ԼԵԶՈՒՆ.
–
Կաղանկա
յ
տուացիի
լեզուն
չունի
դասական
(Ե.
դարու)
հ
այերէնին
ճշդութիւնը,
հ
արստութիւնը
բացատրութեանց,
առատութիւնը
ձեւերը
եւ
դարձուածքներու։
Դարձեալ՝
քերականական
օրէնքներու
հանդէպ
ճաշակաւոր
ու
յարգալից
վերաբերումը։
Միւս
կողմէն՝
ինքզինքը
բոլորովին
լքած
լեզու
մըն
ալ
չէ
ան։
Ունի
կենդանութիւն,
փոփոխութիւն
ու
ներդաշնակութիւն,
որոնք
ոճի
յատկութիւններ
չեն
հ
ոս։
Անիկա
իր
ազնուականութիւնը,
պարզութիւնը
կորսնցուցած
բարբառն
է,
որ
երկու
արու
դժբախտ
թաւալումէ
մը
վերջը
տակաւին
բաւական
պահած
է
իր
հ
արազատութիւնը։
ՈՃ.
–
Ոճի
առանձին
ուսումնասիրութիւն
մը
աւելորդ
պիտի
գար
բոլոր
այն
հաւաստումներէն
ետքը,
որոնք
ըսուեցան
վերը:
Բայց
այդ
ամենուն
հետ
անոր
գիրքը
ունի
գրուածքի
(écriture)
մասնաւոր
եղանակ
մը,
որ
ուրիշներուն
մօտ
կ՚որակենք
ոճով։
Երբեք
դանդաղ,
անիկա
շարժուն
բան
մը
ունի
դիրքին
բոլոր
հ
ատուածներուն
մէջ։
Նկարագրող,
պատմող,
քարոզող,
խորհրդածող՝
ամէն
բանի
կը
յարմարի
անիկա։
Առանց
ոճի,
քրոնիկի
փա
յ
լուն
օրինակ
մը։
Ո՛չ։
Այլ
բան
մը,
որ
կը
վարանի
անձնականութեան
եւ
տափակ,
հասարակ
արտայայտութիւններուն
միջեւ:
Ու
ատով
իսկ
կ՚ըլլայ
տեսակ
մը
գրելու
ձեւ,
տեսակ
մը
ոճ,
որ
դասական
խնամքէն,
հ
ռետորական
նպաստներէն,
գիտուն
ճաշակի
մը
ընձեռումներէն
բարեբախտ
ձեւով
մը
չօգտուիր։
Շարժուն,
կենդանի
ոճ
մը,
որ
կը
հ
ագնի
ինքնատիպ
նկարագիր,
զատուելով
մեր
գրականութեան
տիպար
պատմիչներէն,
ինքզինքը
ըլալու
համար։
Դարձեալ
առոյգ,
քիչ
մը
կոշտ
նոյնիսկ,
բայց
միտոտ
ոճ
մը,
որ
կը
յարմարի
այդ
բարբարոս
երկրին։