. ո՛չ. այլ լեզուական վերանորոգման ճիգերուն ու փորձերուն մէջ ներկայացուցիչն եղած են այն գաղափարին թէ պէտք է նոր գրաւորին մէջհնոյն աւելի մեծ բաժին մը տալ համեմատաբար աշխարհաբարեանց պահանջման, որք, իրենք ալ, չեն կրցած յաւակնիլ հրաժարիլ ո՛ր եւ է գրաբար բառէ ու ձեւէ, այլ ընդհակառակն երբեմն գրաբարի ամենէն յանդուգն ներածութիւնք անոնց ձեռքով եղած են, ինչպէս գրաբար դերանուանց գործածութիւնը։ Գրականութեան մէջ կազմական շրջանի մը բնական է երկուստեք քիչ մ’աւելի յառաջ երթալ, բայց այդ իսկ պայմանը չէ՞ փոխադարձ զիջողութեանց ու միջին գծի մը ճշգրտման։ Եւ հարկ է ըսել թէ այդ պայքարներու ու տատանմանց շնորհիւ է որ իրենք, Արտաշէս Յարութիւնեան ու նմաններն, այնքան զտուած աշխարհաբար մը կը գրեն այսօր, առանց մոռնալու իրենց նուազ քան առ մեզ, քայլ առ քայլ, այսու հանդերձ, ի պատիւ, ի նպաստ եւլն, զուտ գրաբար քերականական ձեւերը։ Բնաշրջական մտքեր չե՞ն եղած այն յոյն ուսուցիչքն ու գրագէտք որք, 17րդ. դարէն սկսեալ, աղքատացած ու աղճատուած ռամկական նոր յունարէնը հին գրաւորականովը մշակելով՝ հասուցին զայն այսօրեայ գրական այնպիսի վիճակի մը որուն համար Ապէլ Հովլաք կը վկայէ թէ «իրօք շատ քիչ կը հեռանայ 2000 տարի առաջուան դասական լեզուէն», ու Ալեքս. Ռանկավիս՝ թէ «նուազ կը հեռանայ Քսենոփոնի լեզուէն քան այս վերջինը Հոմերականէն», ճիշդ ինչպէս մեր Այտընեանն ալ կրցած է արդէն 1866ին ըսել վերանորոգման ճամբուն մէջ մտած աշխարհաբար լեզուին համար, « Այսօրուան օրս քիչ կայ լեզու այնչափ իւր բնիկ սեպհական տարրներէն բաղկացած՝ ինչչափ այս ուղղուած աշխարհաբարը [6] ։

