ՓԱՐՊԵՑԻԻ
ԱՇԽԱՐՀԸ
Ինչպէս
վերը
դիտել
տրուեցաւ,
պատմութիւնը
քիչ
մը
ամէն
բան
է
մեզի
համար։
Այս
սկզբունքէն
մեկնելով
դժուար
չէ
փորձել
մեր
ընկերութեան
ընդհանուր
պատկերացում
մը,
որքան
ալ
պակասաւոր
ու
խնդրական
ըլլայ
անիկա։
Ուրեմն՝
1.
–
Թագաւորներ
։
Անոնք
նոյն
խեղճ
արարածները
կը
ներկայանան
մեզի,
ինչպէս
տուած
էր
արդէն
անկէ
առաջ
Փաւստոս
Բիւզանդը։
Փարպեցին
աւելորդ
կը
կարծէ
ծանրանալ
այդ
մարդոց
բարոյական
անհուն
տկարութեանց
վրայ։
Արդէն
նախապէս
դատած
է
զանոնք
իբր
բարոյական
միութիւն։
Կը
զբաղի
առաւելապէս
անոնց
քաղաքական
իմաստովը։
Ու
անոր
գրիչին
տակ
խամաճիկներ
են
այդ
երանելի
արքաները,
որոնք
կը
խաղան
Պոլիսէն
կամ
Տիզբոնէն
երկարած
լարերու
վրայ։
Մէկը
մանաւանդ
պժգալիօրէն
տխուր
է
իր
ոչնչութեանը
մէջ։
–
Արշակ
երրորդը,
որ
կը
մտածէ
իր
սիրելի,
«Բնակ»
նահանգը
–
Այրարատը
–
ձգել
ու
հեռանալ
Յունական
Հայաստան,
փոխանակուած
բերդի
մը
մէջ
քրիստոնեայ
մեռնելու
ներքինի
ցանկութեամբ։
2.
–
Նախարարներ:
Գլխաւորաբար
ներկայացուցած
է
Մամիկոնեան
ու
Կամսարական
տուները։
Աւարայրի
հերոսը
աւելի
պարկեշտ,
տանելի
է
հոս,
քան
Եղիշէի
մէջ։
Վահանը
սակայն
խնամուած
ուսումնասիրութեան
մը
նիւթ
է
Փարպեցիին
համար։
Պատմիչը
կը
ճանչնայ
զայն
շատ
մօտէն։
Անիկա
մեծցած
է
ապագայ
մարզպանին
հետ,
նոյնիսկ
հեռաւոր
մանկութեան
օրերէն։
Հետեւած՝
անոր
փոփոխական
բախտին։
Ու
կ՚ապրեցնէ
զայն
իր
էջերուն
վրայ
խնամոտ
գուրգուրանքով
մը։
Անոր
կռիւները
կը
խոշորցնէ,
կը
զարդարէ
որքան
կը
ներեն
իր
խղճմտութիւնն
ու
պատմողի
բնազդը։
Անոր
բերանը
կը
դնէ
ցեղային
իմաստութեան
խօսքեր։
Անոր
կը
շնորհէ
տեսակ
մը
հպարտ
առնականութիւն,
որ
Արքայից
արքային
պաշտօնակալները
թէ՛
կը
վախցնէ,
թէ՛
կը
հրապուրէ։
Զայն
կը
հանէ
արքունի
ատեաններու,
ուր
անոր
խօսքերը,
մտածումները,
շեշտն
ու
կեցուածքը
քաղցրօրէն
դիւցազնական,
բայց
նոյն
ատեն
իրական
կը
մնան։
Գիրքը
գրուած
ըլլալով
Վահանին
իսկ
առաջարկութեամբ,
հասկանալի
են
այս
հերոսական
ստորոգումները։
Փարպեցի
վայելած
է
իշխանին
համակրանքը։
Չարախօսութիւններ
աչքէ
հանած
են
զինքը։
«
Թուղթ
»ին
մէջ
(գրուած՝
ինքնարդարացման
համար)
պատմիչին
լեզուն
դարձեալ
կը
պահէ
չափը
ու,
ածականներ
շռայլելով
հանդերձ,
կը
յաջողի
փրկել
տարրական
արժանապատուութիւն
մը։
Ի՞նչ
էր
վերջապէս
«պարեգօտաւոր»
գրող
մը։
Ի՞նչ
է
եղած
վիճակը
բոլոր
մտաւորականներուն՝
մեկենասներու
այդ
ու
աւելի
մօտ
շրջաններուն։
Նախարարները
երկրորդ
կարգ
մը
–
ուրացողներ
–
կ՚արժանանայ
պատմիչին
թանձր
արհամարհանքին։
Ասոնց
բարքերը,
քսութիւնները,
ուրացումները,
հոգեկան
անկումները
լայն
էջերը
կը
գրաւեն
թէ՛
եղելութեան,
թէ՛
քարոզի
ձեւով։
3.
–
Կրօնականներ
։
Պատմողը
իսկական
արժանիքին
կը
բարձրանայ,
երբ
կը
գնէ
Ե.
