Մեր մատենագիրները (վերլուծումներ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԸ. Այս տիտղոսը կարելի է համեստօրէն ընծայել մարդու մը, որ ինքզինքը կը կարդացնէ նոյնիսկ առասպելներու ցուցադրումին ընդմէջէն։ Անշուշտ դէպքերը անկախաբար թելադրող կրնան ըլլալ եւ գրողի մը բերել կարեւոր նպաստ է Բայց ատկէ դուրս պէտք է հաստատել ընդունակութիւններ նպաստները օգտագործելու։ Ուրեմն՝

1. Պատմելու բնազդը

2. Ընտրութեան ճաշակ

3. Երեւակայութիւն.

4. Կենդանութիւն

 

վերագրումներ են, որ արուեստին կալուածին կը պատկանին։

 

Արդարեւ, այն քիչ բանը, որ ըսուեցաւ վերը, անոր շահեկանութեան մասին, իր նախատարրերը կ՚առնէ արուեստագէտի զգայնութիւնէն. այս զգայնութիւնը գրեթէ կը նոյնանայ մեր Դ. դարու պատմիչներուն նախնականութեան հ ետ՝ աւելի նոր ժողովուրդի մը դեռ չմա շ ած զգալու մէջ զօրաւոր, հ աւատաւոր ձեւը։ (Ուշագրաւ է, որ մեր պատմիչները այնքան ժուժկալ են նշխարներու պատմութեամբը, ու Կաղանկա յ տ ու ացին՝ այնքան առատաբան)։

Յետոյ՝ քրիստոնէական նկարագիրը արտայայտելու այդ շատ մասնաւոր եղանակը, որ արեւելեան է անշուշտ, բայց ոչ զուտ հ այկական, որ բիւզանդական վկայագրութեան կը մօտենայ, բայց անկէ կը զատուի որոշ գիծերով։ Ճիշդ բառ մը չեմ գտնել որակելու հ ամար այդ զգացումը, որը սակայն մեր բոլոր պատմիչներուն խորքը կը կազմէ։

Անոնք՝ որ արեւելեան քրիստոնէութիւնը ուսումնասիրած են, կու տան համադրումներ, որոնք քիչ-շատ կը տարածեն վարդապետութեան հիմնական նկարագիրը, իր ծաւալման աւազաններուն վրայ։ Եգիպտական, սուրիական, յունական ու հ այկական քրիստոնէութիւնները կարելի է զատել իրարմէ։ Բայց ո՞ւր զետեղել այդ հ ոգեկան վիճակը, որ սնուցած է Կաղանկա յ տուացիին զգայնութիւնը, ու անոր հ ետեւանք՝ արուեստը։