* * *

Լեզուի մը ձեւերն հաստատողը (fixer) իրմով արտադրուած գրական երկերուն կարեւորութիւնն է, եւ եթէ այսօրուան մեր գրաւոր լեզուն՝ որուն հիմը Պոլսահայ աշխարհիկ լեզուն է՝ հաստատուն ձեւ մ’առնելու շատ մօտեցած է, յայտնի է թէ Պոլսահայ լաւ գրողներու շնորհիւն է այդ ու չգիտեմ թէ ի՞նչպէս կրնային անոնց լեզուն ու ոճն հետեւելի դառնալ ու հարկադրուիլ՝ եթէ միանգամայն անոնց գրածն համակրելի չըլլար ժողովրդեան մտքին ու սրտին, այն է ասոնց գլխովին օտար, զասոնք բնաւ չհետաքրքրող, անտարբեր նիւթ ու հիմ ունենար։ Ապա անհասկանալի է այն առարկութիւն թէ Պէշիքթաշլեան, Տիկին Տիւսաբ, Զօհրապ եւ այլք միայն հայերէն լեզուաւ գրողներ են, եւ ոչ այլ ինչ, որպէս ի հնումն ալ եղա՜ծ է Եզնիկ։ Այսպէս կը հաւաստեն Արտ. Յարութիւնեան, Ռուբէն Զարդարեան եւ Հասկաքաղ­ Գիշերուկ [7] ։ «Եզնիկ հայերէն լեզուին չքնաղ գոհարն է միայն, եւ ո՛չ հայ գրականութեան», կը վճռէ այս վերջինը, ու մենք կը խոստովանինք որ շատ չենք հասկնար այսպիսի նրբին խտրութիւնները։ Իր ցեղին լեզուն ա՛յնպէս քաջ իւրացուցած ըլլալ՝ տիրած ըլլալչէ՞ արդէն անոր ոգւոյն ու՝ կերպիւ իւիք՝ իր գրչով անոր առանձնայատուկ հանգամանքներն ու քաղաքակրթութիւնը ցոլացնելու վերին կարողութիւնն ստացած ըլլալ, մանաւանդ երբ այդ լեզուն զարգացման փայլուն կէտի մը հասած կը գտնուի, գիտնալով որ ինքնին գրական լեզու մը ցեղախօսական ու քաղաքակրթական կարեւորագոյն յիշատակարան մ’է, իր բառերուն, ոճերուն ու շարադասութեան մէջ վկա՛յ զայն կազմող ցեղին իմացական ու ճաշակագիտական յատկութիւններուն։ Ու չգիտեմ թէ Եզնիկ նոյն իսկ իւր նիւթով ինչո՞ւ օտար ոք համարուի մեր գրականութեան մէջ՝ քանի որ իւր միջավայրին կրօնական պէտքն ու պայմանքն եղած են իւր գործոյն շարժառիթ։ Տարօրինակ չէ՞ք գտներ նաեւ Հ. Գիշերուկի սա հաստատութիւնը թէ «Է. Դարու վերջերէն յառաջ գրաւոր հայ գրականութիւն չունինք», ջուրին տալով այսպէս մեր հին դպրութեան ամենէն հոյակապ դէմքերն, Սահակն ու Մեսրոպը, Եզնիկն ու Կորիւնը, ինչպէս նաեւ այս վերջնոց կրտսեր աշակերտակիցները, որոց կը պարտինք ոչ նուազ յատուկ տոհմային նիւթով գործեր, նոյն իսկ ըստ հասկացողութեան մեր քննադատներուն։ Ընդհակառակն, իրենց տեսութեամբ, աւելի բանաւոր չը՞ պիտի ըլլար ուրեմն­ թէ եւ հակասական­ նոյն իսկ գրին գիւտէն աւելի յառաջ մղել հայ գրաւոր գրականութեան սկիզբը, քանի որ բանասիրաց կարծիքն է թէ Ագաթանգեղոս, Բուզանդ, Զենոբ յոյն կամ ասորի լեզուներով նախնական խմբագրութիւններ ունեցած են, եւ քանի որ լեզուն անարժէք կամ անտարբեր տարր մ’է եղեր ո՛ր եւ է ցեղի գրականութեան մէջ։