դարու
այն
մեծ
դէմքերը,
որոնք
Եկեղեցին
կու
գան։
Երկրորդ
դրուագ
ին
մէջ
նահատակուող
եկեղեցականները
կը
հասնին
սրբազան
ոճ
ին։
Սահակ
ու
Գիւտ
կաթողիկոսները
կը
ներկայանան
մեզի
մաքրութեամբ
մը,
շնորհով
մը,
մեծութեամբ
մը,
որ
կը
հաւասարի
Բիւզանդի
Ներսէսին։
Ու
վկայաբանութիւնը
շատ
տարտամ
ձեւով
մը
կը
միջամտէ
այս
կառուցումներուն
մէջ։
(Սահակի
տեսիլքը,
որ
Ագաթանգեղոսին
մէջ
Գրիգորին
կը
վերագրուի,
բանասէրները
չեն
ուզեր
վաւերական
նկատել)։
4.
–
Ժողովուրդ
։
Անցեալին
մէջ
պատմութիւնը
քիչ
կը
զբաղի
ժողովուրդով։
Փարպեցին
չէր
կրնար
բացառութիւն
կազմել։
Բայց
իր
գիրքէն
կարելի
կըլլայ
տարտամօրէն
ընդնշմարել
զանգուածը,
որ
կը
քնանայ,
թանձր
տարրի
մը
նման,
այդ
խռովայոյզ
փոթորկումներու
պահուն։
Արհեստաւորներ,
տղաք,
կիներ
կը
յիշուին։
Կան
հնձողներ,
որոնք
բաւական
հայ
են՝
զինուոր
հալածող
պարսիկ
մը
մորթելու
համար։
Անոնց
բարքերէն
մասեր
կը
մտնեն
մեծ
պատկերացումին
մէջ,
որ
պատմիչը
ընդմիջարար
կու
տայ
զանազան
առիթներով։ .
5.
–
Պարսիկներ:
Յատկանշական
պարագայ՝
Փարպեցիի
պարսիկները
բոլորովին
կը
տարբերին
մեր
մատենագրութեան
տուած
քլիշէ
կաղապարէն։
Անոնք
ուրիշ
խմորով
մարդեր
են։
Ըլլան
արքաներ,
մոգեր
կամ
զորավարներ,
անոնք
քաղաքական
դիմագծութիւն
ունին։
Պատմիչը
հմայքին
տակն
է
այդ
մեծ
երկրին
ու
անկէ
բխող
զօրութեան։
Հպատակ
ժողովուրդի
զաւակ՚
անիկա
կը
յաջողի
գրեթէ
ըմբռնել
ուժին
դերը,
որ
անխուսափելի
կերպով
մը
կը
հնչէ
իր
հայրենիքին
վրայ։
Արեւելքի
ու
Արեւմուտքի
բախումին
խորունկ
նշանակութիւնն
ալ
չի
վրիպիր
իր
հասողութենէն։
Այս
պայմաններով,
արիներուն
բռնապետութիւն
ը
չէ
չափազանցուած.
երբ
ամէն
բան
զինքը
պիտի
մղէին
այդ
ճամբուն։
Քրիստոնեայ
մոլեռանդութիւնը,
սասանեան
հալածանքներուն
սաստկացումը,
յունական
մշակոյթը,
բանակներով
արշաւներ,
կոտորած
ու
քայքայում,
ասոնք
բոլորը
չեն
շեղեցուցած
պատմիչը
ճիշդ
տեսնելէ։
Եթէ
բանի
մը
մութ
տիպարներ
ելած
են
իր
գրչէն,
շատեր
ալ
կը
տրուին
իրական
մեծութեան,
իմաստութեան,
նոյնիսկ
ազնուութեան
երանգներով։
Միհր–Ներսեհ
ճիշդ
տրամաբանող
պետական
անձնաւորութիւն
մըն
է։
Իր
նախագահած
հաւատաքննական
ատեանները
ազատամտութեան
ու
արդարադատութեան
կորով
մը
երեւան
կը
բերեն։
Ուրիշներ
իրաւունք
տալ
գիտեն
արդար
դիտողութիւններու։
Շապուհ
զօրավարը,
որ
անդադար
ծեծ
կ՚ուտէ
Վահան
Մամիկոնեանէն,
չի
կրնար
իր
հիացումը
ծածկել
անոր
մասին,
արքունի
դիւանին
մէջ.
կամ՝
ասպետական
մեծանձնութեան
մը
ապացոյցը
կու
տայ,
երբ
կը
հրամայէ
«սրբութեամբ»
պահել
կամաւորական
եղբայրներու
կիները,
որոնք
Յունական
Հայաստանի
մէջ
գերի
կը
բռնուին
պարսկական
խումբերու
անակնկալ
մէկ
յարձակումէն։
Ու
մարզպաններ
կան
անոր
գիրքին
մէջ,
որ
հանճարեղ
յղացումներ
ունեն
ու
արքայից
արքային
կը
թելադրեն
երկրին
այսինքն՝
Հայաստանի
կառավարութիւնը
յանձնել
բնիկ
իշխաններու.
