Բ.
–
ԳՈՐԾԵՐԸ
Իր
անունով
մեզի
եկած
գործերն
են.
Ընդհանրական.
–
որ
կազմուած
է
Հռոմկլայի
կաթողիկոսարանէն
զանազաններու
ուղղուած
թուղթերէ։
Ճառեր
եւ
Մեկնութիւններ
։
Քերթուածներ.
–
Շարականներէն
դուրս
Շնորհալիի
չափով
խօսքերը՝
«Բանք
չափաւ»,
կը
կազմեն
առանձին
հատոր
մը,
ուր
ամփոփուած
են.
–
1.
Ողբերգութիւն
–
Յիսուս
Որդի,
2.
Բան
հաւատոյ,
3.
Ներբող
Ս.
Խաչին,
4.
Մաղթանք
առ
Ս.
Հրեշտակապետս,
5.
Յաղագս
երկնից,
6.
Խրատք,
7.
Տաղք
–
զանազան
չափերով
–
8.
Գանձք,
9.
Առակներ,
10.
Վիպասանութիւնք
Հայկազեանց:
15000է
աւելի
տող
պարունակող
այս
քերթողական
վաստակը
թերեւս՝
մեր
հին
մատենագրութեան
ամենէն
ծաւալուն
ժառանգութիւնն
է
մեցի
եկած։
ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐ
ԵՒ
ԵՐԳԵՐ
Ընդհանուր
դատում,
–
իբրեւ
ծաւալ
եւ
զանազանութին
այս
գործը
կը
զուգակշռուի
այդ
դարուն
ուրիշ
մեծ
մատենագրի
մը,
Յովհ.
Սարկաւագի
ձգած
վաստակին։
Փափաքելի
էր
անշուշտ,
որը
քերթողականը
ըլլար
նիհար։
Պատմութիւնը
փոխանակ
ըլլալու
տաղաչափութիւն,
հետեւէր
մեր
մատենագրութեան
պատմական
մեթոտին։
Մա՛նաւանդ
բազմատեսակ
եւ
ընդարձակ
ըլլային
իր
ժամանակը
բնորոշող
թուղթերը,
տրուած
ըլլալով
այն
տարածուն
շրջանակը,
ուր
ցրուած
է
այն
ժամանակուան
հայութիւնը,
հարցերը,
որոնք
մեր
ժողովուրդին
ազգային
եւ
կրօնական
գոյութիւնը
կը
շահագրգռեն,
ու
Միջին
դարը,
որմէ
այնքան
քիչ
է
մեր
գիտցածը
իբր
ընտանի,
ներսէն
մանրամասնութիւն։
Չմոռնալ,
որ
ամբողջ
կէս
դար
այս
իմաստուն,
ու
քաղցրահոգի,
հաւատաւոր
ու
ազնուական
միտքը
ծառայած
է
այդ
օրերու
մեր
հոգեւոր
կեդրոնին
մէջ,
նախ՝
իբրեւ
գործակից
կաթողիկոս
իր
մեծ
եղբօրը,
խմբագրելով
բոլոր
թուղթերը,
պատասխանելով
բոլոր
դիմումներուն,
հասնելով
բոլոր
կարիքներուն,
այսպէսով
ներկայացնելով
գերագոյն
առիթներէն
մէկը
մեր
ժողովուրդին
լրիւ
ճանաչումին։
Նարեկի
վանքին
մէջ
արգելափակ
վանականը,
կամ՝
Վենետիկի
վանքին
մէջ
գիրքերով
բանտարկուած
Ալիշան
մը
ի
վիճակի
չէին
մեր
ժողովուրդը
այնքան
ճանչնալու։
Շնորհալի՝
կաթողիկոս.
մըն
է
տակաւին
20
տարեկանին,
երբ
իր
վրայ
առած
էր
Հռոմկլայի
կաթողիկոսարանին
ամբողջ
գործերը
–
կրօնական,
դիւանական,
գրական
մարզերուն
վրայ։
Իր
գործը
համապատասխան
չէ
այդ
գործունէութեան,
ու
այո
իմ
ցաւն
է,
բայց
իր
գործին
մէջ
երակի
մը
ազնուազգի
նկարագիրը
–
հաւատքին
եւ
զգացումին
լարը
այնքան
բացարձակ
գեղեցկութեամբ
կը
ճանչէ
իրեն
մօտեցողին,
որ
իմ
աշխատանքը
կը
դառնայ
սրտի
արարք
մը,
հանդէպ
այդ
բանաստեղծ
կրօնականին։