Նոյնքան քիչ խորհրդածուած թափով մը կը հարցուի. «Գոռնէյլի ու Ռասինի գրուածքներուն մէջ ի՞նչ կայ ֆրանսական, ֆրանսերէնէն զատ, որ ֆրանսական տոհմային գրականութեան պատիւն ու փառքը կազմեն, քանի որ այդ մեծանուն հեղինակները հելլէն ողբերգակ բանաստեղծներէն ներշնչուած մնացին առ յաւէտ (Հ­Գ)»։ Անձնական վարկած մը ո՛եւէ կերպով արդարացնելու համար ինչպիսի՜ ուրացումներ, ի՜նչ նախճիր։ Ի՞նչպէս մեծանուն պիտի ըլլային այդ հեղինակները, եթէ օտար գրականութեան մը պարզ հետեւողներն եղած ըլլային, ու ի՞նչպէս իրենց ազգը՝ իբր իր ամենէն հարազատ ու դասական հեղինակաց՝ պիտի շարունակէր անոնց ցայսօր իր մեծարանքը։ Ըսել է թէ հակառակ իրենց նիւթերուն, զորս կրնային քաղել յոյն, լատին, եբրայական ու սպանիական գրական ու պատմական աղբիւրներէն, ու հակառակ նաեւ արուեստագիտական օտար ազդեցութեանց, կրցած են ինքնատիպ, անկեղծ ու իրենց ժամանակին ու տոհմին մարդերն ըլլալ։ Ֆեռտինան Պռիւնդիէռ՝ Գոռնէյլի վրայ խօսելով՝ կ’ըսէ. «Իր Ովրատիոս ին, իր Կիննայ ին, իր Ռոտոկիւն ին մէջ, մի՛ կարծէք թէ Յուստինոսի, Սենեկայի կամ Տիտոս Լիվիոսի կը հետեւի, այլ իր ժամանակին բարքերուն, եւ իր աչքին առջեւ կեցած տիպարներուն [8] »։ Իսկ Դէն, մեծանուն քննադատը, Ռասինի վրայ իր ուսումնասիրութիւնը սապէս կը սկսի. «Շէքսբիրի եւ Սոփոկղէսի պէս Ռասին ալ ազգային բանաստեղծ մ’է. ոչինչ աւելի գաղիական քան իր թատրը. անոր մէջ կը գտնենք մենք մեր զգացմանց ու մեր կարողութեանց տեսակն ու աստիճանը։ Անոր ոգին (genie) մերինին պատկերն է. անոր գործը կրքերու պատմութիւնն է՝ մեր պէտքին համար գրուած. ան մեզ կը պատշաճի իր թերութիւններովն ու արժանաւորութիւններով. մեր ցեղին համար սրտի լաւագոյն թարգմանն է ան [9] »։ Չի՞ վայլեր մեզ, գէթ օտար գրական դէմքերու վրայ մեր դատաստաններուն մէջ, քիչ մը նուազ ինքնավստահ, քիչ մ’աւելի զգոյշ ըլլալ։

Մերիններուն մէջ ալ, քիչ մը նուազ կեղեւէն դատելով, թերեւս աւելի յստակ պիտի տեսնէինք յատուկ ես մը, ինքնութեան յարաբերական սահմաններուն մէջ, օտարէն կրուած ազդեցութեանց խաւին տակ՝ անոր առնչութեանց թելերը մեր բարուց, զգացմանց, գաղափարաց ու պիտոյից հետ։ Նոյն իսկ Տիկին Տիւսաբի ըրած ֆէմինիզմ ը անկա՞պ է բոլորովին հայ կնոջ վիճակին հետ. օրօրոցական նշանախօսութեան, պաշլըկ ի, հարսին անխօսութեան, կնոջ բերնակապին ու լաջակին, բռնի ամուսնութեան եւ վերջապէս դրամօժտի ու ամուսնալուծման խնդիրները, որոց վրայ ա՛յնքան անգամներ գրուած է մեր մէջ, յաճախ նաեւ գաւառացի գրողներու կողմէ, կնոջ իրաւանց, ապա եւ ֆէմինիզմի խնդիրներ չե՞ն, եւ հայ Ժօռժ Սանին գործերուն ընթերցումը չի՞ կրնար եւ չէ՞ կրցած նոյն իսկ գաւառացի քիչ շատ լուսաւորուած ընթերցողը հետաքրքրել, եթէ ոչ անոր ներկայացնելով իր շրջանակի կնոջ վիճակին յատուկ պատկերը կամ պահանջները, գէթ անոնց նկատմամբ թելադրումներ ընելով ու անդրադարձումներ ներշնչելով։ Գիտէք լատին կատակերգակ Տերենտիոսի այնքան յաճախ յիշատակուած խօսքը. «Մարդ եմ, եւ ոչինչ մարդկային օտար է ինձմէ». Homo sum: humani nihil a me alienum puto.