(Ասոնք
շատ
աւելի
մօտէն
կը
ճանչնան
մարդերը,
պայմանները)։
Արիներուն
համար
աւելի
նպաստաւոր
պիտի
ըլլար
տեղական
տարրերով
կառավարել
Հիւսիսական
ազգերու
ամենէն
զօրաւորը,
որուն
նուաճումը,
խաղաղ
թափանցումով,
կայսրութիւնը
պիտի
ապահովէր
հիւսիսէն
ու
թերեւս
արեւմուտքէն։
Անոնց
կրօնական
մոլեռանդութիւնն
ալ
կը
մնայ
հանդուրժելի
եւ
իրաւ։
Եղիշէի
պատմածին
նման
կրօնագիտութիւն
չեն
դասախօսեր
անոնք։
6.
–
Դրացիներ:
Կովկասեան
ցեղերու
այս
խառնարանը,
որ
մեր
պատմութեան
տուած
է
այնքան
յատուկ
անուններ
ազգերու
եւ.
որ
կը
յիշուի
«հանուրց
հիւսիսականաց»
յատկանշական
տիտղոսով
մը,
Փարպեցիին
մէջ
ուսումնասիրուած
է
որոշ
չափով
մը։
Արեւմտեան
կայսրութեան
հանդէպ
իր
ժուժկալութիւնը
կարելի
է
հակադրել
մեր
դրացիներուն
հետ
մեր
յարաբերութեանց
մասին
իր
բերած
յաճախակի
յիշատակութեանց։
Կորիւնի
ակնարկութեամբը
մեզի
ծանօթ
ծրագիրը
եթէ
յայտնադրուած
չէ
իր
մօտ,
բայց
տուած
է
այդ
ցեղերուն
հետ
մեր
շփումները
բաւական
կենդանի,
լաւ
թէ
վատ
օրերուն։
Մինչ
Եղիշէի
մէջ
մեր
դրացիները
յատուկ
անուններ
միայն
կը
մնան,
Փարպեցին
կը
բերէ
անոնց
թագաւորները
մինչեւ
ներս
մեր
սահմաններէն,
նենգ
կամ
ուղղամիտ
գործողութիւններու
համար
հասարակաց
թշնամիին
դէմ։
Փարպեցին
կը
հետաքրքրուի
նոյնիսկ
հեռաւոր
քուշաններուն
դէմ
մղուած
պատերազմներով։
7.
–
Բանակը
։
Թիւեր
քիչ
ունի։
Բայց
իր
գիրքէն
կ՚արտաբերուի
Ե.
դարու
հայերուն
զինուորական
կազմակերպութիւնը։
Զօրաւոր
բանակ
մըն
է
ան,
գրեթե
բացառաբար
այրուձին
կազմուած։
Իր
թագաւորներուն
դէմ
ապստամբ,
նոյնիսկ
դաւաճան,
այդ
բանակը
հպարտութիւն
կը
սեպէ
պարսից
շարքերուն
մէջ
կռիւ
մղել
արքայից
արքային
թշնամիներուն
դէմ։
Զօրապետներ,
սպարապետներ,
նախարարներ,
նոյնիսկ
զինուորներ
իրարու
հետ
կը
մրցին
«Արեաց
բարւոյն»
վրայ
իրենց
անձերը
դնելու։
Նախարարները
սովորութիւն
ունին
պարծենալու
բոլոր
այն
«վաստակ»ներուն
մասին,
որոնք
կատարուած
են
ճակատամարտի
դաշտերուն
վրայ։
Յազկերտ
չի
կրնար
մխիթարուիլ
Վարդանի
մահովը,
որուն
նմանը
դժուար
կը
կարծէ
գտնել
բոլոր
արիներուն
եւ
անարիներուն
մէջ։
Իր
հողը
պաշտպանելու
համար
անարժէք,
օտարին
հաշւոյն՝
ինքնազոհութեան
մօտեցող
այս
ռոմանթիք
առաքինութիւնը
հայ
զինուորին՝
եղերական
ձեւով
մը
իրական
մնաց
մինչեւ
այսօր։
8.
–
Երկիրը:
Փարպեցի
կու
տայ
մեր
երկրին
ընդհանուր
դիմագծութիւնը
նշանաւոր
գլուխով
մը
(երբ
Արշակ
Գ.
կը
խորհի
լքել
Այրարատը)։
Անիկա
դասական
ժուժկալութեամբ
մը
աչքէ
կ՚անցնէ
այն
մասնաւոր
գիծերը,
որոնց
ամբողջութեամբը
ձեւացած
է
Հայաստանը։
Շնորհալի,
կորովի,
սրտագրաւ
համադրութիւնն
է
անիկա
այն
«դրախտագեղ»
երկրին,
որուն
ուխտուած
ուրացողները
եղանք
մեր
պատմութեան
սկիզբէն
մինչեւ
հիմա։
Փարպեցի
արտաքին
ու
հռետորական
նկարագրութենէն
չ՚ախորժիր։
Բայց
գիտէ
պատրուակ
ստեղծել
մեզի
ցուցադրելու
համար
գեղեցկութիւններ,
որոնք
անփոխարինելի
կը
մնան
երկրէն։