* * *

«Պոլսահայուն կեանքը մէկ զեղծ վառիանդն է միայն եւրոպական կեանքին, ու Պոլսահայ գրականութիւնն ալ, մասամբ ընդօրինակութիւն Ֆռանսական ռօմանդիք դպրոցին արտադրութիւններուն, արտայայտութիւնը եղած է այդ պիտակ ու օտարացած կեանքին . Յարութիւնեան)»։ Առանց անուան հեղինակին, որ ծանօթ է իբրեւ գաւառացի գրագէտ, կարդալով այս ֆրանսախառն հատուածը ու դեռ միւս ֆռանսերէն բառերն (euphemisme, internationaliste, digression)որք յօդուածին ամբողջութեան մէջ կը տեսնուին բնիկ հայ բառերու պէս հոլովուած, պիտի կարծէր մարդ թէ Պոլսեցիէ մ’աւելի եւրոպականացեալ մէկու մը գրածն է, ու հիմայ մենք, Պոլսեցիքս, ի՞նչպէս չզարմանանք որ այդ տողերուն հեղինակը, զոր Գեր. Բաբգէն վարդապետ իրաւամբ կը կոչէր «ֆրանսերէնով կազմուած շինուած գրող մը», ինքն իսկ է որ բնատոհմիկ գրականութեան մը ջերմագոյն առաքեալը կը հանդիսանայ ու շատ մօտ է հայութեան անունն իսկ զլանալու մեզ եւ մեր գրողներուն։ Ի՜նչ հակասութիւն։ Եւ ապահովաբար ինքն եւ իւր հաւատակիցք իրենց սեւեռամտածման մասնաւոր հատուածակողմին մէջէն զմեզ կը դիտեն՝ Պոլսահայ հասարակութիւնն եւ իր զարգացեալ դասն իրենց ամբողջութեան մէջ այդքան այլասեռուած տեսնելու համար։ Մենք զարգացման ու պարզէն դէպ ի բարդ կեանք մը բնաշրջման աստիճաններու տարբերութիւն մը միայն կը տեսնենք հայ ցեղին պոլսական ու գաւառական մասերուն մէջտեղ, ու ցեղային հիմնական նկարագրաց մասին էապէս նման կը համարինք երկուքն ալ. ­ նոյն ճարպիկութիւնը առեւտուրի ու հնարագիտութիւնը արհեստի մէջ, նոյն բարեպաշտութիւնը դէպ ի տոհմային­ եկեղեցական աւանդութիւններն եւ ուխտատեղիները, կնոջ վրայ նոյն տնասէր համբերատար պարկեշտութիւնը, եւ­ յատկութեանց հետ թերութիւններ ալ յիշելու համար­ նոյն գժտասիրութիւնը վերի ու վարի թաղերուն կամ թաղականներուն շուրջ, նոյն հո՛ն չորպաճի ական, հո՛ս մենծաղայ ական ոգին, նոյն յոխորտանքն դէպ ի բնիկը ու նոյն հիացիկ վերաբերումը դէպ օտարն, եւ այլն։ Անշուշտ, տարազներու եւ նիստուկացի արտաքին ձեւական տարբերութիւններ, որք գաւառի քաղաքացին ալ գիւղացիէն կը զանազանեն, չեն բաւեր ներքին խոր այլակերպութիւններ ենթադրելու. երկայն գլանաձեւ գլխարկով բարիզեան տոքդորը հայ է մինչեւ ոսկորներուն ծուծը. եւրոպական կահերով ու ճաշակով զարդարուած հիւրանոցին մէջ վաճառականը հայ է իր հաշուետումարին մինչեւ յետին թուանշաններուն մէջ, ու վերջին նորաձեւութեան համեմատ հագուած իր տիկինն ալ հայ է մինչեւ ծայրը մազերուն։ Հակառակը ապացուցանելու համար լոկ խօսքեր չեն բաւեր, իրականութեան վրայ հիմնուած լուրջ ու խորին քննութիւն հարկաւոր է, ու Պոլսահայ գրականութեան վերաբերութեամբ ի մասնաւորի, այն «մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւնը որ աւելի շեշտուած ձեւի ներքեւ երեւան պիտի բերէր թէ իսկապէս հեռո՛ւ եղած է հայ կեանքին հանգամանքներուն արտայայտութիւնն ըլլալէ՝ գրականութեան ձեւին ներքեւ» . Յարութիւնեան), եթէ արդարեւ եղած է։

Կամ թէ­ ինչ որ հաստատապէս աւելի համոզիչ պիտի ըլլար, եւ ինչ որ ողբացեալ Մամուրեանն ալ, սոյն խնդիրը շօշափող յօդուածի [10] մը մէջ, դիտել կու տար, երբ կ’ըսէր «Մանր մունր հատուածներով, ուսումնասիրական թեթեւ տեսութիւններով չէ՛ որ գաւառական գրականութիւն մը կարող է նոր, կենդանի ու ոսկեղինիկ երակներ բանալ մեր հին ու զառամ համարուած գրական մարմնոյն վրայ, ո՛չ, այլ բանահիւսական, կամ իմաստասիրական կամ հնախօսական եւ այլ հոյակապ հեղինակութեանց հրատարակութեամբ, գաւառական կոչուած ոճով»։ ­Թո՛ղ «վաղուի գրականութեան» գաղափարին ներկայացուցիչք աշխատին մարմնացնել զայն, ի լոյս բերել այդ գրականութիւնը որու հայաբուն ատաղձներն առատօրէն իրենց տրամադրութեան տակ ու «հոգեբանական ու կազմախօսական «տարերքն իրենց արեան եւ ուղեղին մէջ ունենալ կը պարծին, ու ի հանդէս դրուած հարազատ ադամանդներու հանդէպ, իրենցմէ միոյն [11] խրոխտ գուշակութեան համեմատ, «Պոլսեցի գրագէտին անցեալը ադամանդի փողփողումով խաբէութիւն փորձող կտոր մ’ապակիին պատմութեան» վերածեն։ Բայց, գէթ մինչեւ այն ատեն, իմ խոնարհ կարծիքս ու ­ եթէ կ’ընդունին­ եղբայրական խրատս է թէ՝ աւելի լաւ է որ ունայն վիճաբանութիւններ չգրգռեն, մենք ի ու դուք ի պառակտող խնդիրներ չյարուցանեն, աւելի համեստ ու նուազ յաւակնայեղց ըլլան, առանց մեծաբանութեան ու աղմուկի՝ իրենց յատուկ միջոցներուն ու յատկութեանց նպաստը բերեն աշխատողներուն, իրենց անժխտելի տաղանդները մշակել ու զինքեանս կատարելագործել ջանան, փոխանակ այլոց ըրածն աղարտել հետամտելու, պղատոնական գաղափարողի հովեր առնելու ու գրական­ լեզուական առաւել կամ նուազ մտացածին ծրագրեր բանաձեւելու…։

(Մասիս, 1901, Թիւ 19)։



[1]            Տե՛ս «Վաղուի Գրականութիւնը» Մասիս, Թիւ 40։

[2]            Մենք կ’ստորագծենք։

[3]            Տե՛ս Քննական Քերականութիւն, էջ 283։

[4]            Տե՛ս անդ, էջ 238։

[5]            Տե՛ս Առաջին Տերեւք, Յառաջաբան։

[6]            Տե՛ս Քննական Քերականութիւն, էջ 237։

[7]            Այս վերջինը Սուրհանդակի՛ մէջ գրած իր յօդուածով։

[8]            Տե՛ս «Manuel de L’historie de la litt. fr». էջ 133։

[9]            Տե՛ս «Nouveaux essais de crit. et d’hist. » էջ 171։

[10]          Տե՛ս Արեւ. Մամուլ (1899, թիւ 19) «Գաւառային Մատենադարան», որ կ’սկսէր սա բառերով, «Տակաւին անկարող եղած ենք ըմբռնելու թէ ինչ նշանակութիւն եւ ի՛նչ նպատակ կրնայ ունենալ մեր օրերը գաւառական կոչուած գրականութիւնը»։

[11]          Տե՛ս «Վաղուի գրականութիւնը», Ռ. Զարդարեան, Մասիս թիւ 40։